Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Օման` «Կը Ձգտինք Բանալ Գործընկերութեան Նոր Հորիզոններ, Որոնք Համընթաց Կ՛ըլլան Արագացող Զարգացումներուն» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

December 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պէյրութի ժամանակացոյցով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ երկօրեայ այցելութեամբ հասաւ Օման:

Օդակայանին մէջ ան ընդունուեցաւ սուլթան Հայսամ Պըն Թարեքի, պաշտպանութեան հարցերով փոխվարչապետ նախարար Շահապ Պըն Թարեք Ալ Սահիտի, արքունիքի դիւանի նախարար Խալետ Պըն Հալալ Սուպահիտիի եւ սուլթանի գրասենեակի նախարար Սուլթան Պըն Մոհամետ Նուհմանի, ներքին գործոց նախարար Համուտ Պըն Ֆայսալ Պուսահիտի, արտաքին գործոց նախարար Պատր Պըն Համատ Պուսահիտի, աշխատանքի նախարար Մահապ Պըն Սահիտ Պահուի եւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան դոկտ. Ահմատ Պըն Մոհամետ Պահիտի կողմէ:

Նախագահ Աուն Օման հասնելէ ետք յայտնեց, որ ուրախ է Սուլթանի հրաւէրին ընդառաջելով երբայրական Օման այցելելով:

«Այս այցելութիւնը Լիբանանը Օմանին կապող պատմական եղբայրական յարաբերութիւններու խորքին հաստատում մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք կը հպարտանանք այս իւրայատուկ յարաբերութիւններուն համար, որոնք ամրօրէն հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ շինիչ գործակցութեան վրայ:

«Անհամբեր կը սպասենք այս այցելութեան ընթացքին քննարկելու տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար տնտեսական, առեւտրական, ներդրումային, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները, (…) ինչպէս նաեւ կը ձգտինք բանալ գործընկերութեան նոր հորիզոններ, որոնք համընթաց կ՛ըլլան արագացող զարգացումներուն», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Այս առիթով կը գովաբանեմ եղբայրական Օմանի կողմէ շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու մէջ սուլթան Հայսամ Պըն Թարեքի իմաստուն ղեկավարութեամբ խաղացած իմաստուն ու պատասխանատու դերը:

«Օմանի քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է երկխօսութեան, միջնորդութեան, հաւասարակշռութեան եւ բարի դրացնութեան վրայ, անոր ապահոված է առանձնայատուկ դիրք եւ կարեւոր դեր կայունութեան խթանման եւ տագնապներու խաղաղ լուծման գործին մէջ:

«Մենք Լիբանանի մէջ բարձր կը գնահատենք այս իմաստուն մօտեցումը եւ կ՛արժեւորենք սուլթանութեան կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութեան դիրքորոշումը տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ անոր համերաշխութիւնը մեզի հետ` մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու գործին մէջ», աւելցուց ան:

«Լիբանանը իր աշխարհագրական իւրայատուկ դիրքով, մշակութային բազմազանութեամբ եւ քաղաքակրթական ժառանգութեամբ, կը ձգտի ըլլալ հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան կամուրջ եւ գործօն գործընկեր` անվտանգութեամբ, կայունութեամբ եւ բարգաւաճումով բնութագրուող շրջան կառուցելու գործին մէջ:

«Վստահ եմ, որ այս այցելութիւնը պիտի տայ շօշափելի արդիւնքներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան մեր երկու երկիրներուն եւ եղբայրական ժողովուրդներուն համար, եւ որ Լիբանանի եւ Օմանի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան նոր էջ պիտի բանայ», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Լը Տրիանի Հետ Իր Հանդիպումին Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Կը Մերժենք Այն Ամբաստանութիւնները, Թէ Բանակը Լիթանիէն Հարաւ Իր Դերը Ամբողջական Կերպով Չի Կատարեր»

Յաջորդը

Արաղչի Այցելեց Պաքու

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.