ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած` ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր
20 յուլիսէն 29 յուլիս 2017
Երեւան, Հայաստան
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը սպասուած եւ միշտ յաջողութեամբ պսակուող աւանդութիւն մըն են ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ, այդ առիթով հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ականներ, աշխարհի չորս ծագերէն, կը մէկտեղուին մրցելու, բարեկամանալու եւ իրենց հայկականութիւնը զօրացնելու: Մարզախաղերը տեղի կ՛ունենան չորս տարին անգամ մը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ ունեցող տարբեր երկիրներու մէջ:
ՀՄԸՄ-ի 99-ամեայ պատմութեան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով, համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւան, Հայաստանի մէջ, 20-էն 29 յուլիս 2017-ին: Սոյն մարզախաղերը նուիրուած են ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին:
Մարզախաղերուն պիտի մասնակցին մօտաւորապէս 900 մարզիկներ, որոնք Երեւանի մէջ պիտի համախմբուին` գալով աշխարհի զանազան երկիրներէ, իրենց հայրենի հողին վրայ մրցելու եւ անոր նկատմամբ իրենց ունեցած սէրն ու կարօտը յագեցնելու համար:
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն հետեւեալ մարզաձեւերը.-
– Տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ
– Կրտսեր տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլ
– Տղոց եւ աղջկանց անհատական ճատրակ
– Տղոց ֆութպոլ
– Աղջկանց վոլիպոլ
– Տղոց եւ աղջկանց ֆութսալ
– Տղոց եւ աղջկանց աթլեթ
– Տղոց եւ աղջկանց թենիս
– Տղոց եւ աղջկանց փինկ-փոնկ
– Տղոց եւ աղջկանց լող
Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը լաւագոյն ձեւով իրագործելու եւ ՀՄԸՄ-ի մասին հայրենի ժողովուրդին աւելի լայն ծանօթութիւն տալու համար, նկատի առնուած է բացման հանդիսութիւն մը` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որուն պիտի հրաւիրուին պետական ու միութենական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը: Տեղի պիտի ունենայ տողանցք` մարզիկներու մասնակցութեամբ, իսկ աւարտին երգահանդէս-փառատօն մը` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած երգիչներու մասնակցութեամբ:
Մարզախաղերու մասնակից մարզիկներն ու յանձնախումբերու անդամները Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ յարգանքի իրենց տուրքը պիտի մատուցեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Մասնակիցներուն համար նկատի առնուած են նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ ու նաեւ հանրային ծառայութեան աշխատանքներ:
Հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցող Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը իրենց աւարտին պիտի հասնին յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով` պաշտօնական անձնաւորութիւններու, հիւրերու եւ մարզիկներուն ներկայութեան: Մարզիկներ, մարզիչներ եւ պատասխանատուներ պիտի վերադառնան իրենց երկիրները, իննօրեայ անմոռանալի պահերէ ետք, Հայաստանի նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը վերանորոգած եւ կրկին ու կրկին հայրենի հողին վերադառնալու կարօտով լեցուն:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու կապուած տեղեկութիւններու համար կրնաք կապուիլ office@homenetmen.org ե-նամակի հասցէին:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ



