Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Արուեստագէտ-Երգահան Եւ Երաժշտագիր Բարսեղ Կանաչեանին Եւ Անոր Նուիրուած Գիրքին Նուիրուած Հանդիսութիւն

Մարտ 18, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 17 մարտի երեկոյեան  ժամը  8:00-ին,  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ  Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս.  Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի  հրատարակչատան, տեղի ունեցաւ «Բարսեղ  Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը  երաժշտացումը» խորագիրով գիրքին  շնորհահանդէսը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն եւ ջութակի ուսուցիչ Աշոտ Ճենտերէճեանին: Անդրադառնալով հանդիսութեան նպատակին` Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, որ վարչութիւնը կը միտի յարգանքի տուրք մատուցել հայ երգարուեստի երկնակամարին վրայ իր անջնջելի դրոշմը ձգած մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանին` անոր մահուան 50-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ լոյս սփռել «Բարսեղ Կանաչեան. Կեանքի մը երաժշտացումը» գիրքին վրայ:

Ապա «Բ. Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Ալվարդի երազը» եւ «Օրօր» ստեղծագործութիւնները` դաշնակի ընկերակցութեամբ դարձեալ քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի:

Համազգայինի անունով խօսք առաւ  «Բ. Կանաչեան»  երաժշտական  քոլեճի  տնօրէն  Վահրամ  Էմմիեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեան մարդը` սփիւռքահայ երաժիշտն ու յօրինողը, նաեւ` Բարսեղ Կանաչեան երաժիշտը` Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ու անոնց զաւակներուն հոգեմտաւոր արժէքներու դաստիարակը եւ հայ ինքնութեան պաշտպան ուսուցիչը:

«Բարսեղ Կանաչեանը այն հայ մարդն է, որուն ասպարէզը երաժշտութիւնն էր, սակայն կոչումը` հայ երաժշտութեան ծառայելը: Ատիկա յստակ կ’երեւի անոր կեանքէն 2 դրուագներու մէջ, առաջինը` դասեր առնելու համար Կոմիտասին դիմելուն, իսկ երկրորդ` Փարիզի մէջ ուսումը կիսատ ձգելուն», ըսաւ ան:

Վահրամ  Էմմիեան դիտել տուաւ, որ Կանաչեան կը գիտակցի, թէ չի բաւեր երաժիշտ ըլլալ, այլ պէտք է ըլլալ հա՛յ երաժիշտ, զոր ըլլալու համար Կանաչեան պէտք էր աշակերտէր մեծանուն վարդապետին, որ Կանաչեանը ծանօթացուց հայկական երաժշտութեան բոլորին համար անծանօթ եղող գաղտնիքներուն:

Բանախօսը յայտնեց, որ Կոմիտասի հսկողութեան տակ հայկական երաժշտութեան մէջ ամուր արմատներ նետելէ ետք, 1920-ին Բարսեղ Կանաչեան իր երաժշտական կրթութիւնը շարունակեց Փարիզի մէջ, ուր ներդաշնագիտութիւնը աւարտելով  Քոնթըրփուանի դասերուն, սակայն իր կեանքին մէջ կարեւոր շրջադարձ կ’ըլլայ իր ուսուցիչին դիտողութիւնը. «Դուն հայ ես, հայկական ոճով բաներ գրէ՛»: Կանաչեան կը ձգէ Քոնթըրփուանի դասերը եւ կը մեկնի Եգիպտոս, ուր տեղական ուժերով երգչախումբ մը կազմելով համերգներ կու տայ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ: 1922-ին Կանաչեան արդէն գաղթավայրերու մէջ կը սկսի զբաղիլ խմբավարութեամբ, 1926-ին կը սկսի դասաւանդել Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, իսկ 1933-ին` Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Ան այդպիսով մասնակից կը դառնայ իր տարաբախտ ժողովուրդին կեանքին վերականգնման ու վերակազմակերպման:

