Արագածոտնի մարզի Շէնաւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ համապետական ցանկը գլխաւորող` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հաւաքին մասնակիցներուն ըսած է, որ 2 ապրիլին տեղի ունենալիք ընտրութիւնները աննախընթաց են եւ որոշիչ պիտի ըլլան սերունդներուն համար:
«25 տարի Դաշնակցութիւնը պայքարած է, որ իրական ընտրութիւն տեղի ունենայ, որ մարդիկ կարենան իրենց տուած քուէով որոշել` ո՛վ իշխանութիւն պիտի ըլլայ եւ իրենց ճակատագիրը պիտի ճշդէ: Մինչեւ հիմա նման բան չէ եղած, մենք տեսանք, որ ընտրութիւններէն ետք ոչինչ կը փոխուի: Փաստն այն է, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ անգամ իշխանութիւնները ընտրութեան ճամբով փոխուած են, ասիկա ամէնէն ցայտուն վկայութիւնն է այն երեւոյթին, որ ընտրութիւնները իրենց նպատակին չեն ծառայած. անկարելի է, որ 25-26 տարուան երկիրը այդքան համապետական ընտրութիւններ կատարէ, սակայն ոչ մէկ անգամ իշխանութիւն փոխուի ընտրութիւններու ճամբով: Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ ընտրական համակարգը մեծ արատ կը կրէ», յայտնած է Ռուստամեան` ընդգծելով, որ մարդիկ կորսնցուցած են վստահութիւնը իրենց քուէին նկատմամբ:
«Ցաւ ի սիրտ, այսօր շատեր ընտրութիւնը վերածած են առեւտուրի առարկայի, մարդիկ դիւրութեամբ կը ծախեն իրենց քուէն, շատերու համար ընտրութիւնը դրամ շահելու միջոց դարձած է: Մէկուն օգնութիւն անունը կու տան, ուրիշի մը` այլ բացատրութիւն, բայց իրականութիւնը այն է, որ ընտրութիւններու ատեն եղած բարեսիրութիւնները ընտրական կաշառք են, ուստի բարեսիրական իմաստը կը կորսուի: Կ՛ըսեն, որ եթէ լաւութիւն ընես, պէտք է ընես այնպէս, որ աջ ձեռքդ չգիտնայ, թէ ձախ ձեռքդ ինչ տուաւ, իսկ եթէ բարեսիրութիւն կը կատարես հրապարակելու համար, երեւալու համար, ուրեմն արդէն վարձատրութիւնը ստացար, ուստի պէտք չէ ակնկալես, որ այդպիսով հեղինակութիւն ձեռք բերես, դառնաս մեծ բարեգործ: Բարեսիրութիւնը կ՛ընեն լուռ, առանց ծանուցելու: Իսկ ընտրութիւններու ատեն բարեսիրութիւն պիտակին տակ կատարուածը ընտրակաշառք է», յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:
Ռուստամեանի համաձայն, հակառակ այս բոլորին, հասկնալի է, որ մարդիկ ընկերային ծանր պայմաններէն մեկնելով դրամ առնելու ուղին կ՛ընտրեն: «Մանաւանդ` չեն ալ տեսներ, որ իրենց քուէարկութեամբ բան մը կրցած են փոխել: Բնականաբար, մարդ հիասթափելով կը դիմէ այդ քայլին: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ի՛նչ պէտք է փոխել այս երկրին մէջ, ասոր համար մենք հիմքեր ստեղծած ենք», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ այս վատ ու արատաւոր երեւոյթները անցեալին կը պատկանին:
«Նոր սկիզբ պիտի ըլլայ, ատոր համար մենք ճշդած են մեր կարգախօսը` «Նոր սկիզբ»: Կը մնայ անցնինք արդար Հայաստանի, այդ նոր սկիզբը կեանքի կոչենք, միս ու արիւն տանք: Այս բարեփոխումները յառաջ տանելու խնդիրն է, որ այսօր Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէ լուծել: Դաշնակցութիւնը չի գար, նոր խոստումներ չի տար, այլ իր ըրածին մասին կը խօսի», եզրափակած է Ռուստամեան:
ՀՅԴ վարկանշային թեկնածու, «Երեւան» բժշկական կեդրոնի գլխաւոր վիրաբուժ Տարօն Տօնոյեան ըսած է, որ արդարութեան ուղիով ընթանալու համար պէտք է պայքարիլ, ոչ թէ սպասել, որ ոեւէ մէկը արդարութիւնը նուիրէ: Ուստի, ան կոչ ուղղած է` վստահելու այն ուժին, որ իր աշխատանքով պատմական առաքելութիւն կատարած է եւ կանգնած է ժողովուրդին կողքին: