Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Մեր Կուսակցութիւնը Երբեք Իր Գոյնն Ու Տեսակը Չէ Փոխած»

March 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

127 տարուան ընթացքին Դաշնակցութիւնը նոյն դէմքը, դիմագիծը, սկզբունքներն ու նպատակները ունեցած է` պահպանելով իր տեսակը: Այս մասին երէկ Սեւանի մէջ նախընտրական հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ համապետական ցանկը գլխաւորող, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ռուստամեանի համաձայն, ՀՅԴ-ն իրական կուսակցութիւն է, հաւաքական ուժ, որ որեւէ գործ չի ստանձներ, եթէ անոր համոզուած չըլլայ:

«Նոյն ձեւով կը գործէ մեր ընտրազանգուածը: Մեզի համար ոչ թէ  ընտրազանգուած է, այլ աւելի` համակիրներ, որոնք միշտ մեզի հետ եղած են, ամէն օր, ամէն ժամ հետեւած են Դաշնակցութեան ըսածին, պահուածքին, քայլերուն»:

Ըստ Ռուստամեանի, շատ կուսակցութիւններ, որոնք կը քննադատեն Դաշնակցութիւնը կամ չեն ըմբռնած ՀՅԴ-ին կատարածը, ոչ թէ 127 կամ 27 տարուան, այլ նոյնիսկ 127 ամսուան պատմութիւն չունին եւ տակաւին յայտնի ալ չէ` եթէ վաղը իրավիճակի փոփոխութիւն տեղի ունենայ, անոնք կը մնա՞ն քաղաքական դաշտին մէջ, թէ՞ ոչ:

Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի շարք մը խմբակցութիւններու հետ. «Կարգով նայինք. մէկը 5 տարի առաջ անունով մըն էր, հիմա ուրիշ անունով հանդէս կու գայ:  Կուսակցութիւն մը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, պառակտուեցաւ. հինգ հոգի էին, հինգն ալ հիմա տարբեր տեղերու մէջ են: Մէկ այլ կուսակցութիւն երեք տեղ բաժնուած է, մէկը «Ելք»-ի, մէկը` ՀԱՔ-ի, միւսը` Ազատ դեմոկրատներու: Միւսն ալ երեք-չորս տեղ բաժնուած է: Դաշնակցութիւնը, ինչպէս եղած է Դաշնակցութիւն, այդպէս ալ մնացած է ոչ թէ այս հինգ, այլ 127 տարուան ընթացքին, իսկ ասիկա ինքնին արժէք է:

Մենք այսօր չենք եկած խոստումներ տալու: Մենք եկած ենք մեր կատարած գործով: Մենք եկած ենք` արդէն ճամբայ անցած, որ մեր տարիներու պայքարը եղած է»:

Ռուստամեանի համաձայն, անոնք, որոնք կը խօսին անարդարութեան դրսեւորումներուն մասին, չեն ուզեր անդրադառնալ կամ անոնց պարզապէս ձեռնտու չէ խոստովանիլ, որ անոր հիմքը քաղաքական համակարգն է, այն համակարգը, որ ծնած է այդ անարդարութիւնները:

 

 

Նախորդը

Որեւէ Քուէարկութիւն, Որ Կը Կատարուի Քաղաքացիին Ազատ Կամքով Ատիկա Դաշնակցութեան Յաղթանակն Է

Յաջորդը

Խմբագրական. Գաղափարական Անվտանգութեան Պահպանման Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.