Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Առաջարկած Է Գիւմրիի Մէջ Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համալիր Ստեղծել

Մարտ 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասած է Ռուսիա:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Մոսկուայի «Վնուքովօ» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է հանրապետութեան նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:

Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան հիւրընկալուած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին կողմէ, ուր հանդիպում ունեցած է ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ, հանդէս եկած է ելոյթով եւ պատասխանած հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող հարցումներուն:

Ռուսիա այցելութեան շրջագիծին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Ռուսիան հայաստանեան տնտեսութեան գլխաւոր ներդրողն է եւ հիմնական տնտեսական գործընկերը: Ռուսիան Հայաստանի առանցքային գործընկերն է շարք մը այլ մարզերու մէջ եւս, որոնց կարգին` ուժանիւթի եւ փոխադրութեան մարզերը: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին մէջ իր պաշտօնական այցելութեան ընդառաջ գրած է Հայաստանի նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ յօդուածին մէջ կարծիք յայտնած է, որ հայ-ռուսական համագործակցութեան ներուժը շատ աւելի մեծ է` առաջարկելով, որ երկու երկիրները քննարկեն Գիւմրիի մէջ, ուր տեղակայուած է ռուսական 102-րդ զինուորական կայանը, նաեւ  ռազմարդիւնաբերական միացեալ համալիր ստեղծելու հարցը: Այդ համալիրը, նախագահ Սարգսեանի խօսքով, կրնայ դառնալ հարթակ` Հայաստանի հետ սահմանակից պետութիւններու եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական արհեստագիտութեան համագործակցութեան հաստատման համար:

Հայաստանին սահմանակից չորս երկիրներէն երկուքին` Իրանի եւ  Ազրպէյճանի հետ Ռուսիան ունի խոր համագործակցութիւն` ռազմարդիւնաբերական մարզին մէջ: Այդ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Մոսկուան արդէն իսկ միլիառաւոր տոլարներու  սպառազինութիւն վաճառած է Ազրպէյճանին: Իսկ Իրանի հետ Ռուսիոյ  «Ս-400» հրթիռային համակարգի վաճառքի գործարք կնքած է:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահը նշած է, որ Պաքուն պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանն ու համանախագահող երկիրները կը խօսին մէկ լեզուով: «Պատերազմը խնդիրներու լուծման ձեւ, ճամբայ չէ, եւ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ ո՛չ թէ շանթաժով, այլ բանակցութիւններու միջոցով», «Իզվեսթիա» թերթին մէջ գրած է Հայաստանի նախագահը:

Նշենք, որ այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենան Սարգսեան-Փութին բանակցութիւնները:

Նախորդը

Եթէ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Յաղթեց, Պիտի Շահի Հայաստանը

Յաջորդը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբ. Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ «Քնար» Պարախումբին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?