«Այս առումով, Բարսեղ Կանաչեանը կարելի է նկատել հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրին խաղաղ դիմադրութեան ականաւոր դէմքերէն մէկը: Այո՛, ան հայ երաժշտութեան պահպանման ու զարգացման միջոցով պաշտպանեց իր ժողովուրդի ինքնութիւնը: Բան մը, որ լաւապէս կատարեց երաժշտութիւն սորվեցնելով եւ երգչախումբեր կազմելով: Սակայն ան հինը պահպանելով չբաւարարուեցաւ, գիտէր, որ ապրելու գրաւականը հինին պահպանումը չէ միայն, այլ նաեւ` նորին ստեղծումը: Ի վերջոյ հինին կառչած մնալն ու ճահճանալը նոյնքան մահաբեր է, որքան զայն մոռնալը, ուստի ստեղծագործեց, հայկական նոր երաժշտական կտորներ գրեց` այդպիսով ապրեցնելով թէ՛ իր ժողովուրդը, թէ՛ աստուածատուր կոչումին տէր իր հոգին ու իր յիշատակը», հաստատեց Վահրամ  Էմմիեան:

Ան դիտել տուաւ, որ 1936-ին Բարսեղ Կանաչեան կը կազմէ «Գուսան» երաժշտական միութիւնը, որմէ կը գոյանայ «Գուսան» երգչախումբը, որուն համար կը յօրինէ իր մեծագոյն գործերը, եւ որ կ’արժանանայ հայ թէ օտար թերթերու գնահատանքին: Երգչախումբ կազմելու երեւոյթին մասին խօսելով` Վ. Էմմիեան նշեց, որ եթէ ասիկա մէկ կողմէ Կոմիտասի աւանդութիւնը շարունակել կը նշանակէ, միւս կողմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդին հաւաքական կեանքի կազմակերպման մէկ մանրանկարն է եւ ժամանակաշրջանի հրամայականի բնական արտայայտութիւնը: Ան յայտնեց, որ այդ երգչախումբերու համերգները միայն գեղարուեստական նպատակի համար չէին, այլ նաեւ բարեսիրութեան: 1936-ին, «Գուսան» կը կազմակերպէ համերգ մը, որուն ամբողջական հասոյթը կը յատկացուի Կոմիտասի «Հարսանեկան երգեր»-ու հրատարակութեան ֆոնտին: Մէկ այլ առիթով «Գուսան» համերգ մը կու տայ այնճարցիներուն ձմրան փայտ ու ածուխ հայթայթելու համար:

«Բ. Կանաչեան»  երաժշտական  քոլեճի  տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի հարուստ աւանդին` շուրջ 30 խմբերգներ, 10 մեներգներ, օփերա մը, «Յառաջ նահատակ»-ի հեղինակութիւն եւ «Մեր հայրենիք»-ի դաշնաւորում, նաեւ դաշնաւորում լիբանանեան եւ սուրիական քայլերգներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ժողովրդային երգերու: Արուեստագէտ ըլլալու հանգամանքին կողքին ըլլալով դաստիարակ, ան 20 մանկական երգեր յօրինեց, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ «Ցեղասպանութեան ծրագիրի խաղաղ դիմադրութեան եւ հայ ինքնութեան պաշտպանութեան համար կենսական է նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Իսկ այդ ինքնութիւնը միայն լեզուն ու պատմութիւնը չէ, այլ նաեւ երաժշտութիւնը: Ուստի մեծ կարեւորութիւն ընծայեց նոր սերունդի երաժշտական դաստիարակութեան», եզրափակեց Էմմիեան:

Անկէ ետք «Բ. Կանաչեան» քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեան ներկայացուց իր մշակումով «Օրօր»-ը:

