Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շրջանակային Համաձայնագիր Եւ Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններ

March 18, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտասովոր չէ, որ Արթուր Սարգսեանի մահը զգացականութեան ալիք բարձրացնէր եւ տեղի տար  հրապարակային թէժ քննարկումներու, յաճախ զեղումնային գրառումներու, մեղադրանքներու:

Արթուր Սարգսեանի ինքնազոհաբերումը, սկզբունքայնութիւնը եւ անոնց սերտօրէն կապուած կեանքի աւարտը, կը թուի, որ առանցքային նիւթ պիտի շարունակեն մնալ ո՛չ միայն հասարակական քննարկումներու, այլ նաեւ քաղաքական յայտարարութիւններու:

Խնդիրը այս պարագային եւ ընդհանուր պատկերի մէջ ընտրաքաղաքական առումով այլ հարթութեան վրայ պէտք է դիտարկել:

Երեւան-Պրիւքսէլ վերջին բանակցութիւնները, Եւրոպական Միութեան հետ նոր համաձայնագիրի ստորագրման համար բանակցութիւններու աւարտի յայտարարութիւնը եւ անկէ ետք նաեւ այցագիրի դրութեան վերացման նպատակով տարուելիք բանակցութիւններու մասին պաշտօնական նախանշումներ կատարելը կը համոզէին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կամրջումի հանգամանքը սկսած է ձեւաւորուիլ յատկապէս «Թէ, թէ», այսինքն` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալով նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան նոր ձեւաչափերով աշխատելու առաջադրանքը սկսած էր գործադրուիլ:

Պատահական չէր, որ Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւնները կ՛ընթանային քայլ առ քայլ, համընթաց սահմանադրութեան նորացումին, ընտրակարգի որդեգրման: Համաքայլ այս կշռոյթով Պրիւքսէլը պարզ դարձուցած էր, որ եւրոպական չափանիշներու հետ Երեւանի համարկումը շատ կենսական նախապայման է Եւրոպական Միութեան հետ շրջանակային նոր համաձայնագիրի ստորագրման համար:

Ամենայն հաւանականութեամբ, քաղաքական տրամաբանութեան այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել Երեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին այն յայտարարութիւնը, որ մինչեւ ստորագրութիւն պէտք է տարուին թեքնիք աշխատանքներ, ինչ որ ժամանակ կը պահանջէ: Ահա այստեղ է բուն խնդիրը. այդ ժամանակը կապ ունի մինչ ընտրական կամ նախընտրական ժամանակահատուածին արձանագրուող իրադարձութիւններուն հետ: Ո՛չ Ջրառատի միջադէպը, ո՛չ ծեծուըռտուքները, եւ այս պարագային նաեւ հիմնականօրէն Արթուր Սարգսեանի մահը կրնան այդ ժամանակի տեւողութեան վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ: Թեքնիք հարցերու ճշդումը կրնայ բանակցային հանգրուաններուն նման ժամանակ խլել եւ ձգձգել  ստորագրութեան պահու ճշդումը:

Հակառակորդներու կողմէ շրջափակման ենթակայ մեր հանրապետութիւնը ազգային-պետական շահերէ մեկնելով կամրջումի դերակատարութեան ստանձնման անհրաժեշտութեան առջեւ է ռազմավարական առումով:

Այդ առաջադրանքի իրականացման համար նոր պայմանագիրը նուաճելի անհրաժեշտ ուղի է մեր պետութեան համար: Այդ ուղիի հարթման համար ալ անցնցում, թափանցիկ, արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը անշրջանցելի հրամայական է: Ցնցումները, միջադէպերը, ծեծուըռտուքներն ու կրակոցները միայն կը խանգարեն այդ ուղիէն ընթանալու որոշումի առարկայացումը:

Այս նախապայմանը բառացիօրէն պարզ դարձուցած է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը. «Ի հարկէ, համաձայնագրի իրականացման միջավայրը կախուած կը լինի նրանից, թէ ինչպէ՛ս են Հայաստանում իրականացւում ժողովրդավարական գործընթացներն ու տնտեսական բարեփոխումները: Որքան աւելի շատ եւրոպական բարեփոխումներ, աւելի շատ ժողովրդավարացում ու տնտեսական ազատութիւն լինի Հայաստանում, այնքան աւելի լաւ միջավայրը կը լինի մեր համագործակցութեան համար»:

Իշխանութիւններ, իրաւապահ մարմիններ, ընտրութիւններուն մասնակցող ուժեր եւ հասարակութիւն` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն կը յաջողի՞ն ներկայանալ նաեւ քաղաքական այս գիտակցութեամբ: Հարցումին պատասխանը տակաւին անորոշ կը թուի` նկատի ունենալով նախընթաց դէպքերը:

«Ա.»

Նախորդը

Ռուստամեան. «Եօթը Կէտերը Ամբողջութեամբ Գործադրած Կ՛երթանք Այս Ընտրութիւններուն»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուք, Կազոլ Եւ Ժոքիչ` «Թրիփըլ-Տապըլ»-ի Հեղինակներ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.