Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Միակ Կուսակցութիւնն Է, Որուն Նախընտրական Ծրագիրին Մէջ Կայ Ջաւախահայութեան Աջակցելու Խնդիր

March 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Ջաւախքի խնդիրները բարձրաձայնելու եւ հետագայ համագործակցութեան եզրեր փնտռելու նպատակով Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամները պիտի հանդիպին ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն եւ դաշինքներուն հետ:

13 մարտին խորհուրդի անդամները հանդիպած են ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին բարձրաձայնուած են ջաւախահայութիւնը յուզող կրթական, ընկերային-տնտեսական, առողջապահական, հոգեւոր, մշակութային, ինչպէս նաեւ քաղաքական խնդիրներ: Յատկապէս կարեւոր նկատուած է Ջաւախքի մէջ թուրք-ազրպէյճանական աշխուժութեան նիւթը:

Խորհուրդի անդամներուն կարծիքով` այսօր, հաշուի առնելով շարք մը հանգամանքներ, լուրջ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի վիրահայութիւնը  եւ ջաւախահայութիւնը յուզող խնդիրներուն:

«Ջաւախահայերու խնդիրները բազմազան եւ բազմաոլորտ են, յատկապէս Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ Քարթլիի մէջ կան կրթական, ընկերային-տնտեսական, առողջապահական, հոգեւոր, մշակութային, ինչու չէ նաեւ քաղաքական խնդիրներ, սակայն ամէնէն կարեւոր հանգամանքը թուրք-ազրպէյճանական աշխուժութիւնն է Վրաստանի մէջ եւ մասնաւորապէս վերջին շրջանին Ջաւախքի մէջ: Խորհուրդը ատիկա կը դիտարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան տեսանկիւնէն, ինչու չէ նաեւ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ: Ես կը կարծեմ, Դաշնակցութիւնը մեծ ներուժ ունի, իր աշխարհասփիւռ կառոյցներով կանգնելու, եւ պէտք է կանգնի ջաւախահայութիւնը յուզող բոլոր խնդիրները ժամանակին եւ պատշաճ ձեւով լուծելու համար», նշեց Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քվեմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան:

«ՀՅԴ -ն միակ կուսակցութիւնն է, որուն նախընտրական ծրագիրին մէջ կայ ջաւախահայութեան աջակցելու խնդիր, մենք ատիկա կը տեսնենք հայ-վրացական յարաբերութիւններու սերտացման բոհի մէջ: Այդ յարաբերութիւններու սերտացման պարագային, կը դիւրանայ Ջաւախքի հայութեան եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան խնդիրներու մեծ մասին լուծումը: Այս հանդիպումին մենք ներկայացուցինք մեր պատկերացումները, իրենք հարցումներ ունէին, մենք իրենց հարցումներ ունէինք իրավիճակին մասին եւ կը կարծեմ իրենք ալ գոհ են, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հիմնականին մէջ կրթութեան խնդիրներն էին, բայց անշուշտ կան նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցեր, որոնք եթէ ոչ անպայման կուսակցութիւնները կրնան լուծել, բայց վաղը խորհրդարանը կրնայ այդ ուղղութեամբ որոշ քայլերու ձեռնարկել, այսինքն` Հայաստանի յարաբերութիւններու սերտացումը Վրաստանի հետ կը նպաստէ նաեւ այդ խնդիրներու լուծման: Պարզ էր, որ մեր մօտեցումները իրենց համար հոգեհարազատ էին, քանի որ առաջին օրը չէ, որ մենք կը զբաղինք Ջաւախքի հարցերով», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

 

 

 

Նախորդը

Երկարատեւն Ու Ժամանակաւորը

Յաջորդը

Եթէ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Յաղթեց, Պիտի Շահի Հայաստանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.