Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպա, Արաբական Երկիրներ, Աւստրալիա. Կ՛աւելնայ Արցախի Մէջ Ներդրողներուն Թիւը

Փետրուար 1, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ գործարարները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելով, եւ անոնց թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսած է «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) կազմակերպութեան հիմնադիրներէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան:

«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ կը տրամադրուին մատչելի տոկոսներով գիւղատնտեսական վարկեր` անասնապահութեան եւ հողագործութեան զարգացման նպաստելու նպատակով: Այս ծրագիրին մէջ ներդրումներ կատարողները սփիւռքահայեր են` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Լիբանանէն եւ եւրոպական երկիրներէ: Այժմ հետաքրքրութիւն կայ նաեւ Աւստրալիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն», ըսած է Բենիամին Պչաքճեան: Ան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ փուլին կը պատրաստուին այցելել հայկական այլ գաղութներ եւս եւ ներկայացնել Արցախի ներդրումային ծրագիրները` ակնկալելով, որ Արցախի պետութիւնը զարգացնելու ներդրումային ծրագիրին կը միանան նոր գործարարներ:

2010-2016 թուականներուն կազմակերպութեան տրամադրած մատչելի պայմաններով վարկային միջոցներէն օգտուած են աւելի քան հազար ընտանիքներ: Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ 2016 թուականի առաջին ամիսներուն ապրիլեան պատերազմին պատճառով այս հոլովոյթը որոշ չափով դանդաղած է, սակայն տարուան երկրորդ կիսուն արդէն որոշ աշխուժութիւն նկատելի եղած է: Նոյն տարիներուն Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ շուրջ 3,5 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարուած են` գիւղատնտեսութեան զարգացման համար:

«Մենք Արցախի մէջ ունինք մեր ներկայացուցիչը, որ հետեւողականօրէն  դիտարկում կը կատարէ: Գոհունակութիւն կայ, որ այդ վարկերը իրենց նպատակին կը ծառայեն: Ընթացիկ տարուան մարտին կը նախատեսուի Լիբանանի մէջ կազմակերպել ընդհանուր ժողով, որպէսզի հաշուետուութիւն ներկայացնենք մեր գործունէութեան մասին: Արցախի վարչապետը եւս պիտի հրաւիրենք», ըսած է Բ. Պչաքճեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ԱՌԻ-ն արդեօք կը սահմանափակուի միայն գիւղատնտեսութեա՞ն ոլորտով, Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ ծրագիրին մէջ կան Արցախի մէջ փոքր արտադրամասեր ստեղծել, վարկաւորել այդ հոլովոյթը, բայց ծրագիրին համար կարիք կայ լուրջ ուսումնասիրութեան, որ պէտք է պետութիւնը կատարէ:

Կազմակերպութիւնը չի սահմանափակուիր ներդրումային գործարար ծրագիրներով: Անիկա կը կատարէ նաեւ բնակարանաշինութեան ծրագիր: 2016 թուականին այդ ծիրին մէջ Առիաւանի մէջ 25 տուն արդէն տրամադրուած է տէրերուն: Մնացած 25-ը արդէն պատրաստ է, շինարարական աշխատանքները աւարտած են, այս տարի անոնք եւս պիտի յանձնուին տէրերուն: Բնակարանները կը տրուին այն անձերուն, որոնք կ՛ապրին Արցախի մէջ եւ իրենց տուները կորսնցուցած են, մարդոց, որոնք վերաբնակած են, ինչպէս նաեւ զինուորականներու: Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ կազմակերպութեան միջոցներով, ի հարկէ, իր ներդրումը ունեցած է նաեւ Արցախի կառավարութիւնը` ենթակառոյցներու ստեղծման առումով: Բնակարանաշինութեան ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի Կառավարութեան Ներկայացուցած Է 2016-ի Գործունէութեան Ծրագիրի Եւ Գերակայ Խնդիրներու Կատարման Մասին Հաշուետուութիւնը

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?