Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Եւ Օմանի Սուլթանին Միջեւ Բանակցութիւններու 2-րդ Փուլ

December 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Օմանի Ալամ պալատին մէջ գումարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Օմանի սուլթան Հայսամ Պըն Թարեքի միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ օմանեան պատուիրակութիւններուն:

Օմանի սուլթանը երեքշաբթի գիշեր Ալամ պալատին մէջ պաշտօնական ընթրիք սարքած էր ի պատիւ նախագահ Աունին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Ընթրիքի ընթացքին ելոյթ ունեցան մեծ երգիչներ, որոնց շարքին` Ֆէյրուզ:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Աուն երեքշաբթի օր Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեան երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Օման` ընդառաջելով Օմանի սուլթանին հրաւէրին:

Բանակցութիւններու երկու փուլերէն ետք հրապարակուեցաւ օմանեան-լիբանանեան միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ շեշտը դրաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային, դրամատնային եւ զբօսաշրջական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցներու եւ գումակային ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ կապերու ամրապնդման կարեւորութեան վրայ:

Երկու կողմերը անհրաժեշտ նկատեցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախագահութեամբ Մասքաթի մէջ օմանեան-լիբանանեան միացեալ յանձնախումբի առաջին նիստի շտապ գումարումը եւ որոշեցին աշխատանք տանիլ ստորագրելու նոր համաձայնութիւններ ու փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ընդլայնեն փոխադարձ առեւտուրը, մշակութային եւ գիտական փոխանակումները, ինչպէս նաեւ սեփական մարզին աւելի մեծ դեր տրամադրել տարբեր ոլորտներու մէջ ստեղծուած առիթներուն մէջ ներդրում կատարելու:

Միացեալ հաղորդագրութիւնը պահանջեց անմիջապէս դադրեցնել Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, լիբանանեան ու արաբական բռնագրաւեալ հողերէն հեռանալ եւ աջակցիլ մագլցումը արգիլելու, կայունութիւնը հաստատելու, գաղթականներու տունդարձը դիւրացնելու եւ վերաշինութեան միջազգային ջանքերուն:

 

Նախորդը

Սէուտական-Չինական-Իրանեան Միացեալ Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ` «Պաղեստինի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումը Անմիջապէս Դադրեցնելու»

Յաջորդը

Զելենսքի Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Պայմաններու Ապահովման Պարագային Ուքրանիոյ Մէջ Ընտրութիւններ Կազմակերպելու

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.