Գիրքը  ներկայացուց զայն աշխատասիրած դոկտ. Անդրանիկ  Տագէսեան, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին ծնունդի գաղափարին, բովանդակութեան, տպագրութեան հոլովոյթին, նպատակին, ապա այս աշխատանքին վերաբերող իր մտորումները կիսեց ներկաներուն հետ: Ան դիտել տուաւ, որ Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի տրուած այցելութեան մը ընթացքին իր մէջ մղում յառաջացած է Կոմիտասի աշակերտին, տասնամեակներ շարունակ հայ երգը վառ պահած Բարսեղ Կանաչեանի մասին իր տեղեկութիւնները թարմացնելու, իսկ երբ գտած է անոր նուիրուած գիրք մը, նկատած է, որ խօսուածներն ու իր գիտցածները չէին համապատասխաներ գիրքին մէջ տեղ գտածին, նաեւ` գիրքը շատ պակասաւոր էր: Ասիկա եղած է մեկնակէտը իրականութիւններն ու Կանաչեանի գործունէութեան աւելի համապարփակ կերպով լոյսին բերելու միտումով կատարուած հսկայ աշխատանքի մը, որ կ’ընդգրկէ պրպտումներ տարբեր գրադարաններու մէջ, հարցազրոյցներ, յուշեր, մամուլի արձագանգներ, վերլուծումներ, «Գուսան»-ի ելոյթներուն վերաբերող թղթակցութիւններ եւ այլն:

Մանրամասնօրէն իր տարած երկամեայ աշխատութիւններուն մասին խօսելէ ետք` դոկտ. Տագէսեան հաստատեց, որ տակաւին տարուելիք գործ կայ, «որովհետեւ կարելի չէ 82 տարուան փոթորկալից եւ բեղուն կեանք մը խտացնել որեւէ գիրքի մէջ»:

Գիրքին նպատակը  լուսարձակի տակ առնելով` բանախօսը ըսաւ. «Լիբանանի հայ օճախը հարիւրամեայ սփիւռքի մշակութային ոսկեայ օղակ է եւ դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցած սփիւռքի միւս հայօճախներուն վրայ: Լիբանանի հայ օճախի մշակութային այդ դերակատարութիւնը առաւելագոյն կերտիչներէն է Կանաչեան: Ան կը պատկանի այն վաստակաշատ փաղանգին, որ նորոգուած, վերակերտուած դիմագիծ տալով արմատախլուած ու ցեղասպանուած արեւմտահայութեան` զայն վերածեց սփիւռքի: Այս գիրքը համեստ երախտիքի դրսեւորումն է անոնց հանդէպ»: Ան աւելցուց, որ այս գիրքով ուզած է տուեալներ մէկտեղելով ապացուցել, որ հայ երգ-երաժշտութիւնը որքա՛ն մեծ ու անփոխարինելի դեր ունեցած է մեր կեանքին մէջ, եւ կոչ ուղղելու` զանոնք հասանելի դարձնելու բոլորին, նաեւ` հայերէն չգիտցող մեր միլիոնաւոր հայորդիներուն:

Դոկտ. Տագէսեան հաստատեց, որ այս գիրքի երկունքին ընթացքին Կանաչեանի հետ ստեղծուած է յետմահու կենդանի մտերմութիւն մը, «ծանօթացայ անոր կեանքի կարգ մը խորհուրդներուն: Անոնք այլապէս հարստացուցին իմ կեանքի փորձառութիւնս»: Ըստ անոր, «Կանաչեան իր կենսագործունէութեամբ ինծի պատգամած է տոկունութիւն, բազում հարուածներ շրջանցելով ոտքի կանգնելու վճռակամութիւն, անձնական կեանքի մէջ տարբեր ողբերգութիւններ ապրելէ ետք կրկին ոտքի կանգնելու ուժ»: Բանախօսը ըսաւ, որ Կանաչեանի կեանքէն քաղած դասերէն եղած է ընտանեկան խաղաղութեան երեւոյթը, արդարեւ, Քրիստինէ Կանաչեան միշտ ալ խաղաղեցուցած է Կանաչեանի խռովայոյզ, փոթորկոտ հոգին, յառաջացուցած է ստեղծագործելու պայմաններ, որպէսզի Կանաչեան իր օրօրով ու յօրինումներով խաղաղեցնէ զինք ունկնդրողներուն հոգիները:

