Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով  Երկրին Մէջ Տիրող Տօնական Մթնոլորտը Բարձրացուց  Կառավարութեան Կազմութեան Դրական  Հոլովոյթին Համեմատութիւնը

Լիբանանի Անկախութեան 73-Ամեակին Առիթով Երկրին Մէջ Տիրող Տօնական Մթնոլորտը Բարձրացուց Կառավարութեան Կազմութեան Դրական Հոլովոյթին Համեմատութիւնը

Երկու տարի շարունակ Անկախութեան տօնին անշուք նշումէն եւ զինուորական տողանցքի բացակայութենէն ետք, երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ մեծ շուքով նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, իշխանութեան նախկին պետերուն, որոնցմէ բացակայեցաւ հանրապետութեան նախկին...

Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային  Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան  Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Պաշտօնապէս Կեանքի Կոչուեցաւ Ազգային Միացեալ Վարժարանը Լիբանանահայութեան Միտքի Ու Հոգիի Նորագոյն Դարբնոցը

Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Երէկ երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը, հոգիի ու միտքի դարբնոցը եւ մնայուն աւիշ հայթայթող հաստաբուն կաղնին: Երէկ` չորեքշաբթի, 23...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օծման  Եւ Գահակալութեան 20-Ամեակին Առիթով.  Հայաստանի Ազգային Ակադեմական  Երգչախումբի Հանդիսաւոր Ելոյթը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օծման Եւ Գահակալութեան 20-Ամեակին Առիթով. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբի Հանդիսաւոր Ելոյթը

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին ելոյթը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի: Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Հաշէօլեան, որ յայտնեց, թէ այս ելոյթը իր...

«Ազդակ»-ի ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ Դառնալէն Ետք  Առաջին Խմբագիր Լեւոն Գարմէնի  Անունը Կրող Խմբագրասենեակի Բացում

«Ազդակ»-ի ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ Դառնալէն Ետք Առաջին Խմբագիր Լեւոն Գարմէնի Անունը Կրող Խմբագրասենեակի Բացում

Ներկայութեամբ ազգային եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու սեղմ շրջանակի երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի յարկին տակ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ իրադարձութիւն մը, երբ բացումը կատարուեցաւ 50 տարի առաջ «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօնի ստանձնման համար յատուկ Իրաքէն Լիբանան գործուղուած եւ կարճ ժամանակ ետք մահացած դաշնակցական գործիչ, մտաւորական, բանաստեղծ, հրապարակագիր Լեւոն Գարմէնի (Ստեփանեան) անունը կրող խմբագրասենեակին: Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան...

Խմբագրական.   Շրջել Ազդեցութեան Գօտիներու  Տարրալուծարային Իրավիճակը

Խմբագրական. Շրջել Ազդեցութեան Գօտիներու Տարրալուծարային Իրավիճակը

Լիբանանի Անկախութեան տօնին նշումը համեմատաբար աւելի գօտեպնդիչ եւ յուսադրիչ պայմաններու մէջ կը կայանայ: Նախագահական աթոռի թափուր մնալը լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը զրկած էին նաեւ ա՛յս տօնը համալիբանանեան տարողութեամբ նշելու տարրական պարտաւորութենէն եւ իրաւունքէն: Հիմա, նորընտիր նախագահով եւ նոր նշանակուած վարչապետով, բայց տակաւին չկազմուած կառավարութեամբ, լիբանանեան պետական համակարգը կը դիմաւորէ լիբանանեան բանակի շքերթը: Միայն այնտեղ չէ, որ Անկախութեան օրուան հիմնական տօնակատարութիւնը...

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը,  Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը  Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը, Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ նշեց, որ տարիներէ ի վեր Լիբանան կ՛ապրի պատերազմական վիճակով յատկանշուած շրջանի մը մէջ: Այդ տագնապները սկսած էին վարչակարգերու բարեկարգումի կարգախօսներ արծարծող պահանջատիրական շարժումներով, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան բռնարարքներու, եւ ապա` զինեալ բախումներու, որոնք արտաքին ուժերուն առիթ տուին վերահսկողութեան ենթարկելու արաբ ժողովուրդներուն...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակին  Վրայ Տօնածառի Եւ Նոր Տարուան  Զարդարանքներու Լուսաւորում

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Հրապարակին Վրայ Տօնածառի Եւ Նոր Տարուան Զարդարանքներու Լուսաւորում

21 նոյեմբերին` Լիբանանի Անկախութեան տօնին նախօրեակին եւ Նոր տարուան սեմին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ Պուրճ Համուտի թաղամասերու տօնական զարդարանքներու լուսաւորում: Նախաձեռնութեան կազմակերպիչն էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատի քաղաքապետ  Անթուան Ժպարա, Զալքայի քաղաքապետ Միշել Ասաֆ Մըր,...

«Նոազ Արք»-ի 20-Ամեակին Նուիրուած  Եւ «Քսան Տարի Եւ Աւելի Քան» Խորագրեալ  Իւրայատուկ Ցուցահանդէսի Բացում

«Նոազ Արք»-ի 20-Ամեակին Նուիրուած Եւ «Քսան Տարի Եւ Աւելի Քան» Խորագրեալ Իւրայատուկ Ցուցահանդէսի Բացում

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ «Նոազ արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Նոազ արք» ցուցասրահին կազմակերպած յատկանշական եւ արուեստի ընտրանիով յագեցած ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Կեդրոնական Պէյրութի (Սոլիտեր) ոսկերիչներու շուկային մէջ: «Քսան տարի եւ աւելի քան» խորագրեալ ցուցահանդէսին ծիրին մէջ հայ թէ օտար արուեստասէր հանրութեան...

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Նախագահը Այցելեց «Ազդակ»

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահը Այցելեց «Ազդակ»

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան երէկ այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում ունեցաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ: Քննարկուեցան Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: «Ազդակ» այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ Գասպար Կարապետեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցի ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դաշնակցութեան`  Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւններու Հանդիպումը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դաշնակցութեան` Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւններու Հանդիպումը

Շաբաթ, 19 նոյեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող շարք մը խնդիրներ: Հանդիպումէն ետք Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը նշեց, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութեան տարեկան ծրագիրով նախատեսուած է տարեկան երկու հանդիպում: «Արցախի Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ`...

Լիբանանի Անկախութեան Սեմին  Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կը Մնայ Արգելակուած

Լիբանանի Անկախութեան Սեմին Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Արգելակուած

Լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն ճշմարտութիւնը եկաւ հաստատելու, որ այս երկրին մէջ լաւատեսութիւնն ու քաղաքական համախոհութիւնը չեն կրնար երկարատեւ ըլլալ: Փաստը այն է, որ Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին սեմին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած, մինչդեռ բոլորին յոյսերն ու ճիգերը ուղղուած էին նախքան Անկախութեան տօնը կառավարութեան նոր կազմի յայտարարութեան: Սակայն ինչ որ Անկախութեան տօնի սեմին չպատահեցաւ, կրնայ Անկախութեան տօնի նախօրեակին, այսինքն` այսօր պատահիլ,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի  Գահակալութեան 20-Ամեակի Պատարագ  Եւ Հայրապետական Մաղթանք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 20-Ամեակի Պատարագ Եւ Հայրապետական Մաղթանք

«Այսօր Բոլորս` Հոգեւորական Թէ Աշխարհական, Անշահախնդիր Ծառայութեամբ Կերտենք Մեր Հեղինակութիւնը» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Երէկ առտու Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով բացումը կատարուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով ազգային առաջնորդարանի կազմակերպած յոբելենական ձեռնարկներու շարքին: Սուրբ պատարագին ներկայ եղած հանրութիւնը առիթը ունեցաւ ըմբոշխնելու Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի երգեցողութիւնը` ղեկավարութեամբ հանրածանօթ մայեսթրօ...

Դաշնակցական Նուիրեալ Գործիչ  Արա Տէմիրճեանի Մարմինը  Յանձնուեցաւ Հողին

Դաշնակցական Նուիրեալ Գործիչ Արա Տէմիրճեանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Շաբաթ, 19 նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական նուիրեալ գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ գործավար Արա Տէմիրճեանի Ազգային թաղումը: Նախքան Մայր տաճար հասնիլը, յուղարկաւորութեան թափօրը ուղղուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներու անձնակազմերը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին բազմավաստակ ընկերոջ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր...

Դաշնակցական Ուսանողներ  Եւ Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Քրտամէտ  Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  Կուսակցութեան Զօրակցութեան  Նուիրուած Ցոյցին

Դաշնակցական Ուսանողներ Եւ Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Զօրակցութեան Նուիրուած Ցոյցին

Երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն խումբ մը մասնակցեցաւ Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զօրակցութեան ցոյցի մը: Ցոյցը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ գործող քրտական «Նեւրուզ» ընկերային-մշակութային կազմակերպութեան կողմէ: Ցոյցին մասնակցեցան քրտական տարբեր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ: Էրտողանի բռնատիրական վարչակարգին դէմ կազմակերպուած ցոյցը սկիզբ առաւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Պշարա Խուրի հրապարակէն:...

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

Արա Տէմիրճեան ծնած է Քեսապ, 18 յունուար 1948-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Պէյրութի Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականը: Հետեւած է ՀՅԴ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն, Հրաչ Տասնապետեանի կնքահայրութեամբ` 1968-ին անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն: Անդամակցած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ հանդիսացած է ԶՈՄ-ի ատենապետ:...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Կառավարութեան Գործունէութիւնը  Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծ

Բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ անոնց հետ կապ ունեցող անձերը, որոնք չեն կրնար հիմնաւորել, թէ ինչպէ՛ս հարստացած են, յառաջիկային պիտի ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան: Այս առնչութեամբ նախագիծ վաւերացուած է: Այս մասին կը գրէ Սարգիս Յարութիւնեան: 18 նոյեմբերի կառավարութեան նիստին համաձայնութեան արժանացաւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող նախագիծը, ըստ որուն, եթէ յայտարարագիր ներկայացնող պաշտօնեայի կամ անոր ընտանիքի անդամին կարողութիւնը մէկ տարուան ընթացքին առնուազն...

Ռուստամեան. «Ձեւակերպում Կար  Ղարաբաղի Հետ Կապուած,  Որ Մեզի Համար Անընդունելի Էր»

Ռուստամեան. «Ձեւակերպում Կար Ղարաբաղի Հետ Կապուած, Որ Մեզի Համար Անընդունելի Էր»

Երէկ խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ պարզաբանումի մը, որ չէր վերաբերեր քառօրեային, սակայն անոր մեծ տեղ յատկացուցած էր ազրպէյճանական մամուլը վերջերս տեղի ունեցած դիտարկումի յատուկ յանձնախումբի գործունէութեան ընթացքին: Ազրպէյճանական մամուլը ներկայացուցած էր, թէ իբրեւ այդ յանձնախումբի նիստին ժամանակ կանխուած է հայ պատգամաւորի մը սադրանքը: «Եւ այդ պատգամաւորը ես եմ: Որեւէ սադրանք եթէ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Նախորդ տարիներուն նման, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը պիտի կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով ընթացան համահայկական դրամահաւաքներէն գոյացած գումարներով Վարդենիս - Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն աւարտէն եւ «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրի նախաձեռնումէն ետք, այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին աւերուած շրջաններու վերակառուցման նպատակին: Շարունակելով հանդերձ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Կրթանպաստի Յանձնախումբ.  Հարիւրաւոր Աշակերտներ Ստացան  Իրենց Կրթանպաստները

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կրթանպաստի Յանձնախումբ. Հարիւրաւոր Աշակերտներ Ստացան Իրենց Կրթանպաստները

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու եւ աշակերտներու: Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սիւզան Օհանեան: Ան իր խօսքին մէջ...

Նախագահ Սարգսեան.  «Իսքանտեր»-ը Հակաթոյն Է»

Նախագահ Սարգսեան. «Իսքանտեր»-ը Հակաթոյն Է»

  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է ռուսական «Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային լրատուական գործակալութեան, որուն գլխաւոր տնօրէնը` Տմիթրի Քիսելէովը վարած է զայն: Այս մասին կը գրէ Յովհաննէս Մովսիսեան: Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ հայկական կողմը կ՛ընդունի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց ատիկա ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին չի հակասեր: Ըստ անոր, ղարաբաղեան խնդիրը քանի մը անգամ մօտեցած է լուծման, եւ տարածքային ամբողջականութեան...

Page 663 of 796 1 … 662 663 664 … 796

Արխիւներ