Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Մեր Ընտրողներուն Վերադարձուցած Ենք Իրենց Ընտրելու Իրաւունքը»

March 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ համապետական ցանկը գլխաւորող` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ Արտաշատի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի  լաւատեսութեամբ, եւ այդ լաւատեսութիւնը իրական հիմքեր ունի` իրենց աշխատանքին եւ նուիրման արդիւնքով ձեռքբերուած: «Լաւատեսութիւնը մենք երկար տարիներու մեր աշխատանքին գնով վաստակած ենք: Մենք այս ընտրութիւններուն կը մասնակցինք ոչ թէ ոմանց նման խոստումներ տուած եւ մոռցած, այլ` խոստումներ կատարած: Եթէ նայիք Դաշնակցութեան նախորդ նախընտրական ծրագիրներուն, կը տեսնէք, որ հիմնական իմաստը, ինչ որ նախընտրական ծրագիրներուն մէջ միշտ կրկնուած է, նպատակը եղած է վերացնել այն պատճառը, որ այսօր  բոլորս կը մտահոգէ եւ յառաջացուցած է բոլորիս արդարացի դժգոհութիւնը», ըսաւ Ռուստամեան:

Ռուստամեանի համաձայն, երկրին մէջ արմատացած խնդիրներուն պատճառները վերացնող դեղատոմսեր ստեղծած են եւ բաց ճակատով կը  մասնակցին 2 ապրիլին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն: «Մենք երկրին մէջ լուրջ փոփոխութիւններու հիմքեր ստեղծած ենք: Այդ փոփոխութիւնները արդէն գրուած են այն սահմանադրութեան մէջ, որ փոխեց մեր երկրին կառավարման համակարգը, այն Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ, որ փոխեց այդ ընտրութիւններուն բնոյթը: Մարդիկ հիասթափած են, յաջորդաբար ընտրութիւններ տեղի ունեցած են եւ ոչ մէկ փոփոխութիւն եղած է, այպիսով կորսնցուցած են իրենց նշանակութիւնն ու արժէքը, հիմա մենք այս բոլորը վերադարձուցած  ենք ժողովուրդին: Մենք մեր ընտրողներուն վերադարձուցած ենք իրենց հիմնականը` ընտրելու իրաւունքը, որուն խաթարումէն սկսած են մնացեալ բոլորին իրաւունքներուն ոտնահարումը: Խնդիրներուն ընդհանուր լուծումներ պէտք են, համակարգ պէտք է փոխել, ինչ որ ըրած է Դաշնակցութիւնը», ընդգծեց Ռուստամեան` աւելցնելով. «Սերմեր ցանած ենք եւ նոյն սրտցաւութեամբ կ՛ուզենք մշակել, որպէսզի ծիլ տայ, ծաղկի, եւ բոլորս ալ անոնց տուած պտուղներէն օգտուինք»:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւնը Բոլոր Ձեւերով Պիտի Նպաստէ Երկրի Տնտեսութեան Զարգացման

Յաջորդը

Ակնարկ. Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.