Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  Սահմանադրական Հանրաքուէի  Միջազգային Դիտորդները

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Սահմանադրական Հանրաքուէի Միջազգային Դիտորդները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 փետրուարին ընդունած է Սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ հասած` Լաթվիոյ, Սլովենիոյ, Իսպանիոյ, Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Պելճիքայի պատուիրակութիւններու անդամները, որոնց կազմին մէջ էին իրաւագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ: Նախագահը կարեւոր նկատած է արտերկրէն հասած  պատուիրակութիւններու դիտորդական առաքելութեան նշանակութիւնը հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական...

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական  Երկրորդ Օժանդակութեան  Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

Հայաստանէն Առաքուած Մարդասիրական Երկրորդ Օժանդակութեան Առաջին Բաժինը Հասաւ Հալէպ

ՊԵԹԻ ՔԻԼԵՐՃԵԱՆ Կիրակի, 19 փետրուար 2017-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Հայաստանի ժողովուրդէն Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին» խորագիրը կրող Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական երկրորդ օժանդակութեան առաջին բաժինը հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի` ռուսական զինուորական բեռնակառքերով: Օժանդակութիւնները ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ներկայութեամբ` փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեանի, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչներ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեանի,...

Խմբագրական.  Խորհուրդը Պիտի Վերագրաւէ  Իր Համարժէք Պատուանդանը  (Փետրուարեան Ապստամբութեան  96-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Խորհուրդը Պիտի Վերագրաւէ Իր Համարժէք Պատուանդանը (Փետրուարեան Ապստամբութեան 96-ամեակին Առիթով)

Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը երկար ատենէ ի վեր չ՛ունենար համարժէք արձագանգ: Կար ժամանակ, երբ փետրուարեան խորհուրդին ամրօրէն կառչած, յատկապէս սփիւռքեան ամէնէն կազմակերպ համայնքներուն մէջ փետրուարեան այս խորհրդանշական օրը կը նշուէր, կը տօնուէր, կ՛արժեւորուէր արժանավայել կերպով, երբ մանաւանդ խորհրդային պատմաքաղաքական շրջանակները զայն նսեմացնելու եւ իրողութիւնները խեղաթիւրելու իրենց քաղաքականութեան մէջ  ապստամբութիւնը կ՛որակէին աւանդուրա (արկածախնդրութիւն): Աւելի ուշ, երբ քաղաքական իրադարձութիւններու ելեւէջները համեմատաբար խաղաղ բնոյթ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական   Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ղազի Արիտի, Անթուան Սաատ, Էլի Աուն եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Հանդիպումին ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը...

Միւնիխի Մէջ` Նալբանդեան- Մամետեարով Հանդիպում.  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կոչ Կ՛ուղղեն Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Համապարփակ Բանակցութիւնները

Միւնիխի Մէջ` Նալբանդեան- Մամետեարով Հանդիպում. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Համապարփակ Բանակցութիւնները

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 16 փետրուարին առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ Միւնիխի մէջ, ուր տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ համանախագահներու տարածած...

«Համազասպ Սրվանձտեանց» Աշխատութեան  Շնորհահանդէսը` Հայաստանի  Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ

«Համազասպ Սրվանձտեանց» Աշխատութեան Շնորհահանդէսը` Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային Մէջ

17 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ  պատմական գիտութիւններու դոկտ. Գէորգ Ստեփանեանի հեղինակած «Համազասպ» աշխատութեան շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան: ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ  ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային  ակադեմիայի թղթակից անդամ Ալպերթ Խառատեան,...

Հայկազեան Համալսարան.  Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 17 փետրուար 2017-ին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքը 2012, 2013, 2014, 2015 եւ 2016 տարիներուն» խորագիրով ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հոգեւոր հայեր, գիրքերու հեղինակներ, խմբագիրներ եւ մեծ թիւով գրասէրներ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան  Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ղովմի Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ղովմի կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, նախարար Ալի Քանսօ, կուսակցութեան պատասխանատուներ Նեժիպ Խոնայսեր, Հասսան Սաքըր, Քայսար Օպէյտ եւ Ռիշար Ռիաշի: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի դաշնակից Ղովմի կուսակցութեան...

ՀՅԴ-ն Կեդրոնական Ընտրական  Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Ցուցակը

ՀՅԴ-ն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Ցուցակը

Երէկ ընտրացուցակները Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ  ներկայացնելու վերջին օրն էր, եւ քաղաքական ուժերը արդէն  ներկայացուցած են ընտրացուցակները: ՀՅԴ ներկայացուցիչները առաջինը ներկայացան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ, որմէ ետք եկան «ԵԼՔ» դաշինքի պատուիրակները: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի աշխատակազմի ղեկավար Վահագն Մատինեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ՀՅԴ-ի թեկնածուները, ընդհանուր թիւով, 171 են: Համամասնական կարգով առաջադրուած է անոնցմէ 19-ը: Դաշնակցութեան կարգախօսն է` «Նոր...

Յարգանքի Տուրք` Արթուր  Մկրտչեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

16 փետրուար 2017-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը պիտի ըլլար 58 տարեկան: Արթուր Մկրտչեան ընդամէնը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակուած կրակոցը վերջ դրաւ այդ կարճ, բայց պայծառ կեանքին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրը բազմաթիւ մարդիկ ներկայ էին անոր...

ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակի Յառաջատար  Կին Թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեան.  «Գիտութիւնը Եւ Քաղաքականութիւնը Կը Լրացնեն Զիրար»

ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակի Յառաջատար Կին Թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեան. «Գիտութիւնը Եւ Քաղաքականութիւնը Կը Լրացնեն Զիրար»

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներու ցուցակին չորրորդ տեղը կը գրաւէ Արմենուհի Կիւրեղեան, որ մասնագիտութեամբ ուսողագէտ է, բնագիտական գիտութիւններու թեկնածու, Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս, համալսարական կրթութեամբ կիներու  ընկերակցութեան անդամ եւ Վանաձորի աւագանիի անդամ: Արմենուհի Կիւրեղեան «Երկիր»-ի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ըսած է, թէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշած է իր թեկնածութիւնը առաջադրել եւ ինք դէմ չէ եղած: Անդրադառնալով...

Նալբանդեան Եւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կը Շեշտեն Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի  Համաձայնութիւններու Իրականացման Անհրաժեշտութիւնը

Նալբանդեան Եւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Շեշտեն Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Համաձայնութիւններու Իրականացման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ Միւնիխի մէջ հանդիպում մը ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի, Ռիչըրտ Հոկլընտի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն` աւելցնելով. «Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն բանի վրայ,...

Ակնարկ.  Աւանդական Ընտրութեան  Եւ Նորացուած Քուէարկութեան Արանքին

Ակնարկ. Աւանդական Ընտրութեան Եւ Նորացուած Քուէարկութեան Արանքին

Համապետական հերթական ընտրութիւններու սեմին է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հերթականը այս պարագային, պարզապէս խորհրդարանի ժամկէտի աւարտին, իր ատենին ընտրութիւններ կազմակերպելու բնութագիր է, ըստ կարգի եւ ըստ ձեւի, քան ըստ էութեան: Խորքին մէջ նոր համակարգի` խորհրդարանական համակարգի առաջին ընտրութիւններն են, որոնք կը կազմակերպուին: Այս խորհրդարանը հետզհետէ կը ստանձնէ նորացուած սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւնները: Այլ խօսքով, ընտրելի Ազգային ժողովը մինչեւ 2018 կ՛իրականացնէ այն բոլոր...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկյացուցիչ Հրանտ Մարգարեանի Հարցազրոյցի Սղագրութիւնը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկյացուցիչ Հրանտ Մարգարեանի Հարցազրոյցի Սղագրութիւնը

Մեր Եւ Հանրապետականի Համագործակցութիւնից Շահեց Երկիրը   Քանի մը օր առաջ հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս» հաղորդման հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որ հիմնականին մէջ լուսարձակի տակ առաւ վերջին շրջանին Դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ ամիսներ ետք տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Հաղորդավարը իր մուտքի խօսքին մէջ ըսաւ, որ զրոյցին հիմնական առանցքը պիտի հանդիսանան խորհրդարանական ընտրութիւններուն վարկանշային ընտրակարգի առանձնայատկութիւնները, Դաշնակցութեան ձեռքբերումները...

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց Իր Ընտրական Ցուցակները

ՀՅԴ-ն Հրապարակեց Իր Ընտրական Ցուցակները

ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ երէկ ՀՅԴ նախընտրական գրասենեակի պետ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը հրապարակեց ցուցակի առաջին 30 անունները: Ցուցակը կը գլխաւորէ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Երկրորդ դիրքին վրայ է Աղուան Վարդանեան, երրորդ դիրքին վրայ` Դաւիթ Լոքեան, չորրորդը Արմենուհի Կուրղինեան, հինգերորդը` Լեւոն Մկրտչեան, այնուհետեւ յաջորդաբար` Արծուիկ Մինասեան, Արմէն Բաբայեան, Ռուզաննա Առաքելեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Միքայէլ Մանուկեան:...

Նախագահ Աուն Եւ Ապտալլա Բ. Թագաւոր  Ընդգծեցին Երկկողմանի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Եւ Ապտալլա Բ. Թագաւոր Ընդգծեցին Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը Եգիպտոսէն ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները` ընդգծելով բոլոր մարզերուն մէջ լիբանանեան-յորդանանեան գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Նախագահ Աուն եւ Ապտալլա Բ. թագաւոր ընդգծեցին նաեւ Արաբական լիկային կողմէ արաբական միացեալ կեցուածքի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է միջարաբական զօրակցութիւն գոյացնել` դիմագրաւելու...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Հայրենի Գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի  Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Հայրենի Գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Քարլոս Սայադեանի քսանութ գործերէ բաղկացած ցուցահանդէսին բացումը: Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հոլանտայի դեսպանը, ինչպէս նաեւ արուեստասէրներու բազմութիւն մը: Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:...

«Ինքնանպատակ Դաշինքներ Կազմելու  Խնդիր Չունինք, Իսկ Ընտրութիւններէն Ետք  ՀՅԴ-ի Հետ Կապուած Որեւէ Անակնկալ Պիտի Չըլլայ»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Ինքնանպատակ Դաշինքներ Կազմելու Խնդիր Չունինք, Իսկ Ընտրութիւններէն Ետք ՀՅԴ-ի Հետ Կապուած Որեւէ Անակնկալ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Չեմ կարծեր, թէ ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութեան առնչուած որեւէ անակնկալ փոփոխութիւն ըլլայ», «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ընտրական փուլէն ետք որոշակի անակնկալ փոփոխութիւններ ըլլան եւ իշխանափոխութեան պարագային ՀՅԴ-ն ընդդիմութեան միանայ: «Չեմ կարծեր, թէ ՀՅԴ-ին առնչուող որեւէ անակնկալ ըլլայ, որովհետեւ մենք մեր...

Գահիրէի Մէջ.  Նախագահներ Աուն Եւ Սիսի Կ՛ընդգծեն  Ահաբեկչութեան Դէմ Միասնաբար  Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Գահիրէի Մէջ. Նախագահներ Աուն Եւ Սիսի Կ՛ընդգծեն Ահաբեկչութեան Դէմ Միասնաբար Պայքարելու Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրին: Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ  Հաւատացեալներու Ներկայութեան  Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոծ Բազմութեամբ Հաւատացեալներու Ներկայութեան Նշուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը

Տեառնընդառաջի տօնը հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Ս. խորանին: Երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ` հանդիսապետութեամբ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան:...

Page 647 of 796 1 … 646 647 648 … 796

Արխիւներ