Երէկ` ուրբաթ, 13 յունուար 2017-ին, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախարար Աւետիս Կիտանեան ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Միքայէլ Վայէճեան, անդամներ Սեդրակ Քիւրէճեան, Լեւոն Բարսեղեան եւ Վիգէն Թոսունեան:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորեց նախարար Աւետիս Կիտանեանը` զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարութեան ծրագիրներուն: