Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ Եւ Հոգեհանգիստ

Մարտ 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միքայէլ Հաջեան. «Մեր Որդիներու Կորստեան Ցաւն Ու Կսկիծը Մեզի Ա՛լ Աւելի Կը Միաւորէ, Կը Դարձնէ Միս Ու Արիւն, Մէկ Սիրտ Ու Հոգի, Մէկ Մարմին»

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն մինչեւ այսօր լիբանանահայութիւնը ոչ մէկ առիթ բաց ձգած է ցուցաբերելու իր պայքարի ոգին, հաստատելու իր կամքը եւ վճռակամութիւնը Արցախին ու հայութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման սատար կանգնելու առումով: Լիբանանահայութիւնը իր նահատակներուն ու հայրենիքին հանդէպ միշտ իր ուխտը նորոգած է իր ազգային, կուսակցական, կրթական ու հոգեւոր կառոյցներու կազմակերպած քարոզչական ու գաղափարական ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով, որոնցմէ մէկն էր ՀՅԴ քարոզչական մարմնի կազմակերպած «Մ՛իշտ Արցախի հետ» խորագիրը կրող  ժողովրդային յիշատակի հանդիսութիւնը` 2016 ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն նուիրուած, որ տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 29 մարտ 2017-ին, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու եւ պետական գործիչներու: Նոյն առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին երեք համայնքապետերու նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին, որմէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, նահատակ Նորայր Հաջեանի հայր Միքայէլ Հաջեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ծաղկեպսակ զետեղեցին Նահատակաց յուշակոթողին` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագակցութեամբ: Ապա բոլոր ներկաները ուղղուեցան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգներուն ունկնդրութեամբ սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աշոտ Բագրատունի, որ նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները` յարգելու համար ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներուն յիշատակը, ապա ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին հայ ժողովուրդը յաղթած է նահատակութեամբը իր զաւակներուն, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերելով զոհաբերութեան բագինին մեզի նուիրած են հայրենիքը, անկախութեան եւ ազատութեան անուշահոտ բոյրը, ապահով ապագայի քաղցրութիւնը, մանուկներու ժպիտը, եկեղեցիներու ղօղանջները: Աշոտ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ նահատակութիւնը հզօր ցաւ է, բայց կը հզօրացնէ ազգը: Ան ըսաւ, որ հայ ազգը դատապարտուած է հաւաքական զոհողութեան, պատմութեան ընթացքին միշտ պէտք  եղած են նահատակ հերոսներ, միշտ ալ  պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ հայ բանակը կանգնած է Արցախեան սահմաններուն վրայ, այնքան ատեն որ ՀՅԴ-ն գրկած է իր ժողովուրդը օտարութեան ափերուն: Ան եզրափակեց նշելով. «Մեր մայրերը պիտի շարունակեն ծնունդ տալ  նոր հերոսներու, նոր նահատակներու: Այսօր Արցախ անկախ է եւ ազատ, անկախութեան հովերը կը փչեն Արցախէն արեւմուտք` շոյելով մեզի կարօտող մեր արեան ծարաւ արեւմտեան Հայաստանի բարձունքները եւ ձորերը»:

Ցուցադրուեցաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին պատմող տեսերիզ մը, որմէ ետք Մարտիկի երգը ներկայացուց Մինաս Ադամեան` նուագակցութեամբ Արի Տագէսեանի:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան անդրադառնալով տարի մը առաջ տեղի ունեցած ապրիլեան իրադարձութիւններուն, որոնք խոր հետք ձգած են մեր հաւաքական յիշողութեան վրայ եւ բազմաթիւ մտորումներու առիթ հանդիսացած,  ըսաւ, որ պէտք է անընդհատ խօսուի եւ յիշուի, որ մենք ականատես եղանք մեր ժողովուրդի հերոսացման հերթական դրուագի մը, երբ խրամատներուն մէջ երիտասարդները իրենց կեանքը զոհեցին` ապացուցելով, որ հայրենիքի զինուորէն աւելի բարձր կոչում չկայ եւ միայն այն զոհողութեան միջոցով կարելի է պահել հողը եւ ապահովել ժողովուրդներու, երկու պետականութիւններու անվտանգութիւնն ու խաղաղ զարգացումը: Դեսպանը հաստատեց, որ իրադարձութիւնները վառ կերպով ցոյց տուած են աշխարհի տարածքին համահայկական համազգային համերաշխութիւնը, կրկին անգամ աշխարհի բոլոր անկիւններուն եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հայութեան տարբեր հատուածները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցած են հակառակորդի նենգ գործողութիւններուն դէմ, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած են հայ ժողովուրդի արդարացի այդ կռիւի դրուագին եւ նեցուկ կանգնած իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ զինուորներուն:

Դեսպան Ս. Մկրտչեան դիտել տուաւ, որ ապրիլեան դէպքերէն մեր քաղած դասերէն է այն խոր համոզումը, որ մեր իրաւունքները պաշտպանելու ընթացքին մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարը առաջ տանելու առումով նախ եւ առաջ պէտք է ապաւինինք մեր ուժերուն, մեր զէնքին, մեր բազուկի կարողութեան, այլապէս կը կանգնինք աւելի լուրջ խնդիրներու դիմաց: Ամէն անգամ տեսնելով սահմանապահ դիրքերը պաշտպանող զինուորներուն հաւատամքը,  անոնց ամրութիւնը, որ իրենք պաշտպանելով իրենց ընտանիքները, կը պաշտպանեն մեր ազգը, մեր ժողովուրդի հաւաքական գոյատեւման իրաւունքը, մենք կը ներշնչուինք այդ հաւատքով եւ կը համոզուինք, որ այս հաւատամքով եւ ոգիով մենք կը հասնինք մեր առջեւ դրուած նպատակներու իրականացման:

Դեսպան Մկրտչեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Ոգեւորուելով իրադարձութիւններու հերոսականացման եւ հաւաքական ոգիի դրսեւորումներէն, մեր հետագայ քայլերը պիտի կառուցենք համոզուած ըլլալով, թէ ինչքա՛ն ալ դաշնակիցներ ունենաք, ինչքա՛ն ալ փորձենք ակնկալել ուրիշներու օգնութիւնը, միեւնոյնն է, նախ եւ առաջ պիտի ապաւինինք մեր ուժերուն, մեր սեփական կարողութիւններուն եւ կարելիութիւններուն, որպէսզի ամրապնդենք եւ  առաջ երթանք մեր նպատակներու իրականացման առումով»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Շահան Գանտահարեան: Ան խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ ապրիլեան պատերազմի փոխանցած ուղերձները, պատահածին հետեւանքները եւ քաղելիք դասերը վերլուծելը կ՛ենթադրէ տարբեր ուղղութիւններու վրայ լուսարձակի տակ առնել թէ՛ նախաապրիլեան ժամանակահատուածը, թէ՛ քառօրեայ պատերազմը եւ թէ՛ մանաւանդ անոր հետեւող ժամանակահատուածը մէկ տարուան կտրուածքով: Շահան Գանտահարեան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ռազմական առումով հայկական կողմի մարտունակ գերակայութիւնը եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն մօտ սեփական հայրենիքի համար պայքարելու համոզումի բացակայութիւնը ազդած էին Պաքուի ռազմական հաշուարկներուն վրայ, եւ Պաքուն չէր յաջողած լուծել իր առջեւ դրած ռազմական խնդիրները: Ան դիտել տուաւ, որ ապրիլեան պատերազմի բերումով ստեղծուած համազգային համախմբման ալիքի բարձրացման իրականութենէն ետք, հարցականի տակ առնել պաշտպանական համակարգերու պաշտօնական հաղորդագրութիւններով յայտարարուած տեղեկատուութիւնը. ոչ միայն ճիշդ չէ, այլ նաեւ վնասակար է ազրպէյճանական յառաջխաղացքի կասեցումի հայկական յաղթանակը խնդրոյ առարկայ դարձնելով աճապարանքով խօսիլ կորուստներու, թոյլ կէտերու, բանակին մէջ շահագործման երեւոյթներու մասին:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքական տուեալներուն, Շ. Գանտահարեան ուշադրութեան յանձնեց հայկական կողմի յստակ առաւելները: Ան ըսաւ, թէ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Վիեննայի հանդիպումը լուսաբանող հաղորդագրութիւնը յղում կը կատարէր 1994-ի հրադադարի պայմանագիրին: Բանակցութիւններէն վաղուց բացակայող այս պայմանագիրին վերստին յղում կատարելը կարելի է նկատել քաղաքական առաւել հայկական կողմին համար  պարզ այն պատճառով, որ պայմանագիրը եռակողմ էր եւ ներառած նաեւ Ստեփանակերտը` իբրեւ անկախ  բանակցող կողմ: Այս մէկը միակ փաստաթուղթն է, միակ պայմանագիրը, որ նաեւ վերահաստատուեցաւ տարի մը ետք, երբ Արցախի Հանրապետութիւնը իբրեւ երրորդ եւ անկախ բանակցող կողմ կ՛ընկալուէր միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Անդրադառնալով ապրիլին նոր համակարգի անցում կատարող Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին` Գանտահարեան հարց տուաւ, թէ ո՞ր ուժն է, որ յստակ ծրագիր, հայեցակարգ, ընելիք ամրագրած է եւ հետեւողականութիւն ցոյց կու տայ առանց զիջելու զարգանալու գաղափարախօսութիւնը առաջ քշելով, որուն համար Արցախը նախընտրական քարոզարշաւի նիւթ չէ, որուն համար Արցախը գոյութեան կռիւ է սահմանին թէ եւրոպական ատեաններու մօտ: Շ. Գանտահարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի պետականութեան կերտման գլխաւոր ուժն է, առաջին խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութիւնը, որ Արցախի համար թէ՛ նահատակ կու տար, թէ՛ միջազգային ատեաններու նախասրահներուն մէջ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման համար հետեւողական պայքար կը մղէր, ապա ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը կերտեց Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնն ու անոր խորհրդարանը. Դաշնակցութիւնը կերտեց Արցախի, ազատ Արցախի առաջին խորհրդարանը: Այսօր եւս Հայաստանի նոր համակարգի անցում կատարելու ետին կանգնած է Դաշնակցութիւնը: Բնականաբար կ՛ակնկալուի, որ նոր խորհրդարանի մէջ հիմնական դեր ունենայ առանց զիջելու զարգանալու գաղափարախօսութիւնը առաջադրած ուժը: Պատերազմը չէ աւարտած մեր դէմ եւ մենք այս պայմաններուն մէջ սահմաններու անառիկութեամբ զարգանալու ուղիները զարգացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք ազգովին»:

Գանտահարեան նաեւ ըսաւ, որ ապրիլ ամիսը համայն հայութեան համար պահանջատիրութեան խորհրդանիշ ամիս մը ըլլալով հանդերձ ապրիլեան պատերազմին ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակի ամիսն է: Ազատագրուած տարածքներուն, շփման գիծերու թէ հայկական դիրքերը մինչեւ վերջին շունչ չլքելու պահուն ինկած հերոսները ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեան զոհերուն, ժողովուրդը դարձեալ նոր եղեռնի ենթարկելու վտանգէն փրկած զոհեր են: Շնորհիւ Արցախի հերոսներուն է, որ ոչ միայն Արցախը, այլ նաեւ ամբողջ հայկական աշխարհը կը շնչէ, կ՛արարէ, կը ստեղծագործէ եւ կը զարգանայ: Այո՛, կը զարգանայ առանց զիջելու:

Շահան Գանտահարեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ապրիլը` նահատակները ոգեկոչելու, պահանջատիրութիւնը վերանորոգելու ամիս է: Ապրիլը նաեւ առիթ է յիշեցնելու, որ մենք այլեւս ունինք հզօր բանակ, որ գիտէ զսպել թշնամիին կողմէ սանձազերծուած որեւէ ռազմական արկածախնդրութիւն, որ գիտէ կանխել հայ ժողովուրդին դէմ նիւթուող որեւէ եղեռնագործութիւն, որ այսօր ունի նաեւ ռազմական գերյագեցած արհեստագիտութիւնը թշնամիին վերահսկած տարածքներուն մինչեւ խորերը տեսնելու, այնտեղի շարժումները նկատելու եւ ամէն նախապատրաստուող ոտնձգութիւն իր նախնական վիճակին մէջ չէզոքացնելու: Շնորհիւ հերոսաբար ինկած նահատակ զինուորներուն, այսուհետեւ ապրիլը նաեւ ուժական միջոցով Ցեղասպանութեան որեւէ փորձ կանխարգիլող հայկական ուժի խորհրդանիշ ամիս է»:

Ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` մեկնաբանելով «Երազ իմ երկիր» երգը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ նահատակ Նորայր Հաջեանի հերոսութեան մասին վկայող տեսերիզ մը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, քառօրեայ պատերազմի նահատակ Նորայր Հաջեանի հայրը` լրագրող-հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեան: Ան յայտնեց, որ Արցախի մէջ բոլորին համար հաստատուն, անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ առանց մայր հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական սփիւռքի համակողմանի աջակցութեան անկարելի էին եւ են արցախցիներուն յաղթանակները ռազմի դաշտին վրայ, շօշափելի ձեռքբերումները անկախ պետականութեան կերտման, պատերազմի ծանր հետեւանքներու վերացման, քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման ու զարգացման, բանակի կայացման եւ Արցախի ժողովուրդի բարեկեցիկ ապահովման մէջ: Միքայէլ Հաջեան դիտել տուաւ, թէ արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի եւ պատերազմի ընթացքին, հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր լաւագոյն եւ ամէնէն արժանաւոր զաւակներէն աւելի քան վեց հազար հոգի, որոնց անունն ու սխրանքը ոսկիէ տառերով գրուած են նորագոյն ժամանակներու հայոց պատմութեան մէջ, եւ անոնց պայծառ յիշատակը անջնջելի է ներկայ եւ գալիք սերունդներու յիշողութեան մէջ:

Իբրեւ ապրիլեան պատերազմին կորուսեալ որդիի տէր ծնող, ան ըսաւ, որ «Մեր որդիներուն կորստեան ցաւն ու կսկիծը, ի լրումն միւս բոլոր ածանցեալներուն, մեզի ա՛լ աւելի կը միաւորէ, կը համախմբէ, կը դարձնէ մէկ միս ու արիւն, մէկ սիրտ ու հոգի, մէկ մարմին: Մենք բոլորս ականատես վկան ենք, որ հերոս տղաներու անձնազոհ նուիրումին շնորհիւ է, որ ձախողեցան ոխերիմ թշնամիի նկրտումները», ապա հաստատեց, որ հնարաւոր չէ առանց հպարտութեան գիտակցիլ այն խիզախումն ու սխրանքը, որով հայրենի եզերքի պաշտպանութեան ելած զինուորները եւ կամաւորական աշխարհազօրայինները ցուցաբերեցին կենաց ու մահուան այդ կռիւներուն: Կարելի չէ  առանց հպարտութեան ականատես ըլլալ արցախեան ազատամարտի մասնակից կամաւորականներու  ներհոսքին ինչպէս Արցախի շրջաններէն, նոյնպէս եւ քաղաքամայր Երեւանէն եւ Հայաստանի մարզերէն, սփիւռքէն դէպի Ստեփանակերտ եւ Ստեփանակերտէն դէպի առաջաւոր գիծ: Կարելի չէ առանց հպարտութեան մտածել, որ համազգային այդ համախմբման, մարտական դիրքապահութեան անցած զինուորներու եւ կամաւորներու միացեալ, հուժկու հակադարձման շնորհիւ է, որ Պաքուն իր կաշիին վրայ զգաց նոր տարածքներու կորստեան վտանգը եւ շտապեց դիմել Մոսկուային` խնդրելով միջնորդել հրադադարի վերականգնման հարցին մէջ:

Հաջեան յայտնեց, որ զինուորական փորձագէտներու գնահատումով, եթէ  Մոսկուայի միջամտութիւնը չըլլար, հայկական զօրքերու հակայարձակումը ժամերու հարց էր, յառաջխաղացումը դէպի հակառակորդի թիկունքային խորք` անկասելի: Նոյն այդ միջամտութեան արդիւնքով ապրիլ 5-ին հաստատուած հրադադարի պատճառով է, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները չհասցուցին ազատագրել պատերազմի առաջին օրը թշնամիին գրաւած քանի մը դիրքերը շփման գիծի հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներուն մէջ:

Բանախօսը նշեց, որ մարտական գործողութիւններու այդ վայրերուն` դիրքերու մօտ տարածքներուն վրայ ապրիլին եւ ապրիլէն ետք դիրքապահ զինուորներու, կամաւորականներու ուժերով ներկայիս կանգնեցուած են խորհրդանշական յուշաքարեր` նահատակուած զինակիցներու անուն-ազգանուններով, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Այդպիսի յուշաքար մը տեղադրուած է նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի մերձակայ խճողիի եզրին` այն դիրքէն գրեթէ հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր արկի պայթումէն միաժամանակ նահատակուած են Նորայր որդիս եւ նոյն «Արծիւ-24» կամաւորական գումարտակի անդամ, անոր զինակից ընկեր Սարգիս Խարաֆեան: Այդ եւ միւս բոլոր յուշաքարերը ներկայիս կը գտնուին դիրքապահ զինուորներու մնայուն խնամքին ու հոգածութեան ներքեւ: Ըսել է, որ իմացեալ մահով կեանքը նուիրաբերած տղաները այսօր ալ կան ու կը շարունակեն կեանքի կոչել հայոց սուրբ առաքելութիւնը` հող հայրենիի պաշտպանութիւնը»:

Ձեռնարկը փակուեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի «Նորօրեայ զինուորին» երգով:

Նախորդը

ՀՄԸՄ. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը «Եփրատի Վահան»-ի Աւարտը Յայտարարեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?