Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Աւստրիոյ մէջ գործող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պաշտօնական յայտարարութեամբ խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ կիրարկուող ճնշումները եւ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները: Խորհուրդը յստակօրէն յայտնած է իր լիակատար համերաշխութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի ամբողջ քրիստոնէական համայնքին հետ: «Բարձրաստիճան եկեղեցական պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները, կալանաւորումները եւ դատավճիռները յստակ մարտահրաւէր են կրօնական ազատութեան դէմ: Նման միջոցառումները կամայական եւ անհիմն միջամտութիւն են եկեղեցւոյ...

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Միջինարեւելեան մակարդակով, իրադարձութիւններու զարգացման յոռետեսական ուղղութիւններ սկսած են վերստին երեւիլ: Այդ ուղղութիւններէն ոմանք յայտարարողական բնոյթի են, ուրիշներ լրատուական դաշտին կը պատկանին, իսկ ամէնէն ուշագրաւը գետնի վրայ արձանագրուող ռազմաքաղաքական դէպքերն են: Գիտակցելով անշուշտ, որ յայտարարողականն ու իրողականը, ինչպէս նաեւ լրատուականը բոլորովին այլ փաստեր կրնան արձանագրել եւ իրար չհամապատասխանել, այդուհանդերձ այդ բոլորը նկատի ունենալով անհրաժեշտ է փորձ կատարել հետագայ գործընթացներուն վրայ լուսարձակներ...

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2025-ին ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը` «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան: Հըզպալլայի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Ամին Շըրրի, քաղաքական խորհուրդի անդամներ` նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթի, Մոհամետ Ապու Սայիտ Խանսա եւ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

21 հոկտեմբեր 2025-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, Օթթաուա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի հետ: Արամ Ա. կաթողիկոսին կ՛ընկերակցէին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի անդամ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւոր Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի...

Պայրամով. «Դրական Զարգացումներու Շարքին Ուշագրաւ Է Ազրպէյճանի Բեռներու Իր Տարածքով Դէպի Հայաստան Տարանցումը Արտօնելը»

Պայրամով. «Դրական Զարգացումներու Շարքին Ուշագրաւ Է Ազրպէյճանի Բեռներու Իր Տարածքով Դէպի Հայաստան Տարանցումը Արտօնելը»

Մենք արդէն կը տեսնենք 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու դրական արդիւնքները: Այս մասին Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցախնայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: «Այս նախաձեռնութեան իրականացումը տնտեսական օգուտ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երկիրներուն, իսկ Հայաստանը կրնայ դառնալ տարանցիկ երկիր», նշած է Պայրամով: Ան ըսած է,...

Թրամփ. «Փութինի Հետ Անօգուտ Հանդիպում Ունենալ Չեմ Ուզեր»

Թրամփ. «Փութինի Հետ Անօգուտ Հանդիպում Ունենալ Չեմ Ուզեր»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Հնդկաստանի վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեցի առեւտրական թղթածրարը»: «Հնդկաստանը մեծ քանակութեամբ ռուսական քարիւղ պիտի չգնէ եւ ան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալով հետաքրքրուած է», ըսաւ ան: Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Համասը վատ կազմակերպութիւն է, եւ կարելի է անոր շատ արագ վերջ տալ, եթէ (Կազայի) համաձայնութիւնը չյարգէ»: «Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն ունինք եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի` հայ համայնքի կառոյցներու շրջագայութիւնը կը շարունակուի: Այս նախաձեռնութեամբ, Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը մօտէն կը հետեւի կառոյցներու գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմք կը ստեղծէ համագործակցութեան հարթակի մը: Այս ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Արծիւ...

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Կաշառք ստանալու համար մեղադրուող Գիւմրիի քաղաքապետը կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով, համայնքի ղեկավարի լիազօրութիւններն ալ կասեցուեցան: Հակափտածութիւն դատարանը Վարդան Ղուկասեանի խափանման միջոցի հարցը քննած է ամբողջ գիշեր, որոշումը երէկ առաւօտեան հրապարակուեցաւ, փաստաբան Զարուհի Փոստանջեան դատաւորի որոշման մանրամասնութիւններուն տակաւին ծանօթ չէր, կը սպասէ ամբողջական բնագիրին, որպէսզի բողոքարկէ, ձեռքին միայն դատարանի երկու էջնոց որոշման թուղթ մը կար: Հակափտածութիւն կոմիտէն, իրենց պնդումով, փտածութեան յանցագործութեան բացայայտման մասին նախանցեալ օր յայտարարեց, ասոր զուգահեռ ուժայինները մտան Գիւմրիի քաղաքապետարան եւ ժամեր անց ձերբակալեցին Վարդան Ղուկասեանը: Իրաւապահները կը յայտարարեն, թէ Ղուկասեանն ու քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետը քանդման ենթակայ շուրջ 1500...

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Ստորեւ կու տանք հայրենի «Հրապարակ» օրաթերթի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունիի հետ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նախաձեռնել էր «Հայկական սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հայրենիքը» թեմայով հանդիպում, որին մասնակցել են սփիւռքի տարբեր համայնքների ներկայացուցիչներ: Ելոյթներով հանդէս են եկել ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Բագրատունին, Մուրատ Փափազեանը, Սեւան Դանիէլեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը: Յակոբ Բագրատունին իր ելոյթում...

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցին վստահեցուցած է, թէ Մոսկուան իր դիրքորոշումը չէ փոխած եւ կը շարունակէ Ալասքայի վեհաժողովի ընթացքին գոյացած հոլովոյթը: Լաւրով Եթովպիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Թիմոթիոսի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Ուքրանիոյ մէջ անմիջական զինադադարը կը նշանակէ, թէ այդ երկրին մեծամասնութիւնը պիտի մնայ նացիներու վերահսկողութեան տակ»: «Ռուպիոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կացութիւնը...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Շրջանին մէջ դաշնակիցները զիս տեղեակ պահեցին, թէ զինուորական մեծ ուժի մը մուտք գործելն եւ մեզ հետ իր համաձայնութիւնը խախտելուն պարագային Համասը պատժելը պիտի ողջունեն»: «Դաշնակիցներուն եւ Իսրայէլի փոխանցեցի, թէ տակաւին Համասի դէմ զինուորական միջամտութիւն կատարելու ժամանակը չեկաւ», նշեց Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Յոյս կայ, որ Համաս ճիշդ բանը ընէ, եւ եթէ ատիկա չընէ,...

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Ներհայաստանեան իրադարձութիւններու թէժացումը կը թուի պայմանաւորուած ըլլալ քանի մը ուշագրաւ հանգամանքներով: Ա.- Ուաշինկթընեան հռչակագիրէն եւ այնտեղ կայացած պայմանաւորուածութիւններէն ետք, ընդդիմադիր դաշտին նկատմամբ իշխանութիւններուն առած քայլերն ու բռնաճնշումները նոր թափ հաւաքած են: Այս կը նշանակէ, որ նոյեմբեր 9-ի վերափոխումը օգոստոս 8-ի, ուղղակի-անուղղակի մղիչ գործօն հանդիսացած է այս քաղաքականութեան կոշտացումին: Բ.- 2026-ի համապետական ընտրութիւններուն ընդառաջ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ընդդիմադիր դաշտը...

