Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սայտայի մէջ «Մաքասետ» բարեսիրական միութեան նախագահ Մոհամետ Ֆայեզ Պըզրին, որուն կ՛ընկերակցէին վարչական խորհուրդի անդամներ Պիլալ Քիլոն, Հիշատ Ժրատին, Սանտես Զիտանն ու Իմատ Պաասիրին:
Պատուիրակութիւնը նախարարին հետ քննարկեց Սայտայի մէջ «Մաքասետ» միութեան վերաբերեալ տարբեր հարցեր եւ ներկայացուց անոր գործունէութիւնն ու ծրագիրները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի մարմնակրթութեան:
Անոնք նաեւ ծանօթացան նախարարութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ գնահատեցին նախարարութեան արձանագրած յաջողութիւնները:
Պայրագտարեան Ընդունեց Պասքեթպոլի Եւ
Ֆութպոլի Ֆետերասիոններուն Նախագահները
Պայրագտարեան իր գրասենեակ հրաւիրեց Թալալ Մաքտիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հիշամ Հայտարն ու Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապին եւ անոնց ներկայացուց Լիբանանի ողիմպիական յանձնախումբին շուրջ տագնապի փուլերն ու մանրամասնութիւնները: Տագնապը սկսած էր 2021 թուականին, եւ հարցերու կուտակումը պատճառ դարձաւ, որ երկու անջատ ողիմպիական յանձնախումբեր յառաջանան, երբ նախարարին եւ խորհրդարանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիայի փոխզիջումնային լուծում յառաջացնելու ջանքերը ձախողեցան:
Պայրագտարեան ներկայացուց այն իրաւական անհերքելի տուեալները, որոնք նախարարութիւնը մղեցին անոնցմէ մէկուն վարչական տեղեկանք տրամադրելու, ուստի եւ ճանչնալու:
Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է որոնել լուծում մը, որ կը պաշտպանէ լիբանանեան մարմնակրթութիւնն ու մարզիկները եւ մէկ ընտանեկան կառոյցի իսկական հիմքեր կը հաստատէ:
Նախարարը առաջարկեց կազմութիւնը Մաքտիսիի գլխաւորութեամբ եւ Հայտարի ու Հալապիի ճամբով Լիբանանի մէջ մեծագոյն երկու ֆետերասիոնները` պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնները ներառող յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ լուծումի տարազ գտնել:
Պայրագտարեան իր հիւրերուն յայտնեց, որ այս քայլը կը վայելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի ամբողջական հովանաւորութիւնը, անոր նպատակը մշակելն է լուծում մը, որ հիմնուած է արդարութեան, միասնականութեան եւ առաքինութեան վրայ, եւ լիբանանեան մարմնակրթութեան իսկական պատկերի ձեւաւորման կը յանգեցնէ:
Պայրագտարեան Մաքտիսիին, Հայտարին եւ Հալապիին յայտնեց անոնց հանդէպ, մարմնակրթական ընտանիքի միասնականութեան նկատմամբ անոնց նախանձախնդրութեան հանդէպ ամբողջական վստահութիւնը եւ զանոնք լիազօրեց գոյութիւն ունեցող տագնապին լուծում գտնելու:


