Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

December 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց:

Ցոյցին նպատակն էր միջազգային կառոյցներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ոտնահարուած իրաւունքներուն:

Երիտասարդները կը պահանջէին, որ ՄԱԿ-ի պատասխանատուները գործուն քայլերու ձեռնարկեն հայ գերիներու վերադարձին ուղղութամբ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Միրօ Սարգսեան անգլերէնով ուղերձ յղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային կառոյցներուն:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան Վահան Յովհաննիսեան ազգային-քաղաքական դպրոցի պատասխանատու Տարօն Ղազարեան յայտարարեց. «Երկու տարիէ աւելի մեր հայրենակիցները Պաքուի բանտին մէջ պատանդառութեան մէջ են, եւ մենք ՄԱԿ-էն ու միւս միջազգային կառոյցներէն կը պահանջենք իրապէս հետամուտ ըլլալ մարդասիրական իրաւունքի գործադրութեան, պատանդառուած մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ ազատ արձակման»:

«Մենք հետեւողականօրէն կը հետապնդենք այս խնդիրը, եւ սա մեր առաջին բողոքի ցոյցը չէ: Մեր պահանջը միայն ՄԱԿ-ին ուղղուած չէ, այլ նաեւ բոլոր այն միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք ունին յանձնառութիւն: Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ եւ կրկին տեղի կ՛ունենան: Ասոնք կազմակերպութիւններ են, որոնք ունին յանձնառութիւն եւ ամէն առիթով կը խօսին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու մասին, ունին բազմաթիւ լծակներ, որոնցմով կրնան ճնշումներ բանեցնել Պաքուի վրայ», ըսաւ Տարօն Ղազարեան:

Ցոյցի աւարտին երիտասարդները իրենց պահանջները ներկայացնող նամակ փոխանցեցին ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչին:

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ռազմավարական Օրակարգին` Զուլֆուղարով. «Փաշինեանի` Խաղաղութեան Օրակարգին Աջակցելուն Մասին Յայտարարութիւններու Անկեղծութեան Վերաբերեալ Կասկածներ Կը Յառաջանան»

Յաջորդը

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.