Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ ետք լաւատեսութեամբ կը լեցուինք, որովհետեւ ան միշտ լաւատես է: «Կրնանք ըսել, որ Պըրրի ամենայն անկեղծութեամբ եւ լրջութեամբ կը գործէ` օժանդակելու համար վարչապետ...

Սերժ Սարգսեան Արցախ  Եւ Սահմանագիծ Կ՛այցելէ

Սերժ Սարգսեան Արցախ Եւ Սահմանագիծ Կ՛այցելէ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան սպաներու կողմէ: Հայաստանի նախագահին այցելութեան առաջին օրը հայկական երկու հանրապետութիւններուն ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական շրջանին մէջ` հարաւարեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ ներկայ գտնուած են նոր զօրանոցի բացման...

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան  155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան 155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպան Լենի Լինտ, Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ...

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոն

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոն

Երէկ, յետմիջօրէին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի կողմէ: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ՀՄԸՄ-ի կեդրոն իր անդրանիկ այցելութեամբ մօտէն ծանօթացաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցը գլխաւորող Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան...

Պրիւքսէլի Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Մարդկային  Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Դատին Առիթով

Պրիւքսէլի Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Դատին Առիթով

Մամլոյ ասուլիսին մասնակիցները Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ յետմիջօրէին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին առիթով, որուն նպատակն է պահանջել Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Մամլոյ ասուլիսին...

Հաղորդագրութիւն.  Լիբանանահայութեան Ջանքերով Արցախի Աւերուած  Բնակավայրերու Վերակառուցման Համար Հանգանակուեցաւ 85.000 Տոլար

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Ջանքերով Արցախի Աւերուած Բնակավայրերու Վերակառուցման Համար Հանգանակուեցաւ 85.000 Տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը  ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցած ռատիոթոն-դրամահաւաքին ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով  հանգանակուեցաւ 85.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի աւերուած բնակավայրերու վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման ծրագիրին: Լիբանանահայութիւնը  անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ ամբողջ շրջանին եւ մասնաւորաբար...

«Մենք Մեր Երկիրը Սկսուած Հոլովոյթներուն  Հիման Վրայ Յառաջ Տանելու Խնդիր Ունինք»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Մենք Մեր Երկիրը Սկսուած Հոլովոյթներուն Հիման Վրայ Յառաջ Տանելու Խնդիր Ունինք» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

7 դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանի` ընտրութեան ՀՅԴ-ի ցանկէն մասնակցելու հարցին, դիտել տուած է, որ նման քննարկումներ չեն եղած, տակաւին այդ փուլին չեն հասած: Ըստ անոր, ներկայ դրութեամբ իրենք լրջօրէն կը պատրաստուին անձնական ուժերով մասնակցելու ընտրութիւններուն, բայց իրենք ալ խնդիր ունին ընդլայնելու իրենց համակիր շրջանակը...

Գիւմրիի, Վանաձորի  Եւ Սպիտակի Մէջ Յարգանքի  Տուրք Մատուցուեցաւ Երկրաշարժի  Զոհերու Յիշատակին

Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Սպիտակի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

Գիւմրիի, Վանաձորի եւ Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած են 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած նախաձեռնութիւններ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի անունով ծաղկեպսակներ զետեղուած են երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներուն առջեւ: Գիւմրիի մէջ առաւօտեան հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուած է Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն օրուան ընթացքին եւս մարդաշատ եղած են Գիւմրիի բոլոր եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները: Երկրաշարժէն 28 տարի...

Խմբագրական.  Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

Խմբագրական. Երկրաշարժ Առանց Ցնցումի

Սպիտակ-Գիւմրի երկրաշարժի քաղաքական հետեւանքները տակաւին վերլուծման առարկայ պիտի շարունակեն ըլլալ: Մեր երկրի կարեւոր մէկ հատուածը աւերած երկրաշարժին գրաւած համաշխարհային ուշադրութիւնը արտակարգ է իր տարողութեամբ: Չմոռնանք, որ երկրաշարժը կը պատահէր այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ տակաւին Երկաթէ վարագոյրը չէր վերցուած Խորհրդային Միութենէն եւ, ըստ էութեան, աշխարհի տարբեր երկիրներու այս տարողութեամբ եւ այս արագութեամբ առաջին թափանցումն էր ուղղակի խորհրդային հանրապետութիւն մը: Երկրաշարժը եթէ...

Արմէն Ռուստամեան. «Աննախադէպ Է Այն,  Ինչ Որ Փոխած Ենք Ընտրական Համակարգին Մէջ»

Արմէն Ռուստամեան. «Աննախադէպ Է Այն, Ինչ Որ Փոխած Ենք Ընտրական Համակարգին Մէջ»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  6 դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտները արտայայտած է եւ թեր պիտի քուէարկէ 2017 թուականի պիւտճէի նախագիծին: Անդրադառնալով Դաշնակցութեան` ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափին, ան դիտել տուած է, որ հակում կայ առանձինն մղելու ընտրապայքարը, ինչպէս միշտ եղած է: «Չկայ նոր բան մը, որ մեզ ստիպէ դաշինք կնքելու դրութիւն որդեգրել:...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը 6 դեկտեմբերին այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի այցելութիւնը կ՛իյնայ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ իշխանութեան պետերուն կատարուած այցելութիւններու շրջագիծին մէջ: Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: «Մաղթեցինք,...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի  Գործադիր Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան`  Մասնակցելու «Իմ Արցախ» Կարգախօսով Դրամահաւաքին

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան` Մասնակցելու «Իմ Արցախ» Կարգախօսով Դրամահաւաքին

Երկու տասնամեակէ ի վեր լիբանանահայութիւնը իր ազգային, կրթական, հոգեւոր, ընկերային բոլոր կառոյցներով, հասարակութեան բոլոր խաւերով կ՛արձագանգէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կոչերուն եւ իր արժանի մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ու հզօրացման համար կազմակերպուած ծրագիրներու իրականացման: Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կազմակերպած ռատիոթոնը կը կրէ «Իմ Արցախ» կարգախօսը: Դրամահաւաքը ընթացք պիտի առնէ այսօր` 7 դեկտեմբեր 2016, առաւօտեան...

Թրի Ուիքս Ին Երեւան» Ֆիլմի Բացումը

Թրի Ուիքս Ին Երեւան» Ֆիլմի Բացումը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Թրի ուիքս ին Երեւան» ժապաւէնին: Նախքան ցուցադրութիւնը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Վարդան Ազնաւուրեան, որ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, որ ներկայ էր այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ «Ամփիր» շարժապատկերի սրահի տնօրէնութեան, որ առաջին իսկ վայրկեանէն մեծ պատրաստակամութիւն յայտնեցին...

Խմբագրական.  Համասեփականատիրոջ Գիտակցութեամբ  (Ռատիոթոն 2016-ի Առիթով)

Խմբագրական. Համասեփականատիրոջ Գիտակցութեամբ (Ռատիոթոն 2016-ի Առիթով)

Բնականաբար Արցախի զարգացման միտուած օժանդակութիւնները այս տարի պիտի կեդրոնանային ապրիլեան պատերազմի պատճառով աւերուած շրջաններու վերականգնման վրայ: Պատերազմը, թէկուզ քառօրեայ, հսկայական հետեւանքներ կ՛ունենայ տարբեր առումներով: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւս ընթացիկ տարուան հանգանակութիւններու նպատակը միացուցած է այս առաջնահերթութեան, եւ հայկական աշխարհը իր լուման կը ներդնէ առաջնային այս գործին: Պատերազմի առաջին օրը ամբողջ հայութիւնը արտակարգ տարողութեամբ, արագութեամբ եւ ընդառաջումի չափով միասնականութեան գագաթ նուաճեց...

Հայ Եկեղեցւոյ Առաջին Դատական  Քայլը Թուրքիոյ Դէմ.  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Դատ Կը Բանայ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ`  Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանին Վերադարձը

Հայ Եկեղեցւոյ Առաջին Դատական Քայլը Թուրքիոյ Դէմ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դատ Կը Բանայ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին Մօտ` Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանին Վերադարձը

Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016֊ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մօտ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ ետք, 28 ապրիլ 2015֊ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացած էր վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական դատարանը իր կարգին դիմած էր արդարութեան նախարարութեան` ունենալու անոր կարծիքը: Վերջինս թելադրած...

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան: Երեսուն վայրկեան տեւած հանդիպումին առանցքը կազմեցին նախագահական նոր նստաշրջանի ընթացքին առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը` երկրի միասնականութեան եւ զարգացման առնչութեամբ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ այդ իմաստով երեւցող ու թաքուն դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ...

«Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը  Պիտի Չխոչընդոտենք, Սակայն Ասիկա Չի Նշանակեր,  Որ Առնուած Բոլոր Քայլերուն Համաձայն Ենք»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը Պիտի Չխոչընդոտենք, Սակայն Ասիկա Չի Նշանակեր, Որ Առնուած Բոլոր Քայլերուն Համաձայն Ենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը մաղթէին կառավարութեան կազմութիւնը տեսնել նախագահական ընտրութենէն անմիջապէս ետք, «սակայն պէտք է ըսել, որ տակաւին կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան տրամաբանական ժամկէտի ծիրին մէջ: Վարչապետի նշանակումին արդէն իսկ  մէկ ամիս անցած է, եւ պէտք է որեւէ ատեն սպասել կառավարութեան ծնունդի յայտարարութիւնը»,...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման  Եւ Արցախի Հանրապետութեան  Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` նախագահութեամբ Ալեքսան Սուսանիի: Պարահանդէսին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 700 երիտասարդներ: Օրուան թամատաներն էին Սեւան Ադամեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան: Յարութ Լափաճեան Պարահանդէսին բացումը կատարեց Սեւան Ադամեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց...

Վերանորոգուած Մարաշ Թաղի Հանդիսաւոր  Բացում Եւ Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Փառատօն

Վերանորոգուած Մարաշ Թաղի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Փառատօն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը երէկ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւորապէս բացումը կատարեց Մարաշ թաղին, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան: Մարաշ թաղի վերանորոգումի ծրագիրը օգտակար դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ բնակող աւելի քան չորս հազար մարդու եւ ութսունութ վաճառատուներու: Մարաշ թաղի բացումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

Կամաւորներու Օրուան Նշում

Կամաւորներու Օրուան Նշում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը կամաւորութեան, առանց որուն այս աշխարհը չէր կրնար գոյատեւել, մարդկութիւնը...

Page 660 of 796 1 … 659 660 661 … 796

Արխիւներ