Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանին Մէջ Հինգ Աթոռ Ունեցող Խմբակցութիւնը Կրցած Է Երկրին Համակարգը Փոխել. ՀՅԴ Ներկայացուցիչները` Արագածոտնի Մարզին Մէջ

Մարտ 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցան Արագածոտնի մարզի Արագած համայնքի բնակիչներուն հետ:

ՀՅԴ համապետական ցանկը գլխաւորող` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, որ մեր երկրին մէջ ծառացած խնդիրներու իրական լուծման բանալին ոչ թէ  անձերու փոոփոխութեան մէջ է, այլ` համակարգի, եւ Դաշնակցութիւնը  այն ուժն է, որ ամէն ինչ ըրած է, որ կառավարման համակարգը փոխուի, միակեդրոն կառավարման համակարգը վերանայ:

«Մենք պէտք չէ մտածենք, ենթադրենք, որ կրնայ գալ մէկը, որ  կախարդական փայտիկով լուծէ բոլոր հարցերը: Մենք երկար տարիներ փնտռտուքի մէջ եղած ենք, ուզած ենք գտնել լաւագոյն ղեկավարը, անձը, որ լուծէ մեր երկրին խնդիրները, եւ այն անձը, որ եկած է իշխանութեան, ունենալով այսքան լիազօրութիւն, գայթակղած է, իր շրջանակներուն մէջ տեղաւորելով իր մտերիմները», ըսաւ  Ռուստամեան` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ստեղծուած է արտօնեալներու խումբ, որ կ՛օգտուի պետութեան բարիքներէն:

Անոր համաձայն, տակաւին գործող Սահմանադրութիւնն ալ կը պարունակէ կէտեր, որոնք սխալ չեն, վատ չեն, սակայն այդ դրոյթներու իրագործման մեքանիզմները չկան, իսկ նոր Սահմանադրութեան պարագային  իրագործման մեքանիզմները յստակ ամրագրուած են:

Ռուստամեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը ջանքեր գործադրած է եւ տարիներ շարունակ բարձրաձայնած, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը կ՛ուղղէ կացութիւնը, այդպիսով իւրաքանչիւր պաշտօնեայ իրեն տրուած լիազօրութիւնները կ՛օգտագործէ  յանուն պետութեան:

«Երեք անգամ նախագահ փոխած ենք, բայց որեւէ բան չէ փոխուած»,  ըսաւ Ռուստամեան` ընդգծելով, որ այդքան լիազօրութիւններով օժտուած պաշտօնեան պէտք է պարզապէս գերմարդ ըլլայ, որ կարենայ  լուծել խնդիրները: «Մենք ազատած ենք մեր ժողովուրդը այն վիճակէն, որ միայն մէկ անձ որոշէ ամէն ինչ», աւելցուց ան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ ընտրութեան միջոցով կարելի է  փոփոխութիւն կատարել: «Մենք ՀՀԿ-ին հետ համագործակցութեան նախաձեռնեցինք` ունենալով յստակ նպատակ` կառավարման համակարգը փոխել, ընտրողին տալ իշխանութիւն որոշելու կարելիութիւն եւ կարելիութիւնը, որ վերընտրուին, ոչ թէ վերարտադրուին», ըսաւ ան:

Ըստ Ռուստամեանի, 2 ապրիլին կայանալիք ընտրութիւնները որոշիչ են նաեւ այն իմաստով, որ պիտի կազմուի հիմնադիր խորհրդարան, որուն  շնորհիւ պէտք է շարունակուին փոփոխութիւնները: Անոր համաձայն, կարեւոր է, որ ՀՅԴ-ն բաւարար ու համապատասխան քանակի ներկայացուածութիւն ունենայ խորհրդարանին մէջ, որպէսզի կարենայ  կեանքի կոչուած փոփոխութիւնները իրականութիւն դարձնել եւ հետեւիլ, որ ետդարձի մեքանիզմ չըլլայ:

Ռուստամեանը նաեւ նշեց, որ վարկանշային ընտրակարգը ՀՅԴ-ին ուզածը չէր, բայց ատիկա եղած է փոխհամաձայնութեան մը արդիւնքով, որպէսզի միւս կարեւոր ծրագիրները կեանքի կոչուին: «ՀՀԿ-ին հետ համագործակցութեամբ. խորհրդարանին մէջ հինգ աթոռ ունեցող մեր խմբակցութիւնը կրցաւ երկրին համակարգը փոխել, կառավարման նոր համակարգ հիմնել եւ ընտրակարգ փոխել: Արդար Հայաստանին հասնելու համար պէտք է ունենանք ձեր քուէն»,  ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Կը Պայքարի Իբրեւ Խումբ` Կուսակցութեան Ներկայացուածութիւնը Առաւելագոյնս Ապահովելու Նպատակով

Յաջորդը

Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?