«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգստեան Պաշտօն, Ապա Հանդիպում-Հաւաք` Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի
Կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. պատարագի արարողութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիրներուն` Միհրանի, Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք մայրավանքի վեհարանին մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-հաւաք մը, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ...




















