31 յունուար 2017-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ շարունակած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման մարմիններու գնահատուած կատարողականներու եւ կառավարութեան 2016 թուականի գործունէութեան միջոցառումներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու կատարման մասին հաշուետուութիւններու քննարկումը:
2016-ի միջոցառումներու ծրագիրի եւ գերակայ խնդիրներու իրականացման արդիւնքներուն մասին զեկուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան, գիւղատնտեսութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարները, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահը, Սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան պետը:
Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան զեկուցած է, որ հաշուետու տարուան ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան հաւանութեան արժանացած է Հայաստանի 2016-2025 թուականներու տարածքային զարգացման ռազմավարութիւնը, որ կը նախատեսէ տարածքներու մրցունակութեան բարձրացում եւ մարզերու միջեւ առկայ ընկերային-տնտեսական անհամաչափութիւններու մեղմացում: Անոր իրագործման շրջագիծին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան իբրեւ հետեւանք սկսած են 7 շրջանային զարգացման դրամաշնորհային ծրագիրներ` շուրջ 10 միլիոն եւրօ ընդհանուր արժէքով: Համաձայնութիւն տրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 2017-2036 թուականներու կարծր կենցաղային թափօններու կառավարման համակարգի զարգացման ռազմավարութեան: Կատարելագործուած է համայնքներու 5-ամեայ զարգացման ծրագիրի մշակման եւ կառավարման մեթոտաբանութիւնը. 10 յունուար 2017-ի դրութեամբ մօտ 625 համայնքի աւագանի հաստատած է համայնքներու 5-ամեայ զարգացման ծրագիրները: Մշակուած է համայնքներու պիւտճէներու կազմութեան մեթոտաբանութիւնը:
Դաւիթ Լոքեան, խօսելով 2017-ի գերակայ խնդիրներուն մասին, ըսած է, որ տարուան ընթացքին աշխատանքներ պիտի տարուին մարզերու զարգացման ռազմավարութիւններու մշակման, համայնքներուն մէջ մատուցուող տարբեր ծառայութիւնները մասնաւոր հատուածի կառավարման յանձնելու, աղբահանութեան հոլովոյթի կանոնակարգման ուղղութեամբ: Համայնքներուն յանձնարարուած է 2017-ին 20 առ հարիւրով աւելցնել տարեկան պիւտճէները եւ աւելի յստակացնել միջոցներու բաշխումը: Շրջաններու եւ գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ Եւրոպական Միութեան օժանդակութեամբ: Վարչատարածքային բարեփոխումներու ծրագիրի շրջագիծին մէջ պիտի իրականացուին ներդրումային ծրագիրներ ընդլայնուող համայնքներուն մէջ:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատած է տարածքային կառավարման մարզին մէջ վերլուծական խումբի ստեղծումը, որ պէտք է թուայնացնէ տարածքային կառավարման մարզը, յստակացնէ մարզպետներու գործառոյթները` հաւասարակշռելով պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնները: «Անհրաժեշտ է աշխուժութեամբ աշխատիլ մարզպետներուն հետ` մարզերու եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ: Պէտք է համայնքներէն ընտրել յառաջատարները եւ անոնց ամէն ձեւով աջակցիլ: Պէտք է ձեւաւորենք տարածքային կառավարման նոր մօտեցում, 2017 թուականի աւարտին իւրաքանչիւր մարզի եւ համայնքի համար ունենանք յստակ ծրագիր», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է սահմանամերձ համայնքներուն համար մշակել նաեւ կառավարութեան քաղաքականութիւնը` ուղղուած խնդիրներու լուծման եւ աշխատատեղերու ստեղծման: