Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր ուղերձներ փոխանակած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով:
Էդուարդ Նալբանդեան իր ուղերձին մէջ գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանայ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ 25 տարին երկու ժողովուրդներու դարաւոր պատմութեան համար ակնթարթ է, սակայն իր անկախութիւնը վերագտած Հայաստանի եւ վերամիաւորուած Գերմանիոյ նորօրեայ պատմութեան մէջ անիկա կը բնորոշէ ամբողջ ժամանակաշրջան մը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու կայացման կարեւորագոյն փուլ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ անոր հիման վրայ կը շարունակեն կառուցուիլ եւ հարստանալ հայ-գերմանական բազմաշերտ կապերը:
Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ նախորդ 25 տարիներուն ընթացքին զարգացած է կապերու բազմաշերտ համակարգ մը, եւ մեր միջեւ առկայ է սերտ համագործակցութիւն` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ: Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր նշած է, որ Գերմանիա կ՛աջակցի Հայաստանի ցանկութեան` նոր հիմքի վրայ դնելու Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները եւ ընդլայնելու զանոնք: Ան ըսած է նաեւ, որ, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, Գերմանիան պիտի շարունակէ աշխատիլ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ աջակցիլ եռանախագահներուն: Շթայնմայեր նաեւ յոյս յայտնած է, որ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը շարունակէ զարգանալ` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ: