Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ. Դաշնակցութեան Խմբակցութիւնը Դէմ Քուէարկեց Սահմանադրութեան Նախագիծին

January 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tavit_11717

20 թեր, 7 դէմ, 1 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ 17 յունուարին տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընդունուած է Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը հանրաքուէի դնելու մասին օրէնքը:

Նախագիծին թեր քուէարկած են «Հայրենիք» եւ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւնները, դէմ` «Դաշնակցութիւն» եւ «Վերածնունդ» խմբակցութիւնները: «Շարժում-88» խմբակցութեան ղեկավար Էդուարդ Աղաբեկեան յայտարարած է, որ չի  կրնար թեր քուէարկել, ուստի ձեռնպահ պիտի քուէարկէ:

Նախքան քուէարկութիւնը, Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները ներկայացուցած են Արցախի նոր սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերեալ իրենց տեսակէտները:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հետեւեալ տեսակէտը ներկայացուցած է Արցախի նոր սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերեալ. «ՀՅԴ-ն նորանկախ մեր զոյգ հանրապետութիւններում պարբերաբար հանդէս է եկել նախաձեռնութիւններով կառավարման համակարգը կիսանախագահական կամ նախագահական համակարգից խորհրդարանականի վերածելու: Հայաստանում դա յաջողուեց 2015 թուականին, որը խթան հանդիսացաւ Արցախի Հանրապետութիւնում եւս նմանատիպ գործընթաց սկսելու:

«ՀՅԴ Արցախի կառոյցը 2016 թուականի փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղում մեկնարկած սահմանադրական բարեփոխումների նախաձեռնողներից մէկն էր: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի կողմից ստեղծուած մասնագիտական յանձնաժողովի կողմից 2016 թուականի օգոստոսին հրապարակուեց նոր սահմանադրութեան նախ հայեցակարգը, իսկ նոյեմբերին` նաեւ նախագիծը:

«Անցած մէկ տարուայ ընթացքում բազմաթիւ քննարկումների ու խորհրդակցութիւնների արդիւնքում ի յայտ եկան քաղաքական դաշտի կարեւոր դերակատարների մօտեցումներն ու սկզբունքները նախ հայեցակարգի, ապա բուն սահմանադրութեան նախագծի վերաբերեալ:

«Սահմանադրութեան թէ՛ հայեցակարգի եւ թէ՛ նախագծի վերաբերեալ ՀՅԴ-ն հրապարակաւ ներկայացրել է իր տեսակէտները` յոյս ունենալով ներազդելու ընթացող գործընթացներին:

«ՀՅԴ համոզմամբ, կառավարման համակարգի փոփոխութիւնները պէտք է գործեն ի նպաստ իրաւական, ժողովրդավարական, ինքնիշխան պետութեան նոր փուլի կայացման, եւ ընկալելի ու ընդունելի լինեն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործին աջակցող ուժերի եւ միջազգային կառոյցների համար: Նկատենք նաեւ, որ մէկ միասնական հայրենիք ունենալու հայութեան տեսլականը իրագործելու նպատակով այսօր կարիք ունենք ստեղծելու իրաւական, քաղաքական, տնտեսական նոյնօրինակ դաշտ: Դա հայութեան ուժերը մէկտեղելու նոր հեռանկարներ է ուրուագծում:

«Սահմանադրութեան նախագիծը, որ ներկայացուած է քննարկման, չի համապատասխանում այդ հրամայականներին: Մեզ անհրաժեշտ է երկիրն օժտել կառավարման այնպիսի համակարգով, որը համապատասխան լինի մեր երկրի ու ժողովրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրների դիմակայմանը եւ քաղաքակիրթ աշխարհին համարկմանը:

«Այդպիսի համակարգը ՀՅԴ պատկերացմամբ, համամասնական ընտրութիւններով կառավարման խորհրդարանական համակարգն է: Սահմանադրութեան նախագծով առաջարկւում է գերկենտրոնացուած նախագահական համակարգ:

«Քննարկման ենթակայ սահմանադրութեան նախագծով նախատեսուող կառավարման համակարգը, որեւէ երկրում գործող կառավարման համակարգի հետ աղերսներ չունի, որն աւելի է խորացնում թերահաւատութիւնը տուեալ փաստաթղթի նկատմամբ:

«Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը, անկախ իր դիրքորոշումից եւ ունեցած վերաբերմունքից, մասնակցել է սահմանադրական բարեփոխումների բոլոր հանգրուաններին, մասնագիտական յանձնաժողովին ներկայացնելով իր առաջարկների գրաւոր փաթեթը: Յանձնաժողովի կողմից ընդունուել են որոշակի առաջարկներ, սակայն առանցքային քաղաքական նշանակութեան առաջարկութիւններն այդպէս էլ մնացին թղթի վրայ:

«ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին այդպէս էլ չյաջողուեց սեփական համոզմունքներն ու ընկալումները դարձնել ինչպէս մասնագիտական յանձնաժողովի, այնպէս էլ քաղաքական գործընկեր կուսակցութիւնների դիրքորոշում:

«Ընկալելով ստեղծուած իրավիճակը եւ գիտակցելով երկրի ապագայի հանդէպ մեր պատասխանատուութիւնը, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը ներկայացուած սահմանադրութեան նախագծին քուէարկելու է դէմ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Սահմանադրութեան նախագիծին դէմ քուէարկած են ՀՅԴ խմբակցութեան 6 պատգամաւորները եւ Արցախի «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան պատգամաւոր Հայկ Խանումեան:

Այս մասին «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուած է, որ իրենք սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին ներկայացուցած են 36 առաջարկներ, որոնցմէ միայն քանի մը հատը ընդունուած է:

«Ընդունուած հարցերուն մէջ քաղաքական առաջարկներ չէին, աւելի մասնագիտական ձեւակերպումներ էին` դատաիրաւական համակարգին, տեղական ինքնակառավարման, Ազգային ժողովի եւ նախագահի տեղակալի ժամկէտի ընտրութեան, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներուն առնչուող, եւ ներածական բաժինի քանի մը առաջարկներ են, որոնք հիմնականին մէջ ընդունուած են մեր ներկայացուցածներէն», ըսած է ան:

Իշխանեան Դաշնակցութեան դէմ քուէարկելը բացատրեց այն հանգամանքով, որ իրենք կողմնակից էին կիսանախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգին անցում կատարելուն:

«Կառավարման համակարգի եւ համաժամանակեայ ընտրութիւններու հարցերը, որոնք բաւական լուրջ քաղաքական բաղադրիչ կը պարունակեն, այն հիմնական առանցքային հարցերն են, որոնց առնչութեամբ չկրցանք համաձայնութեան գալ: Երբ տակաւին 2014 թուականի օգոստոսին նախագահին եւ մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ հրապարակուեցաւ սահմանադրութեան հայեցակարգը, պարզ դարձաւ, որ այդ հայեցակարգով կը նախատեսուի կառավարման գերկեդրոնացեալ նախագահական համակարգ, իսկ մեր մօտեցումները այլ էին: Մեր պատկերացումներով` կիսանախագահական համակարգէն պէտք է անցնէինք համամասնական ընտրակարգով խորհրդարանական կառավարման համակարգի, որ պիտի ըլլար արդիւնաւէտ, պիտի համապատասխանէր ներկայի հրամայականներուն, պիտի բխէր նաեւ թէ՛ Արցախի հիմնահարցէն, թէ՛ երկրին առջեւ ծառացած տնտեսական ու քաղաքական մարտահրաւէրներէն, ինչպէս նաեւ մեր պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման հարցէն», շեշտած է Իշխանեան:

Ըստ անոր, թէեւ իրենք դէմ քուէարկած են սահմանադրութեան, սակայն ատիկա չի խոչընդոտեր Արցախի խորհրդարանի բնականոն աշխատանքները, իսկ տարբեր կարծիքներ ունենալը բնական է եւ տրամաբանական:

«Երբ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց փոփոխուած ընտրական օրէնսգիրքին, ատիկա չխանգարեց ոչ միայն մեր համագործակցութեան, այլ նաեւ բնականոն գործունէութիւն ապահովելու հոլովոյթին», դիտել տուած է պատգամաւորը:

Նախորդը

«Ռուսիան Որոշիչ Դեր Ունեցաւ Ապրիլեան Դէպքերու Դադրեցման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ֆորմիւլա-1. Պոթթաս Միացաւ Մերսետեսի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.