Այնճարի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 126-Ամեակի Տօնակատարութիւն. Շահան Գանտահարեան. «Դաշնակցութիւնը Փորձառութիւն Ունի Փայլուն Կատարողականութեամբ Ազգ-Բանակ Կերտելու»
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 29 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան Նահատակաց յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում` ի յիշատակ ՀՅԴ շարքերէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն եւ հայոց բանակի զոհուած զինուորներուն: Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեցին գիւղի հոգեւոր հայրերը` նախագահութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի: Ներկայ էին «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան,...



















