Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 18 յունուարին Հայաստանի նախագահին զեկուցած է հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան մարզերու ներկայ վիճակին, կրթութեան համակարգին մէջ բարեփոխումներու ընթացքին, տակաւին առկայ խնդիրներուն եւ հանրապետութեան մէջ որակաւոր կրթութեան կարելիութիւնը հաւասարապէս բոլորին հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքին ու նորարարական ծրագիրներուն մասին: Նախագահը այս հարցերու քննարկման անհրաժեշտութեան անդրադարձած էր անցեալ տարեվերջին կրթութեան մարզի պատասխանատուներուն հետ «Քուանտ» վարժարան կատարած այցելութեան ատեն:
Հանրապետութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձած է նաեւ կրթութեան մարզի ձեռքբերումներուն, անոնց մէջ կարեւորագոյնը նկատելով այն, որ տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է Հայաստանի «կրթական ժամացոյցը» պահել անխաթար: Ատիկա, ըստ նախարարին, Հայաստանի Հանրապետութեան թոյլ կու տայ աշխարհին մէջ հանդէս գալ իբրեւ կրթական տարածք, որ կը ներառէ մանկապարտէզէն մինչեւ հանրակրթութիւն, բարձրագոյն կրթութիւն եւ գիտութիւն:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին համաձայն, աւանդական գերազանցութեան կեդրոններուն զուգահեռ աւելցած են նորարարական լուրջ կրթական ծրագիրները: Եղած հիմքին վրայ, նախարարին համաձայն, կարելի է ձեւաւորել գերազանցութեան կեդրոններ: Խօսքը ուղղելով նախագահ Սարգսեանին, նախարար Մկրտչեան ըսած է. «Մենք երկու մեծ խնդիր ունինք, որոնց մասին դուք նշած էք: Մէկը աւագ դպրոցի խնդիրն է եւ անցումը հանրակրթութենէն դէպի մասնագիտական կրթութիւն, միւսը` բարձրագոյն կրթութենէն դէպի գիտութիւն եւ դէպի աշխատաշուկայ անցնելու խնդիրը, որ պայմանական կ՛ըսենք` մագիստրանտական կրթութիւն», ըսած է նախարարը` հանգամանօրէն անդրադառնալով վերոնշեալ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Նախագահը դիտել տուած է, որ այս բոլորը չեն նշանակեր, որ հանրակրթութեան մարզին մէջ խնդիրներ չկան` դիտել տալով, որ գերազանց արդիւնքներ ունեցող եւ միջազգային մակարդակի վրայ մրցանակներու տիրացած աշակերտներուն առկայութիւնը պէտք չէ ստեղծէ այնպիսի կացութիւն, որ միւս աշակերտներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը նուազի: «Դպրոցին նպատակը, կը կարծեմ, ոչ միայն փայլուն գիտնական, բժիշկ, ուսուցիչ, տիեզերագնաց կամ գործարար պատրաստելն է, այլեւ գերագոյն նպատակը` ընտանիքի հետ միասին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի պատրաստելն է` հայրենասէր, աշխատասէր, օրինապահ», ըսած է նախագահը` աւելցնելով, որ պէտք է միշտ ի մտի ունենալ այն, թէ մարդկութեան բոլոր չարիքներուն արմատը տգիտութեան մէջ է:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան լուսարձակի տակ առած է նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան ժամանակակից չափանիշներուն հետ քայլ պահել, «վստահաբար, պէտք է ե՛ւ վերաբերմունքի, ե՛ւ աշխատավարձի առումով տարբերին միւսներէն, իրենց աշխատանքն ալ պէտք է չափանիշ ըլլայ»: Ան շեշտը դրած է նաեւ մարզերուն եւ հեռաւոր շրջաններուն մէջ կրթական մակարդակին ուշադրութիւն դարձնելու կարեւորութեան:
Նախարարին զեկուցումէն ետք հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է ձեւաւորել մասնագիտական խումբ, որ վեց ամսուան ընթացքին պիտի ներկայացնէ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան համակարգի բարեփոխումներու հիմնական դրոյթները, որոնց իրագործումը կարելիութիւն պիտի տայ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ ունենալ աշխարհի բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու քարտէսին վրայ իրենց արժանի տեղը ունեցող կրթական հաստատութիւններ: