Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանտր Լափշինի Ազատ Արձակման Պահանջով Նախաձեռնութիւններ

Յունուար 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Alexander_11317

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնն ու «Նիկոլ Աղբալեան»  ուսանողական միութիւնը 13 յունուարին հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած են 15 դեկտեմբերին Մինսքի մէջ, Ազրպէյճանի պահանջով ձերբակալուած, Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինի ուղղուած մեղադրանքին` առանց Ազրպէյճանի թոյլտուութեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն համար:

Ազրպէյճանը զայն ներառած է իր սեւ ցանկին մէջ, եւ դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած է` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարման մեղադրանքով:

Զոյգ միութիւնները արդարացիօրէն կը պահանջեն, որ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները տուրք չտան Ազրպէյճանի կեղծ եւ ստայօդ պահանջին եւ յարգեն ազգերու ինքնորոշման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան իրաւունքը:

«Կ՛ուզենք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել 2 սեպտեմբեր 1991-ին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրին` իրաւական փաստաթուղթին վրայ, որ հիմնուած է Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի` «Խորհրդային Միութեան կազմէն միութենական հանրապետութիւններու  դուրս գալու կարգի մասին» օրէնքին վրայ: Իսկ արդէն 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցած է հանրաքուէ, որուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բնակչութեան 99 առ հարիւրը քուէարկած է անկախութեան օգտին:

«Կոչ կ՛ուղղենք Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն` անաչառութեամբ եւ համակողմանիօրէն մօտենալու այս հարցին եւ տուրք չտալու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մտացածին պահանջին», նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւն եւ «Նիկոլ Աղբալեան»  ուսանողական միութիւն յայտարարութեան մէջ:

Այլ յայտարարութեամբ մը, զոյգ միութիւնները տեղեկացուցած են, որ 16 յունուարին պիտի կազմակերպեն բողոքի ցոյց` Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց` ի պաշտպանութիւն Ալեքսանտր Լափշինի:

 

Նախորդը

Վանի Պատմական Հայկական Տուները Ոչնչացման Եզրին Են

Յաջորդը

Քուրց Կը Խոստանայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Լիակատար Աջակցութիւն Ցուցաբերել Մինսքի Խմբակին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?