Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Վարչութեան. Թատրոնի Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում

Մարտ 29, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 մարտը հռչակուած է Թատրոնի միջազգային օր: Առ այդ, անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին բեմադրիչներ, թատերագիրներ եւ մտաւորականներ «Ազդակ»-ի մէջ արձագանգեցին այս առիթին` թատրոնի մասին իրենց յօդուածներով:

Թատրոնի միջազգային օրուան նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան:

Բեմադրիչներով, դերասաններով եւ թատերասէրներով լեցուն սրահին մէջ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանահայ կեանքին մէջ հաւանաբար առաջին անգամն ըլլալով կը նշուի Թատրոնի միջազգային օրը եւ այս նշումը ինքնանպատակ բնոյթ չունի: «Թատրոնը, մանաւանդ լիբանանահայ թատրոնը, կը դիմագրաւէ բաւական լուրջ դժուարութիւններ, եւ այս նշումը առիթ մը պիտի ըլլայ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արժեւորման կողքին` քննարկելու  լիբանանահայ թատրոնը յուզող խնդիրները, հարցերը եւ հասնելու որոշ եզրակացութիւններու», հաստատեց Մ. Մխսեան: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան խօսքը ուղղեց Խաչիկ Տէտէեան: Ան նկատել տուաւ, որ Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով լիբանանահայ գաղութի թատերասէրները անխտիր համախմբուած են` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ խոնարհելու անցեալի ու ներկայի բոլոր երախտաւորներուն առջեւ, որոնք հաւատացին հայ թատրոնին, իրենց լուման բերին մեր մշակոյթին` թատրոնի ճամբով, եւ որոնց վաստակին, նուիրումին եւ ծառայութեան շնորհիւ հայ մշակոյթը կը գոյատեւէ` շեշտելով, որ հայ թատրոնը գոյութիւն ունէր 2000 տարի առաջ եւ անոր անցած երկար ճամբան հպարտութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ ան գոյատեւած է ի գին բազում զոհողութիւններու, շնորհիւ հաւատքի ու տեսիլքի` դաժան պայմաններուն դիմաց: «Թատրոնը դպրոց է, պարտադիր դպրոց կոփելու, կրթելու, ազնուացնելու, բարձրացնելու, դաստիարակելու, գեղարուեստական ճաշակ տալու:  Թատրոնը հաւաքական աշխատանքի եւ նուիրումի արգասիքն է: Թատրոնը ինքնանպատակ արուեստ չէ, այլ` ժողովուրդին ոգի ներշնչող ազդակ», հաստատեց Տէտէեան` կոչ ուղղելով վերանորոգելու ուխտն ու հաւատքը թատրոնին ճամբով ծառայելու հայ ժողովուրդին ու մշակոյթին:

Լիբանանահայ հանրածանօթ բեմադրիչ-թատերագիր Ժալալ Խուրի խօսք առնելով յայտնեց, որ լիբանանեան թատրոնը ծնունդ առաւ 1847-ին, երբ Մարուն Նաքքաշ վերադառնալով Եւրոպայէն, փորձեց հոն գտնուող թատերական արուեստը ներածել Լիբանան` աւելցնելով, որ 60-ական թուականներուն Լիբանանը ապրեցաւ իր թատերական «ոսկեդար»-ը: Ան թուեց հանրածանօթ դերասանները, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցան լիբանանեան թատրոնի զարգացման մէջ, ինչպէս` Անթուան Մուլթաքա, նաեւ հետագային «ժողովրդային» թատրոնին մէջ, ինչպէս` «Շուշու»-ն եւ «Ապու Սելիմ»-ը: Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ լիբանանահայ թատրոնին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան լիբանանեան թատրոնին մէջ, որուն դերակատարներէն էր վերջերս իր մահկանացուն կնքած հանրածանօթ դերասան-բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ թատերական պաշար ունէր, նաեւ մասնագիտական մօտեցում` թատրոնին նկատմամբ: Խուրի նաեւ շեշտեց վաստակաւոր դերասան-բեմադրիչ` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչներէն Վարուժան Խտըշեանի կարեւոր ներդրումը թատրոնի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ դերասաններու պատրաստութեան գործին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը` Ժ. Խուրի անգամ մը եւս հաստատեց, որ լիբանանահայ թատրոնը իր այլազանութեան մէջ ունեցած է իր իւրայատուկ եւ կարեւոր դերակատարութիւնը լիբանանեան թատրոնի զարգացման ու վերելքին մէջ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` նուիրուած լիբանանահայ թատերական կեանքին: Տեսերիզին մէջ կ՛արտացոլային լիբանանահայ բոլոր թատերախումբերուն ունեցած թատերական գործունէութիւնները: Տեսերիզը պատրաստուած էր բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանի կողմէ:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Երեւանէն յատուկ հրաւիրուած, Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար եւ տնօրէն, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի «Դերասանի վարպետութեան եւ բեմադրութեան» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան: Բանախօսութեան նիւթն էր «Ժամանակակից թատրոն. թատրոնը իբրեւ մեր օրերու հայելին»: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց հրաւէրին համար եւ կարեւոր նկատեց Թատրոնի միջազգային օրուան նշումը` շեշտելով, որ թատրոնը հայ ժողովուրդի արեան մէջ է: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ազգը` սփիւռքի տարածքին, ուր որ ալ ապրած է, հոն հիմնած է եկեղեցի, դպրոց եւ ստեղծած է թատրոն` աւելցնելով, որ այս երեքը մեր ապրելու, շնչելու եւ գոյատեւելու կարեւոր դրդապատճառներն են: Փրոֆ. Ռ. Բաբայեան ըսաւ, որ 27 մարտ 1961-ը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հռչակեց Թատրոնի միջազգային օր, որուն նշանաբանն է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութիւն եւ փոխադարձ հասկացողութիւն: Շարունակելով իր խօսքը` ան ողջունեց թատերասէր հանդիսատեսները` շեշտելով, որ թատրոնը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր հանդիսատեսներուն: «Թատրոնը չի մեռնիր: Թատրոնը կ՛ապրի, այնքան ատեն որ մարդիկ պահանջը ունին կենդանի խօսքին, կենդանի շփումին: Ես յուզուած եւ հիացած եմ ու կը խոնարհիմ այն բոլոր երախտաւորներուն դիմաց, որոնք տարիներ շարունակ ոգեշնչուած աշխատանքով զարգացուցած եւ կանգուն պահած են լիբանանահայ թատրոնը», հաստատեց բանախօսը` աւելցնելով, որ թատրոնը իր էութեամբ երիտասարդ է եւ արուեստի միակ ձեւն է, ուր հանդիսատեսը նաեւ ստեղծագործ է: Փրոֆ. Ռ. Բաբայեան յայտնեց, որ թատրոնը երազանք է եւ չի ներկայացներ կեանքը` այնպէս ինչպէս որ է, այլ կը ներկայացնէ կեանքը երազանքի մէջ: Անդրադառնալով սփիւռք – Հայաստան կապին` բանախօսը նկատել տուաւ, որ ինք առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լիբանան եւ այս քանի մը օրուան այցելութեամբ զգացած է, թէ սփիւռք – Հայաստան որքա՛ն իրարու կապուած են եւ իրարու կարիքը ունին, յատկապէս լիբանանահայութիւնը, որ հզօր է իր մտաւոր եւ ստեղծագործական կարողութիւններով` մաղթելով, որ շուտով գտնուին համագործակցութեան եզրերը: Ան շեշտեց, որ հայ թատրոնը եւ հայ ստեղծագործողները արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ` աւելցնելով, որ պէտք չէ բաւարարուինք, այլ` պէտք է մեր ճաշակը զարգացնենք եւ ձգտինք աւելի լաւին: «Այնքան ատեն որ հայ ազգը կայ, հայկական թատրոնը կը գոյատեւէ, որովհետեւ անկարելի է զանոնք իրարմէ անջատել: Անոնք իրարու շաղկապուած են: Հայ թատրոնը հայ ազգին կու տայ լոյս եւ յոյս», եզրափակեց փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան:

Այնուհետեւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան կատարեցին թատերական ընթերցում` «Երջանիկ օր գետափին», հեղինակ` Վաչէ Ատրունի:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան նկատել տուաւ, որ Թատրոնի միջազգային օրը առիթ է արժեւորելու թատրոնի արուեստի երեւոյթ ունենալու նշանակութիւնը` աւելցնելով, որ թատրոնը միշտ քայլ պահած է բոլոր ժամանակներուն հետ, եւ հոն կ՛արտացոլան կեանքի բոլոր երեւոյթները: Թատրոնը այլ արուեստներուն նման ունի կրթող, դաստիարակող եւ ուղղող առաքելութիւն: Դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ հայ ազգը հպարտ է, որ վաղուց որդեգրած է թատրոնի տրամաբանութիւնը եւ անոր զարգացման մէջ ունեցած է իր կարեւոր դերակատարութիւնը: «Թատրոնի պահպանումը մեզի համար շատ կարեւոր առաքելութիւն է եւ այս ուղղութեամբ պէտք է մեր կարելին ընենք` պահելու մեր թատերախումբերը հայրենիքի մէջ թէ այլուր, որպէսզի թատրոնը շարունակաբար մաս կազմէ սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու առօրեայ կեանքին», շեշտեց դեսպան Մկրտչեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով բարձր գնահատեց հայ թատերարուեստի բոլոր ներկայացուցիչներն ու ռահվիրաները, որոնք իրենց ստեղծագործութեամբ փորձած են զարգացնել եւ պահպանել թատրոնը:

Նշենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ սրահի մուտքին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին անցեալի եւ ներկայ լիբանանահայ թատերախումբերու արխիւները, որոնք կ՛երթային մինչեւ 60-ական թուականներ, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 125. Հաջեան Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Տեղեկատուական Օղակի Դերակատարութիւնը` Արցախի Եւ Սփիւռքի Միջեւ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?