Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը չի կրնար տեղի ունենալ բռնի ուժի միջոցով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` 2016-ի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուշադրութիւն հրաւիրած է տագնապին հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած բանաձեւերուն վրայ` նշելով, որ տագնապի լուծումը պէտք է ըլլայ առանց ուժի կիրարկման եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին յստակացումով:
«Ասիկա ամրագրուած է այն փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք մշակուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ` համանախագահներուն միջոցով, ամրագրուած է բազմաթիւ յայտարարութիւններու մէջ, զորս ընդունած են համանախագահող երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները, ինչպէս նաեւ այն յայտարարութիւններուն եւ փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք ընդունուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կողմէ: Վէճերու խաղաղ կարգաւորումը արձանագրուած է այնտեղ ոչ երկիմաստութեամբ», նշած է Լաւրով:
Ան խիստ ահազանգող նկատած է ապրիլ 2016-ի իրադարձութիւնները:
«Ռուսիան որոշիչ դեր ունեցաւ արիւնահեղութեան դադրեցման հարցին մէջ: Մենք համաձայնած ենք Վիեննայի մէջ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին, ապա Ռուսիոյ նախագահ Փութինը յունիս 2016-ին անոնց հետ համաձայնութեան եկած է Փեթերսպուրկի մէջ, որ հաշուի առնելով փոխադարձ մեղադրանքները, անհրաժեշտ է ստեղծել դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմ, աւելցնել ԵԱՀԿ-ի դիտորդներուն թիւը շփման գիծին վրայ: Դէպքերու հետաքննութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսուած է նաեւ 2011-ին, երբ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը տեղի կ՛ունենար Ասթրախանի մէջ: Դժբախտաբար այդպիսի տարրական բանը` դէպքերու հետաքննութիւնը եւ դիտորդներու թիւի յաւելումը, չի կրնար կեանքի կոչուիլ, որովհետեւ տակաւին համախոհութիւն չկայ», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ռուսիան Դէմ Է Ռուս Պլոկըրի` Ազրպէյճանի Արտայանձնումին
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ 2016-ի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը դէմ է Պիելոռուսիայէն յայտնի ռուս պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի` Ազրպէյճանի արտայանձնումին:
«Մենք դէմ ենք լրագրողի կամ մասնաւոր անձերու կողմէ այս կամ այն շրջանին մէջ այս կամ այն տարածք այցելութեան քրէականացման: Մենք դէմ ենք նաեւ անոր, որ այս կամ այն երկրին մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ քաղաքացիները արտայանձնուին երրորդ երկրի: Մենք հիւպատոսի միջոցով կապուած ենք պարոն Լափշինի հետ: Գիտենք, որ ան միաժամանակ Իսրայէլի քաղաքացի է, եւ իսրայէլացի դիւանագէտները եւս անոր հետ կապի մէջ եղած են: Պիտի ձեռնարկենք բոլոր միջոցներուն այս կացութիւնը կարգաւորելու` ամբողջութեամբ յարգելով Ռուսիոյ քաղաքացիի իրաւունքները», ըսած է Լաւրով` նշելով, որ իրենք կը պահպանեն կապը Լափշինի հետ:
Յիշեցնենք, որ պիելոռուսական ոստիկանութիւնը 15 դեկտեմբեր 2016-ին ձերբակալած էր Լափշինը, որ կը բնակի Մոսկուայի մէջ եւ կը գրէ ռուսական հեղինակաւոր «Թրավըլ Պլոկ»-ին համար: Ան Ազրպէյճանի կողմէ կը փնտռուի ապրիլ 2011-ին, հոկտեմբեր 2012-ին եւ յունիս 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելելուն, ինչպէս նաեւ իր պլոկին մէջ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:
Ռուսիա Կ՛ակնկալէ, Որ Միացեալ Նահանգներ Մասնակցին
Ասթանայի Միջսուրիական Հանդիպումին
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 2016-ի արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա ճիշդ կը նկատէ ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի ներկայացուցիչները հրաւիրել 23 յունուարին Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն եւ յոյս ունի, որ Ուաշինկթըն ընդունի հրաւէրը:
«Այժմ հանդիպում կը նախապատրաստուի Ասթանայի մէջ: Ճիշդ կը նկատենք ՄԱԿ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմի ներկայացուցիչները հրաւիրել մասնակցելու ատոր», ըսած է ան` աւելցնելով. «Կ՛ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կարենայ ընդունիլ այդ հրաւէրը, որ ան իր փորձագէտներով ներկայացուած ըլլայ կարելի որեւէ մակարդակով»:
«Ատիկա պիտի ըլլայ առաջին պաշտօնական հանդիպումը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ քննարկել Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը», նշած է ան:
«Ռուսիան Ճիշդ Վարուած Է` Որոշելով
Զինուորական Գործողութեան Սկսիլ Սուրիոյ Մէջ»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սերկէյ Լաւրով 2016-ի ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական կողմը վստահ է, թէ ճիշդ վարուած է` որոշելով Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան սկսիլ:
«Մենք վստահ ենք, որ ճիշդ վարուած ենք, երբ դրական պատասխան տուած ենք Սուրիոյ` ՄԱԿ-ի անդամ երկրին օրինական կառավարութեան խնդրանքին, երկիր մը, որուն մայրաքաղաքը երկու-երեք շաբթուան մէջ կրնար գրաւուիլ ահաբեկիչներու կողմէ: Եւ այն, որ յաջողեցանք ետ մղել ահաբեկիչները Դամասկոսէն եւ օգնել սուրիական բանակին ազատագրել Հալէպը, կը կարծեմ, ատիկա շատ կարեւոր է: Կարեւոր է, նախ եւ առաջ, Սուրիան իբրեւ բազմազգ, բազմակրօն, աշխարհիկ պետութիւն պահպանելու համար, ինչպէս ատիկա կը պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը», ըսած է ան:
Ըստ ռուսական դիւանագիտութեան պետին, «անոնք, որոնք վեց ամիս առաջ լուռ կը նայէին, թէ ինչպէ՛ս ՏԱՀԵՇ-ը եւ այլ աւազակներ կը պաշարէին Հալէպը, ի հարկէ, յանցագործութիւն կը գործէին, որովհետեւ ուղղակիօրէն կը խախտէին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը պահանջէր չարտօնել Սուրիան վերածել իսլամական պետութեան»: