Նախարար Կիտանեան Ֆաթհալիի Հետ Քննարկեց Իրան Կատարելիք Իր Պաշտօնական Այցելութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ կիրակի օր Իրան կատարելիք իր երկօրեայ այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ա. Կիտանեան Թեհրանի մէջ ներկայ պիտի գտնուի տեղի ունենալիք զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին` ընդառաջելով Իրանի փոխնախագահին, որ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարն է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջական մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով: Նախարար Կիտանեան հետեւեցաւ...




















