Երէկ` երեքշաբթի, 28 մարտ 2017, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած 125-րդ մամլոյ լսարանը` «Արցախի լրատուական դաշտի համապատկերը» նիւթով: Զեկուցաբերն էր Արցախի լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ Միքայէլ Հաջեան:
«Ազդակ»-ի լիբանանեան լուրերու խմբագիր Արշօ Պալեան ողջունեց ներկաները եւ իր խօսքին սկիզբը նշեց, թէ «Ազդակ»` իբրեւ համահայկական օրաթերթ, մօտէն հետեւած է եւ կը շարունակէ հետեւիլ Արցախի վերաբերող իւրաքանչիւր զարգացումի եւ մանրամասնութեան` դառնալով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան անշարժ կամուրջը: Ապա Պալեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը` Արցախի լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ Միքայէլ Հաջեանը արցախեան լրատուական դաշտին համապատկերը տալու:
Միքայէլ Հաջեան նախ անդրադարձաւ Արցախի լրատուական դաշտին մէջ ի սկզբանէ տպագիր մամուլին ունեցած յառաջատար դերակատարութեան, ապա յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան պետական արձանագրութեան վարչութեան տրամադրած տուեալներով, Արցախի մէջ լոյս կը տեսնէ 32 պարբերական` 23.450 օրինակով, իսկ «Դիզակ Փլիւս» հրատարակչութեան տուեալներով, 23 պարբերական` 20.364 օրինակ ընդհանուր տպաքանակով: Ան դիտել տուաւ, թէ Արցախի մէջ լոյս տեսնող շարք մը պարբերականներ, կապուած ֆինանսական միջոցներու սղութեան կամ բացակայութեան հետ, երբեմն լոյս կը տեսնեն ոչ նախապէս յայտարարագրուած պարբերականութեամբ եւ կա՛մ ժամանակաւորապէս, կա՛մ ալ տեւական ժամանակով կը դադրին լոյս տեսնելէ:
Միքայէլ Հաջեան անդրադարձաւ նաեւ տպագիր մամուլի տարածման խնդիրին, թէ ինչպէ՛ս թերթերը գիւղական համայնքներու ընթերցողին չեն հասնիր, կամ ալ կը հասնին զգալի ուշացումներով: Ան հանգամանօրէն խօսեցաւ լրատուական ասպարէզին մէջ մարդուժի պակասին մասին: Արցախի պետական համալսարանէն գերազանցութեամբ աւարտած ուսանողները մեծ մասամբ իրենց գիտելիքներու մակարդակով միշտ չէ, որ կը համապատասխանեն լրագրական աշխատանքի պահանջներուն: Նորերը միշտ չէ, որ վստահելի են իրենց մասնագիտական պատրաստուածութեամբ: Ան կարեւոր նկատեց արցախցի երիտասարդ լրագրողներու կատարելագործման անհրաժեշտութիւնը:
Վաստակաւոր լրագրող Մ. Հաջեանը իր խօսքին մէջ մատնանշեց այն նոր քարոզչական, տեղեկատուական մարտահրաւէրներն ու հրամայականները, որոնց դիմաց կանգնած է Արցախը եւ համայն հայութիւնը: Խօսքը ո՛չ միայն արտաքին քարոզչութեան կամ հակաքարոզչութեան կազմակերպման մասին է, այլեւ Արցախի պարագային հանրային կեանքի լուսաբանման խնդիրին, որովհետեւ արցախեան մամուլի հրապարակումները հիմնականին մէջ կը վերաբերին հանրային տարաբնոյթ միջոցառումներուն եւ շատ յաճախ հաշուետուութեան տեսք ունին: Չնչին բացառութիւններով հանդերձ, մամուլի հրապարակումներուն մէջ կը բացակայի քննադատական խօսքը: Բացի ասկէ, ըսաւ ան, մամուլին մէջ անհրաժեշտ խորութեամբ ու մակարդակով չի լուսաբանուիր պետութեան ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւնը` հիմք ընդունելով պետական կառավարման գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ընդունած իրաւական աքթերը:
Ինչ կը վերաբերի արտաքին քարոզչութեան եւ հակաքարոզչութեան, Մ. Հաջեան նշեց, որ Արցախի լրատուամիջոցներուն կարելիութիւնները առաւել քան սահմանափակ են, որովհետեւ տպագրուելով միայն հայերէն, գրեթէ ընելիք չունին արտաշխարհի մէջ: Այս հարցով զգալի ընելիք ունին Հայաստանի ռուսալեզու թերթերը եւ սփիւռքի այն թերթերը, որոնց համացանցային կայքերը կը ներկայանան նաեւ այլ լեզուներով, որոնք կրնան ներկայացնել արցախեան կեանքը, հիմնախնդիրները եւ ձեռքբերումները, արցախեան քարոզչութիւնն ու հակաքարոզչութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախէն արտերկիր ուղղագիծ լրահոսքի կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:
Մ. Հաջեան անդրադարձաւ նաեւ արցախեան պատերազմէն ետք Արցախի մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու սեփական թղթակիցներու գրեթէ բացակայութեան: Իսկ ապրիլեան պատերազմի օրերուն մեծ թիւով լրագրողներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ժամանած են լուսաբանելու մարտական գործողութիւններուն ընթացքը: Ան դիտել տուաւ, թէ խաղաղ պայմաններուն ալ անհրաժեշտ է խօսիլ ու նիւթեր հրապարակել արցախեան կեանքին մասին:
Անդրադառնալով «Ազդակ»-ի բազմաշերտ աշխատանքին` Հաջեան գնահատեց թերթին կատարած տեղեկատուական օղակի դերակատարութիւնը` Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ:
Խօսքի աւարտին ան շեշտեց ի տարբերութիւն մեր հակառակորդին Արցախ-Հայաստան-սփիւռք մեր ունեցած մեծ ներուժը, որ պէտք է ծառայէ հայութեան զարգացման ու խնդիրներու լուծման, ապա խօսեցաւ նաեւ «Ձայն արդարութեան» ձայնասփիւռի կայանի աշխատանքին մասին, որ հիմնուած է 1997-ին կառավարութեան առաջարկով, եւ որու հիմնադիր ու տնօրէնն է Միքայէլ Հաջեան:
Զեկուցավարը պատասխանեց նաեւ ներկաներուն ուղղած հարցումներուն` արցախեան լրատուադաշտի խնդիրներուն վերաբերեալ: