Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Նոր Սահմանադրութիւն` Յանուն Պետականութեան Ամրապնդման, Ժողովրդավարութեան Եւ Միասնականութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

8 նոյեմբերի 2016-ին հրապարակուած Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախագիծը համահունչ է 16 օգոստոսին հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգին: Հայեցակարգի մասին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցը 29 օգոստոսին հրապարակեց իր տեսակէտը, որուն մէջ նշուած է. «Հայեցակարգին մէջ ներկայացուած առաջարկները կը ստեղծեն գերկեդրոնացուած նախագահական - գործադիր իշխանութիւն, որուն  համար խորհրդարան - օրէնսդիրը ունի միայն ձեւական բնոյթ եւ լիազօրութիւն»: ՀՅԴ Արցախի կառոյցը...

Աղուան Վարդանեան. «Կուսակցութիւնները  Ունին Ելեւմտական Ինքնաբաւութեան Հարց»

Աղուան Վարդանեան. «Կուսակցութիւնները Ունին Ելեւմտական Ինքնաբաւութեան Հարց»

Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին` 28 նոյեմբերին, արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան ներկայացուցած է «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու վերաբերող նախագիծը: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի համաձայն, ակնյայտ է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք քաղաքական առանցքային դերակատար պիտի դառնան կուսակցութիւնները: Սակայն, ակնյայտ է նաեւ, որ քաղաքական կուսակցութիւնները ունին ելեւմտական ինքնաբաւութեան խնդիր. միշտ իշխանութեան մէջ եղած քաղաքական ուժերը կը...

Խոստման Եւ Երդման Արարողութիւն`  ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական  Միութեան 23-Ամեակին Առիթով

Խոստման Եւ Երդման Արարողութիւն` ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 23-Ամեակին Առիթով

27 նոյեմբեր 2016-ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Եռաբլուր» յուշահամալիր-պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան 23-ամեակին առիթով  կազմակերպուած խոստման եւ երդման արարողութիւնը: Ներկաները նախ մօտեցան եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ հերոսներուն շիրիմներուն, ապա տեղի ունեցան զոյգ արարողութիւնները` ՀՅԴ-ի անդամ Արամ Պօղոսեանի շիրիմին շուրջ: 23-ամեակին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարքերը մուտք գործեցին 40 ընկերներ, իսկ միութեան շարքերէն...

Շուշիի Առանձնակի Գումարտակի  Ազատամարտիկները Պարգեւատրուեցան

Շուշիի Առանձնակի Գումարտակի Ազատամարտիկները Պարգեւատրուեցան

Շուշիի առանձնակի գումարտակի կազմաւորման 25-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցող հանդիսաւոր ձեռնարկներու ծիրին մէջ 26 նոյեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց գումարտակի շարք մը ազատամարտիկներ: Ներկայ էին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, սպաներ եւ այլ պաշտօնատարներ: Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ականներ, ինչպէս նաեւ կուսակցական ընկերներ:...

Խմբագրական.   Անթիլիասը` Նաեւ  Պահանջատիրութեան Կեդրոն

Խմբագրական. Անթիլիասը` Նաեւ Պահանջատիրութեան Կեդրոն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներն ու յոբելենական ծրագիրը յատկանշուեցան Պուրճ Համուտի մէջ գործող հայկական կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու  վեհափառին տուած այցելութիւններով: Այցելութիւնները ծանօթացումէն աւելի գնահատանք ու քաջալերանք էին ազգային ծառայութեան կոչուած հասարակական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն եւ զանոնք վարող  ու այդ կառոյցներուն մէջ իրենց ասպարէզը ընտրած բոլոր գործիչներուն...

Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսախօս Երկիրներու  Միջազգային Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

26 նոյեմբերին Անթանանարիվոյի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 16-րդ վեհաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան 84 անդամ, ընկերակից եւ դիտորդ երկիրներու  բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ: Հայաստանը վեհաժողովին կը ներկայացնէր արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Առ ի վաւերացում` Ֆրանսախօս երկիրներու բարձրագոյն մարմինին ներկայացուած են  վեհաժողովի եզրափակիչ հռչակագիրը, Ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը, «Ջուր, խաղաղութիւն, անվտանգութիւն» բանաձեւը,...

«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ  Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ  Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Պուրճ Համուտը Աւելի Քան Երբեք Կենսունակ Եւ Պայծառ Է Մեր Ժողովուրդի Համախումբ Ու Կազմակերպ Ներկայութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանի հայոց թեմին տուած այցելութեան վերջին օրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւորապէս դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, կազմակերպութիւններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն դպրաց դասերուն, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն տիկնանց յանձնախումբերուն, թաղական խորհուրդներուն եւ հոծ բազմութեան կողմէ: ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ  300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի  «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ 300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

Անբնական եռուզեռ մը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին առջեւ… Փոքրիկներու խուռներամ բազմութիւնն է, որ ստեղծած է այս անբնական խճողումը, պատճառը` «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի «Անսխալ գրենք» մրցումն է, որ ամէն տարի նման հանդիպում կը կազմակերպէ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Արդարեւ, երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները, թիւով շուրջ 300 հոգի,...

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան.  ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր Ուրախացո՛ւր» Խորագիրով Ամանորեան Տօնավաճառը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր Ուրախացո՛ւր» Խորագիրով Ամանորեան Տօնավաճառը

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով ուրբաթ, 25 եւ շաբաթ, 26 նոյեմբերին հաստատութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը: Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցած տօնավաճառին պաշտօնական բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որմէ ետք խօսք առաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան: Ան անդրադարձաւ տարեցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած խնամքին, գուրգուրանքին...

Բանակին Գործադրած Տեսակարար  Գործողութեամբ Կարելի Եղաւ Ձերբակալել  Արսալի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «Իշխանը»

Բանակին Գործադրած Տեսակարար Գործողութեամբ Կարելի Եղաւ Ձերբակալել Արսալի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «Իշխանը»

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան արշալոյսին բանակի գաղտնի սպասարկութեան յատուկ ջոկատ մը յարձակում գործած է Արսալի Արանեպ հովիտին մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնին վրայ եւ Արսալի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասին օժանդակութեամբ կրցած է ձերբակալել 11 ահաբեկիչներ: Բանակին կատարած տեսակարար գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած է նաեւ Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «իշխանը»` Ահմետ Եուսեֆ Ամմուն, որ...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի  19-րդ «Թելեթոն»-ին Հանգանակուեցաւ  15.428.777 Ամերիկեան Տոլար

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ «Թելեթոն»-ին Հանգանակուեցաւ 15.428.777 Ամերիկեան Տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն 2016»-ը, որ իրականացաւ «Իմ Արցախ» խորագիրին ներքեւ, արձանագրեց 15.428.777 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներու կառուցման: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի շարունակուին նպատակային ծրագիրները: Յառաջիկայ օրերուն իրենց հանգանակութիւններով թելեթոնին պիտի միանան նաեւ հիմնադրամի տեղական մարմինները...

«Հայրենիքի Համար Նուիրատուութիւնը  Իւրօրինակ Զինուորագրում Է»  Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան

«Հայրենիքի Համար Նուիրատուութիւնը Իւրօրինակ Զինուորագրում Է» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբեկեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ թելեթոնին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, որ  այս առիթով Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի: Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետը խօսած է համահայկական դրամահաւաքի կարեւորութեան մասին` նշելով, որ հայրենիքի համար նուիրատուութիւնը իւրօրինակ զինուորագրում կը  նշանակէ: «Ապրիլեան պատերազմէն ետք առաջին գիծի պաշտպանութեան մէջ նոր վերանայումներ կատարուած են: Բաւական շատ աշխատանք  տարուած է, եւ հակառակորդի խորքային տեղաշարժը այժմ...

Նախագահական Նստավայրին Մէջ  Խորհրդակցութիւն

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Խորհրդակցութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  խորհրդակցութեան հրաւիրած է` նուիրուած Հայաստանի  մաքրոտնտեսական զարգացումներուն եւ 2017-ին պետական պիւտճէի ծրագրային ցուցանիշներուն: Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան ներկայացուցած է 2016-ի տարեկան սպասողական եւ մաքրոտնտեսական ցուցանիշները, պետական պիւտճէի հոսքերը, այդ կարգին` պիւտճէական մուտքերու եւ ծախսերու սպասողական ցուցանիշները, ծրագրուած ցուցանիշներէն շեղումները, անոնց  բացատրութիւնները: Ելեւմուտքի նախարարը ներկայացուցած է նաեւ  2017-ի պետական պիւտճէի ծրագիրի նախագիծը այս փուլին,...

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Ի Նպաստ  Հանգանակութեան Առաջին Հանգրուանին  Գոյացաւ 3 Միլիոն 221.200 Տոլար

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Ի Նպաստ Հանգանակութեան Առաջին Հանգրուանին Գոյացաւ 3 Միլիոն 221.200 Տոլար

Հրայր Սարգիսեան Մասնակից Դարձաւ 1,5 Միլիոն Տոլարով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակին եւ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման առիթներով, տեղի ունեցաւ պաշտօնական կալա-ընթրիք մը, ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Փաւիյոն Ռոյալ-Պիել»-ի մէջ` ներկայութեամբ ազգային, կրօնական, քաղաքական պատասխանատուներու եւ մարմիններու, բարերարներու, բարեկամներու եւ  հոծ բազմութեան: Կազմակերպուած ձեռնարկը անգամ մը եւս ապացուցեց լիբանանահայ գաղութի յանձնառութիւնը, պատասխանատու մօտեցումը...

