Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպը Կը Վերականգնի, Կարգ Մը Սուրիահայեր Կը Վերադառնան

March 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են:

«Ճամբան փակած քարակոյտերն ու հողակոյտերը վերցնելու աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են: Մանաւանդ անոնք, որոնք երկար ատենէ փակ էին: Տուներու պարագային փոքր նորոգութիւններ կատարուած են: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ վնասուած տուները կարգի կը բերէ: Շինութիւններու աւելի մեծ վնասները արդէն այլ ծրագիրի մէջ պէտք է ներառուին», յայտնած է Ժիրայր Ռէյիսեան:

Տեղւոյն իշխանութիւններուն ջանքերով աշխատանքներ ի գործ դրուած են Կեդրոնական շուկան վերագործարկելու համար, որպէսզի գիւղացիները մեծաքանակ արտադրութիւնը հոն վաճառեն:

«Զգալի աշխատանքներ կատարուած են Հալէպի օդակայանի վերագործարկման ուղղութեամբ: Կարելի է ըսել, որ աշխատանքները վերջնական փուլի մէջ են: Շրջակայքի ապահովութեան առնչութեամբ քայլեր կ՛առնուին», դիտել տուած է ան:

Ջրամատակարարման հարցը դեռ լուծուած չէ: Երեսփոխանին համաձայն, ջրամատակարարումը, դժբախտաբար, բաւական երկար ատենէ խնդիր է: Զինեալ խմբաւորումները ուղղակի կեդրոնէն անջատած էին ջուրի մատակարարումը, եւ ջուրը քաղաք չէր մտներ: Բայց բանակը յառաջանալով հասած է այդ շրջանները, մեծ աշխատանքներ տարուած են արդէն, ջուրը կարելի եղած է հասցնել քաղաքին շրջակայքը, կ՛ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն սկսի ջրամատակարարումը: Խօսելով ելեկտրականութեան մասին` Ժ. Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ ներկայիս միայն քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն կը ստանան:

Ժիրայր Ռէյիսեան հաստատած է, որ Հալէպի մէջ հայկական դպրոցները կը գործեն բնականոն ձեւով:

Պատերազմին պատճառով գաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով` ան ըսած է, որ արդէն վերադարձողներ կան:

«Սուրիահայերու վերադարձ կայ արդէն, կարգ մը ընտանիքներ գործնական քայլերու դիմած են ու վերադարձած: Բնականաբար, յստակ թիւ չեմ կրնար տալ, բայց վերադարձողներ կան: Վերադարձողները թէ՛ Լիբանանէն են, եւ թէ արեւմտեան երկիրներէ», եզրափակած է երեսփոխան Ռէյիսեան:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.