Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարեգին Արք. Պեքճեան Ընտրուած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Տեղապահ

March 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» պարբերականը կը հաղորդէ, թէ երէկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան:

Քուէարկութեան մասնակցած են պատրիարքարանի 34 հոգեւորականներ: Արքեպիսկոպոս Պեքճեան ստացած է 23 ձայն, իսկ միւս թեկնածուն` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը` 11 ձայն: Պատրիարքի տեղապահի միւս թեկնածուն` պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս.  Մաշալեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը` աջակցութիւն յայտնելով Գարեգին արք. Պեքճեանին:

Պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան այժմ պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն: Նորընտիր տեղապահը պատրիարքարանը պիտի ղեկավարէ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւն` միեւնոյն ժամանակ նախապատրաստելով ընտրութեան գործընթացը: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ 10 օրուան  ընթացքին կազմուի նախաձեռնող խումբ մը, որ տեղապահին հետ զբաղին պատրիարքական ընտրութիւններու  նախապատրաստական աշխատանքներով:

Եթէ վեց ամսուան ընթացքին ընտրութիւն տեղի չունենայ, ապա տեղապահի եւ նախաձեռնող խմբակին համար վստահութեան քուէ կրնայ պահանջուիլ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի նորընտիր տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան «Ակօս»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ վեց ամիս սպասելը պայման չէ, եւ եթէ նախապատրաստական աշխատանքները 2 ամսուան ընթացքին աւարտին, ապա կարելի է արդէն ընտրութիւն կազմակերպելու դիմում ներկայացնել թրքական պատկան մարմիններուն: Հետագայ գործընթացը արդէն կախեալ կ՛ըլլայ  պետութենէն:

Այդուհանդերձ, թրքական մամուլը հրապարակեց տեղեկութիւններ այն մասին, որ պատկան մարմինները գրութիւն մը յղած են հայոց պատրիարքարան: «Ակօս»-ի հաղորդմամբ` տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք Արամ արք. Աթեշեան ներկաներուն փոխանցած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած պաշտօնական գրութիւն մը, որուն համաձայն, իրաւական տեսանկիւնէ կարելի չէ սկսիլ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդը անգամ մը եւս համախմբուած է քննարկելու վերոնշեալ գրութիւնը եւ այդ գծով առնուելիք քայլերը:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Միջերկրական Կոմիտէի Ժողովին

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Հոլլանտ-Ալիեւ Հանդիպում. «Կարելի Է Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ուղիներ Գտնել» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.