«Հայ Դատի Լուծումը Դուրսը Պիտի Չփնտռենք, Անիկա Կը Գտնուի Մեր Մէջ»
Ընդգծեց Կարօ Յովհաննէսեան
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէներուն երէկ` ուրբաթ, 21 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի նշում:
Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում զոյգ կոմիտէութիւններուն կողմէ, որմէ ետք ներկաները ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Նորաշէնի «Ռուբէն» ակումբ, որուն կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:
Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ռուբէն» կոմիտէի անդամ Շանթ Սալպաշեան: Ան նախ եւ առաջ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Ապա ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը լոկ պատմական իրողութիւն մը չէ, այլ կը հանդիսանայ մեր դարաւոր պատմութեան ամէնէն արիւնալի էջերէն մէկը, որ անջնջելի պիտի մնայ մեր յիշողութենէն:
Սալպաշեան հաստատեց, որ թէեւ Ցեղասպանութիւնը ցնցեց հայ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցաւ վերացնել անոր գոյատեւելու կամքը` աւելցնելով, որ քանի մը տարի ետք հայութիւնը կերտեց կարճատեւ կեանք ունեցող անկախ հայրենիք, ապա հզօր սփիւռք, որ ջահակիրը հանդիսացաւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: «Այսօր մեր հայրենիքը դարձեալ անկախ է, բայց Հայ դատը տակաւին չէ գտած իր արդար լուծումը: Ցեղասպան թուրքը տակաւին կ՛ուրանայ իր գործած ոճիրը, եւ մեր պատմական տարածքները կը մնան իր կողմէ բռնագրաւուած: Անկախ Հայաստանի իրավիճակը, արտագաղթի հետզհետէ թափ ստացող երեւոյթը, երկրին տնտեսական ծանր պայմանները կը հանդիսանան նաեւ մեր ամէնօրեայ մտահոգութիւնները: Նոյնքան մտահոգիչ է նաեւ անկախ Արցախի կացութիւնը», ըսաւ Շանթ Սալպաշեան` աւելցնելով, որ ազրպէյճանցիին կողմէ զինադադարի յաճախակի խախտումն ու ոտնձգութիւնները կը խաթարեն Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու տեղւոյն հայ բնակչութեան ապահովութիւնը: Սալպաշեան ըսաւ, որ հաւաքուած չենք սգալու մեր սուրբ նահատակները, այլ` վերանորոգելու մեր ուխտը հաւատարիմ եւ պահանջատէր մնալու մեր իրաւունքներուն: Ան եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց համախմբուելու հայութեան ազգային նպատակներուն շուրջ, կառչած մնալու արմատներուն, տէր կանգնելու արդար դատին` հասնելու համար գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ խմբավարութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետ Կարօ Աղազարեանի, մեկնաբանեց «Ով հայոց աշխարհ», «Հզօր հայրենիք», «Խուժան ասկեար» եւ «Տէր ողորմեա՛» երգերը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Վերապրում» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը, ապա հայ ժողովուրդին վերապրումը սփիւռքի մէջ:
Օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքին սկիզբը հարց տուաւ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կա՞յ արդեօք թուական մը, որ այնքան արցունք ու սուգ խլած ըլլայ մեզմէ, որքան ապրիլ 24-ը` հաստատելով, որ երեւակայութեան սահմաններէն անդին ահռելի էր Թուրքիոյ կողմէ տրուած հարուածը հայութեան եւ հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան մեծագոյն դէպքն է, որ մեզմէ խլած է մարդկային այնքան զոհ եւ հողեղէն այնքան հարստութիւն: «102 տարի ետք, այսօր չկան գաղթականները Եփրատ գետի ափին: Ժամանակի թաւալումին հետ, հայրենի հողէն հեռու, հայրենիքի իրագործումներուն զուգընթաց եւ անոնցմէ անկախ, տարասփիւռ ժողովուրդը ձեռնարկեց շինարարական աշխատանքի եւ ապրեցաւ վերազարթօնք մը: 102 տարի ետք` մենք կա՛նք այսօր: Հայկական հարցը ողջ է ներկայիս: Մեր ժողովուրդը ոտքի է հիմա իր անկորնչելի իրաւունքները ձեռք բերելու ճամբուն վրայ», հաստատեց Կարօ Յովհաննէսեան` լուսարձակի տակ առնելով 102 տարուան ընթացքին հայութեան կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ դատի արդարացիութիւնը ներկայացնելու առումով:
Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը ըսաւ, որ չի բաւեր գոհանալ ձեռք բերուած արդիւնքներով, որովհետեւ թրքական պետութիւնը հետեւողականօրէն կ՛անդրադառնայ հայկական հարցին` զայն սեւցնելու, խեղաթիւրելու եւ այլ ուղղութիւններու առաջնորդելու նպատակով: Յովհաննէսեան նկատել տուաւ, որ եթէ արտաքին գետնի վրայ լռութիւն կը պահուի Հայ դատի նկատմամբ, ասիկա ոչինչով պէտք է տկարացնէ հայ ժողովուրդը եւ խոչընդոտ դառնայ, որ հայութիւնը զօրացնէ ազգային-քաղաքական դատին իրաւական հիմերը` աւելցնելով, որ պայմաններուն աննպաստ ըլլալը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ ազգը իր իրաւունքները չհետապնդէ:
«Հայ դատի բարւօք լուծումը դուրսէն պիտի չգայ: Հայ դատը ամէն բանէ առաջ հայոց դատն է, մեր հարցն է: Իսկ անոր լուծումը դուրսը պիտի չփնտռենք: Հայ դատի լուծումը կը գտնուի մեր մէջ», շեշտեց բանախօսը` աւելցնելով, որ հայուն պէտք է ճանչցնել հայը եւ անոր սեփականութիւնը պէտք է դարձնել Հայ դատը` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Հայ դատը հողային պահանջատիրութիւն է ամէն բանէ առաջ: Կ. Յովհաննէսեան ըսաւ, որ մենք գործ ունինք պետութեան մը հետ, որ զօրաւոր է թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական իմաստով եւ անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան ութսուն միլիոն: Սակայն Թուրքիոյ կողմէ որքան սաստկանան հակահայ նկրտումները, նոյնքան եւ աւելի պէտք է խորանան մեր հաւատքն ու աշխատանքը Հայ դատի ուղղութեամբ: «Այլեւս իրաւունք չունինք տկար ըլլալու: Պէտք է զօրանանք: Պիտի զօրանանք անկեղծ զինուորի հաստատ ու խրոխտ քայլերով եւ ընթանանք այն ուղիէն, որ գծուած է Քրիստափորի «Յարատեւ կռիւ»-ով: Յարատեւ կռիւ, մինչեւ որ Հայաստանը միանայ Արարատի երկու փէշերուն վրայ, ուր համախմբուի հայութիւնը ամբողջ, ազատ եւ անկախ», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսեան:
Աւարտին Սերոբ Յակոբեան` երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի, ներկայացուց յեղափոխական երգերու փունջ մը` «Գարահիսար», «Ձայն մը հնչեց», «Դաժան կռւում» «Քեռիին երգը», «Ճշմարտութիւն չկայ ուրիշ»:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: