Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Քրիստինէ Սահակեանի Անզուգական Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

Մարտ 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, երէկ` ուրբաթ,  24 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արիաներ եւ ռոմանսներ» խորագիրը կրող համերգ մը` կատարողութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Քրիստինէ Սահակեանի (Մեցցօ-սոփրանօ), դաշնակի ընկերակցութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Ազնաւուրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Համազգայինի 2016-2017 տարեշրջանի համերգային ծրագիրներու կողքին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մէկ գեղեցիկ դրսեւորումն է այս համերգը, որ եզակի առիթ պիտի ընծայէ հաղորդուելու բարձրորակ արուեստին հետ: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, երգչուհին հիւրընկալող տէր եւ տիկին Նուրիճան Տէմիրճեանին եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուութեան բաժանմունքին:

Պետական եւ միջազգային մրցումներու դափնեկիր եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող երգչուհի Քրիստինէ Սահակեան յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուց Պ. Մարչելոյի «Իլ միօ պել ֆոքօ», Ճ. Պիզէի սեկետիլլան «Քարմէն»-էն, Ալ. Սպենդիարեանի Ալմաստի արիան համանուն օփերայէն, Տ. Ջուխաճեանի Փառանձեմի արիան «Արշակ Բ.» օփերայէն, Բ. Մասքանիի Սանթուցցա արիան «Քաւալերիա Ռուսթիքանա»-էն, Ֆ. Չիլէայի Ատրիանայի արիան «Ատրիանա Լեքուվերըր»-էն, Ք. Սան-Սոնսի Տիլայլայի արիան «Սամսոն եւ Տիլայլա»-էն, Հ. Բըրսելի Տիտոյի արիան «Տիտօ եւ Անէաս»-էն, Ք. Կլուքի «Օրֆէօ էտէ էուրիտիչէ»-էն արիա մը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով երգչուհին մեկնաբանեց Էտ. Կրիկի «Իխ լիպը տիխ», Ռախմանինովի «Էվրի թինկ իս էֆեմըրըլ» եւ «Մայ չայլտ, եուր պիութի իս տաթ աֆ ֆլաուըր» երգերը, ինչպէս նաեւ Ռ. Մելիքեանի «Վարդը», Եդ. Միրզոյեանի «Ասում են թէ…», Ե. Աբրահամեանի «Ես յիշում եմ աչքերը քո» երգերը, ուշագրաւ էին ու շատ գեղեցիկ Կոմիտասի «Հով արէք» եւ Բ. Կանաչեանի «Օրօր» երգերու կատարումները:

Շուրջ մէկ ժամ Քրիստինէ Սահակեանի եւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի կատարումներուն շնորհիւ լիբանանահայ հանդիսատեսը բարձրորակ երաժշտութեամբ հոգեկան վայելքի պահեր ապրեցաւ եւ ըմբոշխնեց համաշխարհային երաժշտութեան եզակի ստեղծագործութիւններ ու հայ երաժշտական գոհարներ:

Երկար հնչեցին ծափահարութիւններ, այնքան երկար, որ երգչուհին մեծ սիրով հանդիսատեսին մեկնաբանեց «Կիլիկիա» մաղթերգը: Ծաղկեփունջերն ու ներկաներուն ջերմ շնորհաւորութիւնները պարուրեցին երգչուհին ձեռնարկի աւարտին:

 

Նախորդը

Դամասկոս. Դամասկահայ Մը` Թեթեւ Կերպով Վիրաւորուած

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Էրտողանը Փոխանակ Եւրոպային Դաս Տալ Փորձելու, Հայ Ժողովուրդին Դէմ Իր Պապերուն Գործած Ոճիրը Թող Ընդունի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?