Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Կառավարութեան Կ՛առաջարկուի Սեփականաշնորհել 47 Պետական Կազմակերպութիւն

Յունուար 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութիւնը, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարութեամբ, Հայաստանի կառավարութեան կ՛առաջարկէ յառաջիկային սեփականաշնորհել հիմնականին մէջ ընկերային մարզին մէջ գործող պետական 47 կազմակերպութիւններ: Վարչութիւնը արդէն կառավարութեան քննարկման ներկայացուցած է «Պետական գոյքի մասնաւորեցման 2017-2020 թուականներու» նոր ծրագիրի նախագիծը:

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետի տեղակալ Աշոտ Մարկոսեան նշած է, որ նոր ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք սեփականաշնորհման դրուած են, սակայն մինչեւ օրս տակաւին չեն սեփականաշնորհուած:

«Վարչապետի յանձնարարականին հիման վրայ մենք կազմակերպած ենք շահագրգիռ եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ, որոնց իբրեւ հետեւանք գտած  ենք այն պետական կազմակերպութիւնները, որոնք աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ տանիլ մասնաւորեցման ճամբով: Այժմ արդէն պատրաստ է նախագիծը, որ ներկայացուցած ենք կառավարութեան եւ կը գտնուի  համաձայնեցման փուլին մէջ: Երբ կառավարութիւնը նախագիծին համաձայնութիւն տայ, անիկա կը դառնայ հանրութեան լայն շրջանակներու քննարկման առարկայ», ըսած է Մարկոսեան: Ան մանրամասնած է, որ այդ կազմակերպութիւնները մասնաւորեցնելու հիմնական եւ առաջնային նպատակը պետական պիւտճէին ծախսերը թեթեւցնելն է:

«Անոնք պետական պիւտճէէն սնող կազմակերպութիւններ են, եւ մեր նպատակն է բարձրացնել անոնց աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը: Մենք պէտք է ընդունինք, որ այդ կառոյցները արդիւնաւէտ չեն գործեր: Մենք 70 տարի ապրած ենք երկրի մը մէջ, ուր ամէն ինչ եղած է պետական: Մեր գիտակցութեան մէջ պետական բաժինը ամուր է եւ շատ դժուար կը վերանայ: Այդ կազմակերպութիւնները կարիքը ունին ներդրումներու: Մասնաւորեցման նպատակներէն մէկը նաեւ ներդրումներ բերելն է: Բոլորիս համար գաղտնիք չէ, որ մենք ունինք վտանգի միջավայր, միջավայր, ուր ներդրումները մեծ չափով չեն գար: Եթէ դուք ուսումնասիրէք Հայաստանի ներդրումային շուկան, կը տեսնէք, որ ներդրումները շատ եղած են, երբ մենք շատ ձեռնարկութիւններ  սեփականաշնորհած ենք: Այսպիսով մենք աշխարհի ոեւէ ներդրողի ցոյց կու տանք մարզը, ուր կարելի է ներդրում կատարել», բացատրած է Մարկոսեան:

Առանց նշելու կազմակերպութիւններուն անունները, ան, այնուամենայնիւ տեղեկացուցած է, որ անոնց մէջ շատ են առողջապահական հաստատութիւնները: Ըստ անոր, այս ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են այն կազմակերպութիւնները, ուր բաւական քիչ է մասնաւորի բաժինը: Այսինքն, այստեղ մեծ է պետական բաժնեմասի կշիռը:

Մարկոսեան յստակացուցած է, որ 5 տարի առաջ հանուած է այն սահմանափակումը, որ գոյքը երեք անգամ մասնաւորեցման դնելէ ետք պէտք է լուծարել, եթէ կարելի չըլլայ սեփականաշնորհել: Այսինքն, որեւէ սահմանափակում չկայ, եւ գոյքը սեփականաշնորհման կարելի է դնել այնքան, որքան նպատակայարմար ըլլայ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի յանձնարարականին հիման վրայ բոլոր նախարարութիւններուն հետ միասին Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան մէջ մշակուած է սեփականաշնորհման նոր ծրագիր, որ արդէն ուղարկուած է կառավարութիւն եւ վերջնական քննարկումէ ետք պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովին:

Նախորդը

Ֆլեշմոպ Արամ Մանուկեանի Տան Դիմաց` Յանուն Պատմամշակութային Արժէքներու Պահպանութեան

Յաջորդը

Հենտպոլ. Ֆրանսա 6-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?