Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդաւոր Պահեր «Ֆայհա»-ին Հետ

Ապրիլ 22, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Բ.

Երէկ` ուրբաթ, 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ 9:30, խորհրդաւոր եւ տպաւորիչ մթնոլորտ կը տիրէր Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որուն կամարներուն ներքեւ կը թեւածէին բարձր մակարդակի երաժշտութեան ու արուեստի մեկնաբանութիւններէն ծնունդ առնող յուզումի, հպարտութեան, պայքարի, կարօտի եւ սիրոյ իւրայատուկ զգացումներ:

«Ֆայհա» երգչախումբն էր եկեղեցւոյ դասին մէջ, տեղացիներէ բաղկացած, ինքզինք փաստած ու կայացած խումբ մը, որուն իւրաքանչիւր անդամի ամէնէն աննշան շարժումն իսկ ծնունդ կ՛առնէր տիրականօրէն խումբին դիմաց կանգնած վաստակաւոր խմբավարին` մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի մատներէն, դէմքի արտայայտութիւններէն, փսփսուքէն կեանք առնող ցուցմունքներէն: Հայ խմբավարին ճիգերով եւ նախաձեռնութեամբ է, որ «Ֆայհա»-ի անդամները լաւապէս գիտեն կատարել Հայաստանի քայլերգը, խորհրդաւորութեամբ մեկնաբանել Եկմալեանի «Սուրբ, սուրբ»-ը, թնդացնել «Բամբ որոտան»-ը, գովերգել «Նուպարի պոյը», ներկաները տպաւորել «Շորորա»-ով ու «Մարալօ»-ով, եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրներուն հոգիներն ու մտքերը հանդարտեցնել «Խաղաղ գիշեր»-ով, հայրենիքի շունչ ու բոյրը փոխանցել «Հինգ էծ ունեմ»-ով, գինովցնել «Վարդերի հետ»-ի բուրմունքով: Տակաւի՛ն. խումբը մեկնաբանեց ստեղծագործութիւններ Ռահպանիներէն, Մարսել Խալիֆէէն, Խալիլ Մզաննարէն` իբրեւ կնքահայր եւ խումբին ներշնչումի աղբիւր ունենալով դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանը, որ մշակած եւ դաշնաւորած է «Ֆայհա»-ին կատարումներուն մեծամասնութիւնը:

Օրուան հիւրը եղաւ Ումայմա Խալիլը, որ մեկնաբանեց Մարսել Խալիֆէի «Լպսու էլ քաֆաֆ»-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կողմէ կազմակերպուած այս երեկոյին սկիզբը մարմինին խօսքը փոխանցեց Մակի Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ իւրայատուկ երգացանկով եւ մեկնաբանական ոճով յատկանշուած այս խումբին երգերուն ընդմէջէն գարնան սուգը կ’անցնի սահմանները եւ իբրեւ խունկ, աղօթք ու «Տէր ողորմեա» կը հասնի հոն, ուր 102 տարի առաջ նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր, որոնցմէ ուժ առին վերապրողները, եւ որոնց պատգամը այսօր տիրական կը մնայ նոր սերունդներուն մէջ` պահանջատէր ու պայքարող ըլլալու, մինչեւ հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերումը: Ան շեշտեց, որ այս համերգը նաեւ պատգամ է խաղաղութեան ու արդարութեան, որպէսզի աշխարհին մէջ վերջ գտնեն պատերազմները եւ անարդարութիւնները:

Աւելի քան մէկուկէս ժամ ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն արժանացած խումբը համերգը գագաթնակէտին հասցուց աւարտին` «Զահրաթ էլ մատաըն»-ով, որուն մէջ կոչ կար ու պատգամ` բոլոր կրօններով եւ լեզուներով ալ աղօթելու խաղաղութեան, համերաշխութեան, մարդկային իրաւունքներուն, մանուկներէն մանկութիւնը չխլելու, ապրելու հաշտ, սիրելու միմիանց, սրտերը լեցնելու մարդկային վեհ զգացումներով:

Համերգը չէր կրնար աւարտիլ առանց «Կիլիկիա»-ի, զոր մեկնաբանեցին խումբի անդամները` շրջապատելով ներկաները եւ միասնաբար եկեղեցին լեցնելով երաժշտութեամբ ու խորհուրդով:

«Ֆայհա»-ի համերգը աւարտեցաւ Մակի Խաչերեանի շնորհակալական խօսքով եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի պահպանիչով:

 

 

 

Նախորդը

«Թրամփէն Մեր Ակնկալիքը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Ազնիւ Դիրքորոշում Ունենալն Է». Արամ Համբարեան

Յաջորդը

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Եւ «Ռուբէն» Կոմիտէներ – Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?