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յայտարարեց  Հանրապետական Կուսակցութեան  Անդամակցելու Իր Մտադրութիւնը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Յայտարարեց Հանրապետական Կուսակցութեան Անդամակցելու Իր Մտադրութիւնը

Երէկ` կառավարութեան նիստէն առաջ, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամակցելու իր որոշումին մասին: «Այսօր դիմում պիտի գրեմ` ՀՀԿ-ին անդամակցելու համար: Կը կարծեմ` այս որոշումը շատերու համար կանխատեսելի էր եւ տրամաբանական, բայց ես կ՛ուզեմ մեկնաբանել, թէ` ինչու: Առաջին` վարչապետի պաշտօնին ինծի հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Երկրորդ` իւրաքանչիւր կառավարութիւն պէտք է...

«Ռուսերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ  Պետական Լեզու Պիտի Չդառնայ»  Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

«Ռուսերէնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Պետական Լեզու Պիտի Չդառնայ» Կ՛ըսէ Լեւոն Մկրտչեան

Ռուսերէնը Հայաստանի մէջ պետական լեզու պիտի չդառնայ, Հայաստանի Հանրապետութեան  պետական լեզուն հայերէնն է, երկրի անկախութեան հիմնարար արժէքներէն մէկն է եւ փոփոխութեան ենթակայ չէ: Այս մասին երէկ կառավարութեան շէնքին մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Նախարարին համաձայն, նիւթը օտար լեզուներու զարգացման հիմնախնդիրն է, որովհետեւ եթէ Հայաստանը կ՛ուզէ ունենալ գիտակրթական ներուժ, ուրեմն մեր...

Աննախընթաց Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտի  Ազգային, Կուսակցական, Կրթական,  Մշակութային Եւ Բարեսիրական Հաստատութիւնները

Աննախընթաց Խանդավառութեան Մթնոլորտի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային, Կուսակցական, Կրթական, Մշակութային Եւ Բարեսիրական Հաստատութիւնները

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2016-ը նշանակալից եւ պատմական թուական մը պիտի մնայ լիբանանահայութեան յիշողութեան ու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ամբողջ օրուան տեւողութեան իրերայաջորդ այցելութիւններ կատարեց Պուրճ Համուտի հայկական ազգային կառոյցներ, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան եւ իր ներկայութեամբ ու փոխանցած խօսքերով նշեալ կառոյցներու ղեկավարներն ու անձնակազմերը խրախուսեց յաւելեալ աշխատանքի, նուիրումի եւ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ կոչ...

Հայաստան – Լիբանան Երաժշտական  Բարձր Մակարդակի Համագործակցութիւն.  Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը  Ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն

Հայաստան – Լիբանան Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Համագործակցութիւն. Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբը Ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցող համերգներու ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային ակադեմական երգչախումբը ներկայացուց Քարլ Օրֆի «Քարմինա Պուրանա»-ն` Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ: Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ, շատեր ոտքի վրայ կանգնած մնացին` անշարժ ու անշշուկ, մինչեւ ելոյթի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Նախորդ  տարիներուն նման, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը պիտի կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով ընթացած համահայկական դրամահաւաքներէն գոյացած գումարներով Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն աւարտէն եւ «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրի նախաձեռնումէն ետք, այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին աւերուած շրջաններու վերակառուցման նպատակին: Շարունակելով հանդերձ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքները նորակառոյց...

Խմբագրական.   Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով  Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Խմբագրական. Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Միջինարեւելեան երկիրներու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող կազմակերպ աւանդական գաղութներու ապագային նկատմամբ յուսահատական ալիքներ կը փչեն, որոշ իմաստներով հասկնալիօրէն: Հասկնալին բնականաբար կապուած է զինուորական այն լայնածաւալ եւ աշխարհաքաղաքական բնոյթի իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը ստեղծուին հսկայական ճգնաժամեր եւ անոնցմէ բխած ապահովական, մարդասիրական, արտահոսքի, մինչեւ ցեղային զտումներու արհաւիրքային կացութիւններ: Իրապաշտ ըլլալու համար ճիշդ է այն, որ փակուղիէն դուրս գալու լոյսի նշոյլները չեն երեւար...

Page 662 of 796 1 … 661 662 663 … 796

Արխիւներ