Իր խօսքի աւարտին Անդրանիկ Տագէսեան հաստատեց, որ այս գիրքի ծնունդին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են Սեդա Կանաչեան, տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան, ինչպէս նաեւ գրադարաններ, անհատներ, որոնք իր պրպտումներուն յագուրդ տուած են, նաեւ` Համազգայինի տպարանին անձնակազմը:

Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան ընթերցեց այս առիթով Բ. Կանաչեանի դստեր, վերջնականապէս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի սրտի խօսքը, որուն մէջ ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ այդքան մեծ պրպտումներ եւ պեղումներ կատարած է` Կանաչեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող: Ան նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղած է բոլոր անոնց, որոնք Բ. Կանաչեանի յիշատակը վառ կը պահեն: Տոքթ. Նիկոլեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեան եւս քիչ ներդրում չէ ունեցած արուեստի պատմութեան մէջ` Հայաստանի եւ սփիւռքի պարագային ալ, ուստի անոր կեանքն ու աշխատանքը եւս արժանի են պեղուելու եւ լոյսին բերուելու:

Գեղարուեստական  բաժինը փակեց Համազգայինի «Գուսան»  երգչախումբը,  խմբավարութեամբ`  Գրիգոր Ալոզեանի` մեկնաբանելով երեք խմբերգներ` «Ծիծեռնակ», «Երազ» եւ «Հայրենի կարօտ». դաշնակի վրայ խումբին ընկերակցեցաւ Յասմիկ Գասպարեան: Յատկանշական եւ խորապէս տպաւորիչ էր Կանաչեանի կողմէ բազմաձայնուած «Երազ»-ի անդրանիկ մեկնաբանութիւնը «Գուսան»-ին կողմէ:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի խօսքով, որուն մէջ սրբազանը վերյիշեց դպրեվանքի իր առաջին օրը, երբ երաժշտութեամբ ողողուած էին դպրեվանքի սրահները. օրին իրենց ուսուցիչը` Գէորգ Գանտահարեան բացատրած էր, որ այդ երաժշտութիւնը Բարսեղ Կանաչեանի «Նանոր»-ին պատմութիւնը կը ներկայացնէր: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ անկէ ետք ծանօթացան Կանաչեանի, սիրեցին զայն եւ հպարտացան անով:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Բարսեղ Կանաչեան մէկն է այն մեծերէն, որոնք ժառանգ եւ վաստակ ձգեցին իրենց յաջորդներուն, ուստի շատ կարեւոր եւ ողջունելի է նման մեծերու նուիրուած որեւէ նախաձեռնութիւն, որովհետեւ այդպիսով կը հաստատուի, որ այս մեծերը կենդանի են ու պատգամաբեր: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ համաշխարհային տարբեր տեսակի երեւոյթներով խճողուած մեր կեանքին մէջ բարերար ու կարեւոր է Բ. Կանաչեանին նուիրուած աշխատութիւնը, որով ո՛չ միայն արժէքներն ու ժառանգութիւնները կը պահպանուին, այլ անոնք կը կենդանանան ու կը փոխանցուին իրերայաջորդ սերունդներու:

Ան գնահատեց մեծերուն կեանքը պեղողները, զայն հանրութեան մատչելի դարձնողները, հանդիսութեան կազմակերպիչները` աւելցնելով, որ ասիկա խղճի պարտք է Բարսեղ Կանաչեանին ու անոր վաստակին:

Ձեռնարկէն ետք դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան մակագրեց «Բարսեղ Կանաչեան. Կեանքի մը երաժշտացումը» գիրքը, որուն պատրաստութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքները կատարուեցան Համազգային «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ:

 

Նախորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?