Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Նալբանդեանին Եւ Մամետեարովին Հանդիպումի Առաջարկ Ներկայացուցած Են

Փետրուար 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են հանդիպիլ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի նախաշեմին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Եռանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկած են հանդիպիլ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի նախաշեմին: Առաջարկ եղած է նաեւ հանդիպում կազմակերպել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Մենք, ի հարկէ, չենք մերժեր որեւէ հանդիպում: Սակայն ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախարարին հետ հանդիպումին, այս պահուս չեմ կրնար հաստատել», նշեց Նալբանդեան` ընդգծելով, որ յայտնի չէ, թէ այս անգամ ի՛նչ խաղեր կրնայ խաղալ Ազրպէյճան:

«Բան մը կը համաձայնինք, սակայն վերջին վայրկեանին անոնք կը ձեւացնեն, որ ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրնար, նոյնիսկ կը մեղադրեն, որ հայկական կողմը կը հրաժարի հանդիպումէն: Ըսին, որ Համպուրկի մէջ ընդհանրապէս հանդիպում չէ եղած, թէեւ հանդիպումը եղած էր եռանախագահներուն ներկայութեամբ եւ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ», ընդգծեց Նալբանդեան` ըսելով, որ թերեւս նախարարներու մակարդակով հանդիպում ըլլայ, եթէ Ազրպէյճան չհրաժարի:

Նալբանդեան. «Հայաստան Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի
Տագնապի Խաղաղ Լուծման Ուղղուած Բանակցութիւնները»

«Առաջին անգամ չէ, որ Ազրպէյճան կը հրաժարի տարբեր հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն, սակայն բանակցութիւններուն այլընտրանքը չկայ: Հայաստան կը շարունակէ ջանքերը` ուղղուած հանգուցալուծման այնպիսի տարբերակի, որ կ՛ամրապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը: Այս է պատճառը, որ պէտք է շարունակել բանակցութիւնները», ըսաւ նախարարը:

Անդրադառնալով ի պատասխան ազրպէյճանցի լրագրողի հարցումին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը միայն Ազրպէյճանի ներքին խնդիրը չէ, Նալբանդեան նշեց, որ Լաւրովի յայտարարութիւնը յստակ էր եւ ատոր առնչուած այլ բան չ՛ուզեր ըսել: «Այստեղ ես պիտի ուզեմ անդրադառնալ Պաքուի արդարացումներուն, թէ այդ լրագրողը ինքնագլուխ այդպիսի հարցում տուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին: Սակայն այստեղ խնդիրը այն է, որ այդ լրագրողին հարցումը կը կրկնէր Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանին յայտարարութիւնը: Լաւ, ենթադրենք լրագրողը յօրինած էր այդ հարցումը, այդ պարագային ի՞նչ կը նշանակէր դեսպանին յայտարարութիւնը», ընդգծեց Նալբանդեան:

Ան աւելցուց, որ գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճան ապրիլեան պատերազմի օրերուն տարբեր երկիրներու մէջ իր դեսպաններուն միջոցով կը փորձէր կասկածի տակ դնել 1994-1995 թուականներու եռակողմանի զինադադարի համաձայնագիրները: «Այդ օրերուն եռանախագահները ստիպուած եղան Ազրպէյճանին քանի մը անգամ տեղը դնել` յայտարարելով, որ զինադադարի եռակողմանի համաձայնագիրը ուժի մէջ է, եւ կողմերը պէտք է պահպանեն զինադուլը: Ատկէ ետք Ազրպէյճան յայտարարեց, որ Վիեննայի եւ Նիւ Եորքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանները ինքնագլուխ գործած են: Փաստօրէն, անոնք իրենց սուտերուն մէջ այնքան մխրճուած են, որ արդէն չեն հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կրնան դուրս գալ ատոր տակէն: Ատոր համար պարբերաբար կը յայտնուին այսպիսի ծիծաղելի վիճակներու մէջ», եզրափակած է նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգուած Է Թրամփի Ներգաղթի Քաղաքականութեան Վերաբերող Հրամանագիրէն

Յաջորդը

Ակնարկ. 7 Երկիրներու Ցանկին Ետին Տեսանելի Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?