Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութիւնը Բոլոր Ձեւերով Պիտի Նպաստէ Երկրի Տնտեսութեան Զարգացման

March 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամները նախընտրական քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցած են Տաւուշի մարզի շարք մը համայնքներու բնակիչներուն հետ: Դաշնակցականները` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի եւ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ  զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի գլխաւորութեամբ, շրջած են մարզի շարք մը համայնքներու մէջ, ապա կանգ առած Գանձաքարի մէջ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան գանձաքարցիներուն կոչ ուղղեց` նախապատուութիւնը տալու ՀՅԴ-ին, քանի որ ՀՅԴ-ն առաւելութիւն ունի, եթէ բաղդատենք միւս քաղաքական ուժերուն հետ: Վարդանեան թուեց առաւելութիւնները:

«Ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ մէկ անձի կուսակցութիւն չէ: Կը տեսնէք, որ շատեր կախեալ են մէկ անձէ, այդ անձը ինչ որ ըսէ, միւսները կը կրկնեն, այդ մարդը եթէ չըլլայ, կուսակցութենէն ոչինչ կը մնայ: Ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ հաւաքական ղեկավարութիւն ունի: Միայն Դաշնակցութիւնն է, որուն բոլոր տարածքային թեկնածուները կողք -կողքի կ՛աշխատին մէկ նպատակի` կուսակցութեան ձայն բերելու համար: Իսկ մնացած քաղաքական ուժերու թեկնածուները մէկը միւսէն ձայն կը խլէ, եւ կը մրցին իրարու դէմ», ըսաւ Վարդանեան:

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ ըլլալով` իրենք բոլոր ձեւերով պիտի նպաստեն երկրի տնտեսութեան զարգացման:

«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ կառավարութեան մէջ: Դուք շատ լաւ կը յիշէք, 8-9 տարի առաջ մենք մէկ օրուան ընթացքին դաշնակցական բոլոր նախարարներով հրաժարեցանք մեր պաշտօններէն հայ-թրքական արձանագրութիւններուն պատճառով: Նոյնը մենք պատրաստ ենք ընել, եթէ ապագայ կառավարութիւնը չառաջնորդուի տնտեսական այն բարեփոխումներով, զորս մենք որդեգրած ենք», եզրափակեց Լոքեան:

 

Նախորդը

Քոնկրեսականները Ներկայացուցած Են Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւ Մը` Կոչ Ուղղելով Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Մեր Ընտրողներուն Վերադարձուցած Ենք Իրենց Ընտրելու Իրաւունքը»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.