ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան 27 մարտին Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ բազմամարդ հանրահաւաքին ընթացքին դիմելով ժողովուրդին նշեց, որ 2 ապրիլին ընտրութիւնը անոնցն է, մեր երկրի ապագան անոնց ձեռքն է, եւ կոչ ուղղեց անպայման մասնակցելու քուէարկութեան, անկախ անկէ, թէ որո՛ւն կը քուէարկեն` կարեւոր է, որ բոլորը մասնակցին քուէարկութեան:
«Որեւէ քուէարկութիւն, որ ազատ կամքով կը կատարուի ազատ քաղաքացիի կողմէ, ատիկա Դաշնակցութեան յաղթանակն է, որովհետեւ ատիկա նոր սկիզբի առաջին քայլն է, որովհետեւ ատիկա արդար Հայաստանի առաջին քայլն է: Մի՛ խաբուիք այն բամբասանքներով, որ կ՛ըսեն, թէ ամէն ինչ արդէն որոշուած է անկախ ձեր քուէարկութենէն, այդպէս չէ, եթէ այդպէս ըլլար այսքան շատ ընտրակաշառքի մասին չէին խօսեր, ընտրակաշառքի արժէքը չէին բարձրացներ կամ իջեցներ: Գիտցէք` ո՛չ միայն ընտրակաշառքն է քրէօրէն պատժելի, այլ նաեւ ընտրակաշառք ստանալն է քրէօրէն պատժելի», ասաց Մանոյեանը:
Մանոյեանը, դիմելով ներկաներուն, նշեց, որ եթէ իրենց քուէն տան Դաշնակցութեան, ապա այդ ձայները չեն փոշիանար: Ըստ Մանոյեանի, Ազգային ժողովին մէջ չկայ ուժ մը, որ միայն 5 աթոռ ունենալով կատարած ըլլայ այնքան գործ, որքան Դաշնակցութիւնը, եւ ատիկա ան ըրած է ե՛ւ ընդդիմութեան մէջ, ե՛ւ իշխանութեան մէջ: