Երէկ` երկուշաբթի, 27 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն 124-ը` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: «Գաղափարական բանավէճի բացակայութիւնը` Հայաստանի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին» խորագիրով լսարանին զեկուցաբերն էր Վաչէ Բրուտեան:
Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան իր խօսքը սկսաւ նշելով, որ միայն 6 օրեր մեզ կը բաժնեն Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն: Ան ըսաւ, որ այս ընտրութիւնները պիտի ըլլան իրենց տեսակին մէջ առաջինը` նկատի ունենալով, որ տեղի պիտի ունենան ամբողջութեամբ համամասնական դրութեամբ, եւ այս ընտրութիւններէն կազմուելիք խորհրդարանը պիտի ըլլայ հիմնադիր խորհրդարան` Հայաստանի նորացուած սահմանադրութեամբ կազմուելիք խորհրդարանական համակարգին: Յակոբեան աւելցուց, որ նախքան սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, այս փոփոխութեան կողմնակից ուժեր եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ն կը շեշտէին, որ այս համակարգին մէջ աւելի առիթներ պիտի ըլլան կուսակցութիւններու կայացման եւ դաշինքներու ստեղծման: Ժաք Յակոբեան շեշտեց սակայն, որ նախընտրական շրջանին կազմուած այս դաշինքները գաղափարական հիմքերու վրայ չեն ստեղծուած, այլ անոնք անձնականացուած դաշինքներ են, այս ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ արդէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին այս դաշինքներէն ոմանց բաղկացուցիչ մասերը իրարու դէմ պայքարած էին: Ան ըսաւ, թէ թերեւս նախընտրական պայքարին մէջ միակ քաղաքական ուժը ՀՅԴ-ն է, որ գաղափարական երանգ փոխանցեց ընտրապայքարին: Ապա Յակոբեան հրաւիրեց Վաչէ Բրուտեանը աւելի մանրամասն ներկայացնելու իր նիւթը` Հայաստանի նախընտրական ընտրապայքարին ընթացքին գաղափարական բանավէճի բացակայութեան մասին:
Վաչէ Բրուտեան իր խօսքը սկսաւ նշելով, որ երբ կը խօսինք Հայաստանի գաղափարական դաշտի ամայութեան մասին, պէտք է հաշուի առնել այս ամայութեան հասցնող տարբեր դրդապատճառները: Ան անդրադարձաւ Խորհրդային Միութեան անկման, որուն պատճառով Արեւմուտքը տարածեց այն գաղափարը, որ աշխարհին մէջ տեղի ունեցածը դրամատիրութեան յաղթանակն է եւ խորհրդային ընկերվարութեան անկումը: Սակայն, Բրուտեան նշեց, որ Խորհրդային Միութիւնը կարելի չէ նկատել ընկերվարական համակարգ, այդ համակարգը համայնավար բռնատիրական վարչակարգով ղեկավարուած համակարգ մըն էր, որ տեսականօրէն կ՛ընդգրկէր ընկերվարութեան կարգ մը տարրերը միայն: Այս ժամանակաշրջանին է, որ Արեւմուտքը նպատակադրեց Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս տարածել նոր-ազատական գաղափարախօսութեան հիմքերը: Բրուտեան ըսաւ, որ այս իրադարձութիւնները յատկապէս կը նպատակադրէին օգտուիլ ռուսական գիտական զարգացումներէն, հանքերէն եւ այլն: Վաչէ Բրուտեան ըսաւ նաեւ, թէ այդ բոլոր իրադարձութիւնները ծնունդ առին տնտեսական նոր-ազատական գաղափարներու տարածման ալիքէն, որ կը նպատակադրէր վերացնել ռուսական համայնական տնտեսութիւնը: Այս շարժումը ներառեց նաեւ Հայաստանը, ուր երեւան եկան սեփականաշնորհումներու նոր հարուածներ, եւ երկրին տնտեսութեան 80 առ հարիւրը եղաւ քանի մը անձերու տիրապետութեան տակ:
Վաչէ Բրուտեան յայտնեց, թէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գաղափարական բանավէճ տեղի չունեցաւ, որ որոշուի, թէ ի՛նչ ձեւի տակ պէտք է ստեղծուի նորածին այս հանրապետութեան համակարգը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած համակարգը հիմնուած էր նոր-ազատական, ընկերային տարուինականութեան սկզբունքներուն վրայ: Նախագահ Քոչարեան փորձեց բարելաւումներ կատարել երկրին մէջ, ան մանաւանդ փորձեց ստեղծել միջին խաւ մը, որուն ստեղծման առաջին նշոյլներէն իսկ բարգաւաճումի յոյսեր ներշնչեց Հայաստանի ժողովուրդին: Բրուտեան աւելցուց, որ Ս. Սարգսեան նախագահ ընտրուեցաւ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական աղէտի ժամանակ, երբ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները աղքատութեան ալիքի ազդեցութեան տակ եղան:
Վաչէ Բրուտեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը յամառ կուսակցութիւն է, եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտին վրայ մնաց միակը, որ ներկայացուց գաղափարական հիմքերու վրայ հիմնուած նախընտրական ծրագիր: Ան աւելցուց, որ այսօր Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող դաշինքներն ու կուսակցութիւնները անձերու վրայ հիմնուած են, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը:
«Հայաստանի ընտրապայքարին ծիրին մէջ կազմակերպուող թոք-շոյերուն մէջ յստակ բացակայութիւնը կը տեսնենք գաղափարական բանավէճին, իսկ անոր բացակայութեան պատճառն ալ կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու մէջ այդ գաղափարական հիմքի չգոյութիւնն է», ըսաւ Բրուտեան:
Բրուտեան իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ գաղափարական բանավէճի բացակայութիւնը երկրին մէջ կը ստեղծէ վատառողջ եւ աննպաստ մթնոլորտ: Ան ըսաւ, որ ընտրել եւ քուէարկել բառերու սահմանումները բաւական հեռու են իրարմէ, եւ գաղափարական բանավէճի բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդը զրկուած է ընտրելու իրաւունքէ: