Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)

December 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հետ կը զուգակցուի Դաշնակցութեան անկախութեան առաջադրանքը: Հանրապետութեան հիմնադրում եւ անկախութեան հռչակում երկու անքակտելի առաջադրանքային ուղղութիւններ են, որոնք շարունակած են առանցքայնօրէն յատկանշել այս կուսակցութիւնը:

Անհիմն են բոլոր այն ամբաստանութիւնները, որոնք կ՛ուզեն այսօր Դաշնակցութիւնը տեսնել հակաանկախական ուժերուն շարքին` զայն ներկայացնելով իբրեւ 1991-ի անկախութեան դէմ դիրքորոշուած ուժ եւ մանաւանդ այս օրերուն  գերիշխանութիւնը զիջելու պատրաստ կազմակերպութիւն:

Այս մեղադրանքները շրջանառութեան մէջ դնողները ոչ միայն ՀՅԴ Ծրագիրի հիմնադրոյթներուն անհաղորդ են, այլ նաեւ պատմութիւնը թիւրընթերցողներու շարքին կը պատկանին: Անկախ Հայաստան ստեղծած կուսակցութիւնը այսօր կը մեղադրուի հակաանկախականութեամբ:

Նպատակը այս յերիւրանքներուն զուտ ընտրական են: Շրջաբերականէ առնուած եւ ընդհանուր բնագիրէն կտրուած հատուածներու իւրովի եւ քաղաքական մեկնաբանութիւններով կը փորձուի հանրային կարծիք ձեւաւորել  եւ արուեստական երկուութիւններ ստեղծել անկախականներու եւ հակաանկախականներու, գերիշխանութեան պահապաններու եւ ռուսական գաղութի վերածել ձգտողներու, եւ նման կեղծ հակադրութիւններով ընտրարշաւներ կազմակերպելու:

1988-ի արցախեան եւ ապա անկախական շարժումի գաղափարական հենքը տասնամեակներ տեւող ժամանակաշրջանի վրայ կառուցուեցաւ Դաշնակցութեան դաւանած գաղափարախօսութեան հիման վրայ:

Դաշնակցական մամուլի գաղտնի ընթերցումները, գաղափարական գրականութեան ընդյատակեայ տարածումը խորհրդային օրերուն նախապատրաստեցին հետագայ անկախական շարժումը: Օրին եւս, զգուշացման եւ արկածախնդրութեան յորձանուտներուն մէջ չներքաշուելու կոչերը թարգմանուեցան իբրեւ հակաանկախականութիւն:

Նման վարկածներ առաջ քշողները կամովին անտեսեցին այն փաստը, որ արցախեան շարժումի ակունքներուն կանգնած Դաշնակցութիւնը Արցախի ազատագրումը նպատակ դարձնելով ըստ էութեան ոչ միայն կ՛ազատագրէր ու կ՛անկախացնէր Արցախը, այլ նաեւ այդպիսով անվտանգային հիմնական երաշխիք կը ստեղծէր անկախանալիք Հայաստանի Հանրապետութեան:

Մայիսեան հերոսամարտերը կերտեցին առաջին  անկախ հանրապետութիւնը:  Արցախեան ազատամարտերը կերտեցին Արցախի եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնները: Հայաստանի վերանկախացումը:

Այս գոյամարտերուն առանցքային դեր ստանձնած էր Դաշնակցութիւնը: Այս կերպ հիմնադիր դառնալով մեր ժամանակակից բոլոր անկախութիւններու կերտումին:

Զուր են այն բոլոր փորձերը ուրեմն, Դաշնակցութիւնը ներկայացնելու իբրեւ անկախութեան հակադրուած ուժ: Պատմութիւնը իր վճիռը տուած է վաղուց եւ Դաշնակցութեան տուած անկախակերտ հանգամանք:

Դաշնակցութիւնը իբրեւ անկախակերտ ուժ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը անկախութեան պահպանման ուղղութեամբ: Անշեղօրէն եւ հաւատարիմ` իր Ծրագիրին, իր էութեան եւ իր գաղափարախօսութեան:

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Դեկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.