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Երէկ առաւօտեան Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը ձերբակալելու համար իրաւապահներէն շուրջ վեց ժամ պահանջուեցաւ: Ի վերջոյ Ղուկասեանին ոչ թէ քաղաքապետարանի գլխաւոր մուտքէն հանեցին, ուր մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կենտրոնացած էին, այլ յետնամուտքէն եւ տեղափոխեցին Երեւան` Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէ: Կոմիտէէն փոխանցեցին, որ «Գիւմրի համայնքի ղեկավարին նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան»: Համաձայն կոմիտէի հաղորդագրութեան, Վարդան Ղուկասեան եւ եւս...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիային յղեց նամակ մը Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան սպասուող այցելութիւնը նկատելով չափազանց կարեւոր իր պարունակած համակեցութեան ու խաղաղութեան պատգամին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ քրիստոնէութեան ծննդավայր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար աջակցութեան արտայայտութեան եւ յոյսի պատգամին համար: Հայ դատի մարմինը այս առիթով Լեւոն ԺԴ. պապին ուշադրութիւնը հրաւիրեց մշակութային այն ցեղասպանութեան վրայ,...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Սուրիան իր դրացիներուն հետ, ներառեալ Իսրայէլը եւ Թուրքիիան, յարաբերութիւնները բնականոնացնելուն ճամբով իր կայունութիւնը վերագտնելով դարձաւ Իսրայէլի հիւսիսային անվտանգութեան առաջին հիմնաքարը, իսկ երկրորդ հիմնաքարը պէտք է ըլլայ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը եւ Իսրայէլի հետ ապահովական ու սահմանային բանակցութիւններու սկսիլը»: «2024 թուականի թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութիւնը, որուն հովանաւորը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընն էր, եւ որ...

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կազայի մէջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարը տակաւին ի զօրու է»: «Համասի ղեկավարութիւնը որեւէ խախտումի մեղսակից չէր», ըսաւ Թրամփ` խախտումին համար այպանելով «շարժումին մէջ կարգ մը ըմբոստներ»: «Յամենայն դէպս, խնդիրին նկատմամբ պէտք եղած վարուելակերպը պիտի ցուցաբերուի: Անոնց հետ խստութիւն պիտի ցուցաբերուի, սակայն պատշաճ կերպով», աւելցուց ան: Սպիտակ տան ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ զինադադարը տոկայ`...

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

19 հոկտեմբեր 2025-ը իբրեւ յիշատակելի ու պատմական օր պիտի ամրագրուի հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ ընդհանրապէս եւ եկեղեցական տոմարին մէջ յատկապէս: Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ երէկ` կիրակի, 19 հոկտեմբերին պարզած պատկերը տարբեր խորհուրդ եւ հնչեղութիւն ունէր: Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն հազարաւոր հաւատացեալներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն, համախմբուած էին ներշնչուելու եւ լիցքաւորուելու սրբադասման արարողութեամբ, նաեւ իրենց աղօթքներով ու աղերսանքով...

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 17 հոկտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ կայացած է «Հայկական սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ հայրենիքը» նիւթով հանդիպում մը, որուն մասնակցած են հայրենիքի մէջ հաստատուած տարբեր սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Շրջանային զարգացումներու եւ հայկական համայնքներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս  եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Բագրատունին, Մուրատ Փափազեանը եւ...

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Շաբաթ օր Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Մեր ձեւով» շարժման հանրահաւաքը` ի զօրակցութիւն կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ու հոգեւորականներու: Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց. «Այսօր «Մեր ձեւով» շարժումը կը սկսի երրորդ շարժումը` Հայաստանի վատ շրջանի աւարտի շարժումը եւ վերակառուցման շարժումը»: Կարապետեանը շարունակեց. «Մեր պայքարը պիտի ըլլայ խաղաղ, բայց հետեւողական: Մենք հետեւողականօրէն պիտի երթանք առաջ. ինչքան հետեւողականօրէն յարձակին մեր եկեղեցւոյ...

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

19 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման մասնակցելու նպատակով Հռոմ գտնուող Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն 18 հոկտեմբերի կէսօրին այցելեց Հայ կաթողիկէ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանն ու Սուրբ Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցին: Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ բարձրաստիճան հիւրերու ընկերակցութեամբ կատարուած շրջագայութենէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում մը: Այս առիթով արտասանած իր...

Page 66 of 795 1 … 65 66 67 … 795

Արխիւներ