Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին
16-17 յունուար 2017-ին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի Աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ժողովականները երկու օրուան վրայ տարուած աշխատանքով քննարկեցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կառոյցին եւ առաքելութեան հետ կապուած հարցերը, որոնք փոխանցուած էին սեպտեմբեր 2016-ին Յորդանանի...



















