Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուորական Մարզին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Կը Շարունակեն Խորանալ. Թրամփի Օրով Ամերիկեան Ռազմական Համագործակցութիւնը Պիտի Չնահանջէ

January 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քանզաս նահանգի ազգային ջոկատի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Լի Թաֆանելիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար:

Զինուորական մարզին մէջ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն խորանալ, եւ նախագահ Թրամփի վարչամեքենային օրով ամերիկեան կողմը մտադիր չէ հրաժարիլ իր յանձնառութենէն: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Քանզաս նահանգի ազգային ջոկատի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Լի Թաֆանելի:

2002 թուականէն սկսեալ, միջազգային զինուորական ֆինանսաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ  Հայաստանին տրամադրած են 48 միլիոն տոլար:

Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ զինուորական համագործակցութիւնը ամերիկեան կողմէն կը համակարգէ Քանզասի ազգային ջոկատի հրամանատարութիւնը: «Կ՛ուզէի նշել, որ անվտանգութեան մարզին մէջ մեր համագործակցութիւնը սերտ է, քան երբեւէ: Մենք իրապէս շատ ուրախ ենք նման համագործակցութեամբ, որ Հայաստանի հետ առկայ է 2003 թուականէն, եւ իւրաքանչիւր տարի մեր յարաբերութիւններուն, փոխադարձ գործակցութեան որակը կը բարելաւուի», ըսած է զօր. Թաֆանելի:

Ամերիկացի զօրավարը տեսակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են խորացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը:

«Նախարար Սարգսեան ըսած է, որ մենք լայն կարելիութիւններ ունինք քննարկելու երկկողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը: Նախարարը փափաք յայտնեց անդրադառնալ մեր համագործակցութեան որոշ տարրերուն: Մասնաւորապէս, արդէն երկար տարիներ զինուորաբժշկական կարողութիւններու զարգացումը (համագործակցութեան) առանցքային բաղկացուցիչներէն մէկն է:

Մենք նաեւ կ՛աշխատինք զինուորական բժիշկներու պատրաստութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կ՛աշխատինք արհեստավարժ ենթասպայական համակարգ հիմնելու եւ այդ համակարգին աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ: Կ՛աշխատինք նաեւ շարք մը այլ ուղղութիւններով, որոնք փոխշահաւէտ են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քանզաս նահանգին համար», «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է ամերիկացի զօրավարը:

«Ազատութեան» թղթակիցը հարցուցած է նախորդ ապրիլին տեղի ունեցած դէպքերէն ետք հայկական կողմին այն նախաձեռնութեան մասին, ըստ որուն, ամերիկեան կողմին հետ զինուորական-թեքնիք գործակցութեան պիտի սկսի եւ երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին:

«Հայաստանի հետ մեր համագործակցութիւնը այս տարիներուն կայուն եղած է: Որեւէ փոփոխութիւն չենք նկատած: Երկու կողմն ալ յանձնառութիւն ունին` շարունակելու անվտանգութեան մարզին մէջ մեր համագործակցութիւնը, եւ շատ ուրախ ենք այդ մարզին մէջ դերակատարութիւն ունենալու համար», ըսած է զօրավարը:

Հազարապետ-զօրավար Լի Թաֆանելի բացառած է, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրերուն հայ-ամերիկեան զինուորական յարաբերութիւնները նահանջ ունենան: «Շատ դրական են տրամադրութիւնները, համագործակցութիւնը կը շարունակէ խորանալ: Կրկնեմ` մենք շատ հաւատարիմ ենք Հայաստանի հետ մեր համագործակցութեան, եւ ասիկա չի փոխուիր: Ոգեւորուած ենք այն կարելիութիւններէն, որոնք առնչուող ծրագիրներ կան այս տարի: Պիտի շարունակենք մեր համագործակցութիւնը», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Մօտիկ Ապագային Պիտի Յայտարարէ Աղբի Տագնապին Արմատական Լուծման Ծրագիր Մը

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Իրան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.