Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղուան Վարդանեանը` ՀՅԴ Ընտրական Կեդրոնական Գրասենեակի Պետ

Յունուար 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_11517

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան 2 ապրիլին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի գլխաւորէ ՀՅԴ ընտրական կեդրոնական գրասենեակը:

«Ա1+»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ այս պահուն ընթացքի մէջ է նախապատրաստական փուլը եւ այդ աշխատանքները արդէն մօտ մէկուկէս ամիս է` սկսած են. «Ձեւաւորուած է կեդրոնական նախընտրական գրասենեակ, ձեւաւորուած են 13 ընտրատարածքային գրասենեակներ: Մեր ընտրատարածքային գրասենեակներու պատասխանատուները ճանչցուած, յայտնի, դաշնակցական բոլոր գործիչներն են: Լուրջ աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ` ենթայանձնախումբերու ձեւաւորման ուղղութեամբ: Իւրաքանչիւր տեղամասի շուրջ կը ձեւաւորենք մեր խումբերը: Մենք հանգիստ, խաղաղ կ՛աշխատինք»:

Տասներորդական Հարց Է, Թէ Ո՛վ Կ՛ըլլայ Վարչապետը

«Ա1+»-ի հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով ներքաղաքական հարցերուն եւ մասնաւորապէս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ասուլիսին, որուն ընթացքին վերջինս ներկայացուց իր գործունէութեան 100 օրը, Աղուան Վարդանեան նշեց, որ  թէեւ ծանրաբեռնուած եղած է եւ չէ  կրցած  ամբողջութեամբ հետեւիլ ասուլիսի բոլոր մանրամասնութիւններուն, սակայն կը պատրաստուի աւելի հանգամանալից ծանօթանալ ներկայացուած ցուցանիշներուն:

Աղուան Վարդանեան նախ եւ առաջ առանձնացուց վարչապետին կողմէ դրսեւորուած նման լայնածաւալ հաշուետուողականութիւնը, զոր դրական գնահատեց. «Ակնյայտ է, որ տարբեր ուղղութիւններով բաւական գործ կատարուած է եւ ոչ միայն բաւարար, այլ նոյնիսկ աւելին: Այո՛, արդիւնքները տակաւին տեսանելի չեն, սակայն փոքրիկ ու շօշափելի են: Այն, որ խանդավառութիւն, եռանդ ու ոգեւորուածութիւն կայ, ծրագիր, նպատակ կայ,  եւ նաեւ ապագային միտուած քայլեր, այս առումով ես լիովին բաւարարուած եմ: Գոնէ ընկերային-տնտեսական մարզերուն մէջ յառաջիկային մենք շատ աւելի մեծ փոփոխութիւններու շատ աւելի մեծ ակնկալիք ու յոյս կ՛ունենանք: Ամէնէն կարեւորը` լաւատեսութեան հիմքեր ստեղծուին, որ փոխանցուի նաեւ հասարակութեան շատ աւելի լայն շերտերու: Գիտէք` շատ դժուար է այս յոռետեսութեան, ոչնչացման այս մթնոլորտին մէջ ապրիլ. բնական ապրելու համար մարդ պէտք է լաւատես ըլլայ»:

Աղուան Վարդանեան գոհ է նաեւ վարչապետի` Ազգային ժողովին հետ համագործակցութենէն, ինչ կը վերաբերի Կարէն Կարապետեանի արձագանգին` յառաջիկայ Ազգային ժողովի որակական կազմին հետ կապուած, Աղուան Վարդանեանը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Ազգային ժողովը նոր Սահմանադրութեամբ պիտի ըլլայ երկրի կարեւորագոյն հաստատութիւնը, եւ պատգամաւորներուն գոնէ գերակշիռ մասը պէտք է ըլլան իսկապէս ազգային-պետական մտածողութեան կրող, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի շահը ամէն բանէ վեր դասող մարդիկ: «Մանաւանդ երբ Ազգային ժողովին մէջ ունենանք 1/3 ընդդիմութիւն, որ  միշտ զգօն պահէ, վերահսկէ, իր լիազօրութիւնները իրականացնէ: Մեր հասարակութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Ազգային ժողովի պատկերէն  կախեալ է իր ապագան: Այս ընտրութիւններուն վստահաբար  ընտրակաշառք եւ վարչական միջոցներու օգտագործում պիտի ըլլայ, սակայն մարդը պէտք է մտածէ իր ապագային, իր երկրին մասին: Ես վստահ եմ` Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները սկսած են, Հայաստանը այսօր ճիշդ ընթացքի մէջ է, եւ ատիկա հետագային Հայաստանին պիտի բերէ նոր որակ. պիտի ունենանք ներգաղթ, ոչ թէ արտագաղթ, պիտի ունենանք բարեկեցութեան աստիճանական բարձրացում, սակայն ասիկա աշխատանք կը պահանջէ: Ասիկա կը պահանջէ ոչ թէ աջ ու ձախ հայհոյել, ուրիշները վարկաբեկել, այլ աշխատանք` նպատակի, հանրութեան, քաղաքացիին համար»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) 16-րդ համագումարին յայտարարած էր, որ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, եթէ ՀՀԿ-ն յաղթէ, ապա վարչապետի իրենց թեկնածուն պիտի ըլլայ Կարէն Կարապետեանը: Այդ նպատակով ըստ օրէնսդրութեան` վերջինս պէտք է ունենայ առնուազն վերջին 4 տարիներուն Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութեան տեղեկանք, ինչ որ Կարէն Կարապետեանի պարագային խնդրայարոյց է, քանի որ ըլլալով Հայաստանի քաղաքացի` վերջին տարիներուն ան  բնակած է Ռուսիոյ մէջ: Պայմանը պարտադիր է նաեւ ՀՀԿ ցուցակին մէջ  ընդգրկուելու համար:

Արդեօք 2018-ին Կարէն Կարապետեանի` վարչապետ մնալու հանգամանքը կասկածի տակ պիտի չդրուի՞, Աղուան Վարդանեանը կոչ ուղղեց սպասել 2018-ին, ժամանակը ցոյց կու տայ. «Ատիկա ինծի համար տասներորդական հարց է. թող այս առաջադրուած խնդիրները ընթացք, դրական լուծում ստանան, դրական ուղղութեամբ երկիրը ընթանայ, իսկ թէ 2018-էն ետք  ո՛վ կ՛ըլլայ վարչապետը… եթէ պահպանուի ուղղութիւնը, եթէ  որակական փոփոխութիւններ կատարուին, արդէն տասներորդական հարց է, թէ ով կ՛ըլլայ վարչապետը: Բնականաբար, ո՛վ ալ ըլլայ, այդ ուղղութիւնը շարունակող պէտք է ըլլայ: Ինչ կը վերաբերի բուն թեքնիք խնդիրներուն` ես կը կարծեմ` ատիկա իրաւական խնդիր է ու 2018-ին, երբ համապատասխան փաստաթուղթերը ներկայացուին, ի յայտ կու գայ` վարչապետը կը բաւարարէ՞ այդ պայմանները, թէ՞ ոչ»:

 

 

Նախորդը

Բանակը Կը Պարտադրէ Իր Հակակշիռը

Յաջորդը

Թուրք Երեսփոխանները Փայլանի` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսքը «Դաւաճանութիւն» Որակած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?