Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Մենաշնորհային Համակարգը Պիտի Կազմաքանդենք»

March 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան էրեբունեցիներու հետ` ներկայացնելով ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրը:

Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ այս ընտրութիւնները սկզբունքային նշանակութիւն ունին, քանի որ սահմանադրական բարեփոխումներէն ետք Հայաստանը այլեւս կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցած է, ինչ որ կը  նշանակէ, թէ երկրին բարձրագոյն եւ միակ իշխանութիւնը, որ պիտի ձեւաւորէ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները, կը մնայ խորհրդարանը: Հետեւաբար, ըստ անոր, Ազգային ժողովին մէջ պէտք է ներկայացուած ըլլան ուժեղ քաղաքական միաւորներ, որոնք ունին յստակ գաղափարախօսութիւն, ծրագիրներ եւ զանոնք իրականացնող կայուն ու հետեւողական անձեր: «Մեր ծրագիրը երեք հիմնասիւներ ունի` ստեղծել կայուն զարգացում, անվտանգ երկիր եւ համերաշխ ու արդար Հայաստան: Այս երեք յենասիւները փոխկապակցուած են իրարու եւ մէկը  առանց միւսին չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Մեզի համար կայուն զարգացումը ո՛չ միայն տնտեսական աճն է, այլ անոր որակական կողմը, որ նախ եւ առաջ պէտք է ապահովէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի  բարեկեցութեան աճ, իրաւունքներու իրականացման հաւասար կարելիութիւններ, ո՛չ միայն լոզունգային եւ թուղթի վրայ գրուած», ըսաւ Մինասեան` աւելցնելով, թէ կայուն զարգացում կը նշանակէ, որ տնտեսական որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է բաւարարէ առնուազն երեք հիմնարար սկզբունքներ` ըլլայ տնտեսապէս հիմնաւորուած, ընկերային իմաստով առաւելագոյն չափով ընդունուած եւ կենսոլորտի պահպանման առումով ընդունելի:

Ըստ Մինասեանի, այսօր, դժբախտաբար, մեր տնտեսական աշխատելաձեւը այնպիսին է, որ բազմաթիւ տնտեսական նախաձեռնութիւններ չեն բաւարարեր այս երեք մօտեցումները: Արդիւնքը, Մինասեանի հաստատումով, կ՛ունենանք մեծ նպատակի եւ ձգտումի հասած ձեռնարկութիւններ, որոնք կ՛ապականեն ամէն ինչ, եւ անոնց ստեղծած տնտեսական արժէքը կը բաշխուի մէկ կամ խումբ մը մարդոց միջեւ:

Ըստ Մինասեանի, Դաշնակցութեան համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի պետութեան վերաբերմունքը գործառնութեան նկատմամբ` պետութիւնը` գործառնութիւնը ոչ թէ պէտք է դիտարկէ  անպայմանօրէն դէպի պիւտճէ վերադարձող միջոց, այլեւ գործընկեր ըլլայ. «Պետութիւն-մասնաւոր յարաբերակցութեան շրջագիծին մէջ պետութիւնը պէտք է միշտ իր արժանի դիրքին վրայ ըլլայ, այլ ոչ թէ  տարբեր տիպի յարաբերութիւններով փորձէ այս կամ այն գործառոյթը խեղդել, որպէսզի մենաշնորհը իշխէ: Մենք պիտի կազմաքանդենք այս համակարգը, եթէ ստանանք վստահելի ձայներ»:

ՀՅԴ-ի համար կարեւոր հարցերէն է նաեւ երկրի անվտանգութեան հարցը, եւ բնապահպանութեան նախարարին համոզումով` երկիրը չի կրնար զարգանալ, եթէ քաղաքացիները կամ ներդրողները անընդհատ մտածեն, թէ արդեօք կրնա՞յ սահմանին վրայ դէպք մը պատահիլ: Ըստ Մինասեանի, նման իրավիճակի մը մէջ Դաշնակցութեան համար սկզբունքային հարց կը դառնայ թէ՛ սահմաններու անվտանգութեան ապահովումը, թէ՛ նաեւ երկրին մէջ անվտանգութեան համակարգի ձեւաւորումը: «Այսօրուան Ազգային ժողովին անհրաժեշտ են մարդիկ, որոնք իրենց անցած ճամբով եւ իրենց մասնագիտական պատրաստուածութեամբ ու մարդկային որակներով ունակ են այս խնդիրները լուծելու. մենք առաջադրած ենք նման խումբ», իր խօսքը եզրափակեց Մինասեան:

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Նշուեցաւ ՄԱԿ-ին Հայաստանի Անդամակցութեան 25-ամեակը

Յաջորդը

«Այսօր Շատերը Կը Փորձեն Դաշնակցութիւնը Իբրեւ Միայն Զէնքի Կուսակցութիւն Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.