Բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ համամասնական ցուցակի 9-րդ տեղը զբաղեցնող Սպարտակ Սէյրանեան ընտրողներու հետ հանդիպում ունեցան Դիլիջան քաղաքին մէջ:
Դիմելով ընտրողներուն` Սպարտակ Սէյրանեան նշեց, որ բոլորը պիտի փորձեն իրենց քուէն տարբեր ձեւերով շահիլ: «ՀՅԴ-ն, միշտ հաւատարիմ մնալով իր գաղափարներուն, ըսած է, որ ճիշդ կառավարման համակարգը խորհրդարանականն է: Այս ընտրութիւններով սկիզբ պիտի դրուի առաջին խորհրդարանական հանրապետութեան: Հետեւաբար, խորհրդարանական այս ընտրութիւնները պիտի տարբերին միւսներէն: Դուք պիտի ձեւաւորէք այս խորհրդարանը, եւ ձեզմէ կախեալ է, թէ ինչպիսի՛ խորհրդարան պիտի ունենանք», ըսաւ ան:
Սէյրանեանի համաձայն Հայաստանի մէջ այսօր շատ խնդիրներ կան, բայց ՀՅԴ-ն ամէնէն աւելին կարեւոր նկատած է երեք խնդիր` պետութեան ներքին վիճակը, արտաքին անվտանգութիւնը, տնտեսութեան զարգացումը եւ արդարութիւնը: «Այս երեք հիմնախնդիրները իրարու հետ կապուած են, եթէ մէկը չըլլայ, միւսներն ալ պիտի չըլլան», ըսաւ ան, ապա աւելցուց, որ մեր երկրին մէջ մեծագոյն բացթողումը արդարութեան գոյութիւն չունենալն է, իսկ ՀՅԴ-ի ծրագրային դրոյթներուն մէջ գերակայ է ընկերային արդարութեան վերականգնումը:
Սէյրանեան նշեց, որ այս շրջանին բազմաթիւ քաղաքական ուժեր պիտի դիմեն ընտրողներուն` ներկայացնելու իրենց ծրագիրները: «Ծրագիրներու եւ գաղափարներու բախում չկայ, կայ մեծ գայթակղութիւն` մրցիլ այլ մարզի մէջ` ո՛վ աւելի շատ ընտրակաշառք կը բաժնէ, ո՛վ սուտ կը խօսի` ըսելով, թէ քանի՛ օրուան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դրախտավայր կը դարձնեն: Այն մարդը, որ ձեզի կ՛առաջարկէ ձեր քուէն վաճառել, վաղը Ազգային ժողովին մէջ պիտի վաճառէ իր քուէարկութիւնը: Այն մարդը, որ ձեզ կը խաբէ երեւակայական թիւերով, վաղը ձեզի պիտի ըսէ, որ չկրցաւ զանոնք իրականացնել: Ժամանակն է մեզմէ հեռու պահելու կաշառք տուողները եւ քաղաքական այլ աճպարարները: ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ ծրագիր մը, որուն իրագործումով 2 ապրիլէն ետք պարզ պիտի նայի ձեզի: Ի տարբերութիւն քաղաքական միւս ուժերուն, մենք մէկզմէկու հետ չենք մրցակցիր, պիտի յաղթէ մեր խումբը, պիտի յաղթէ ծրագիրը: Եթէ Դաշնակցութեան ծրագիրը յաղթեց, պիտի շահի Հայաստանը», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեան: