Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Պիքֆայայի Մէջ` Մասնակցութեամբ Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Թեւերու Ներկայացուցիչներուն

Ապրիլ 22, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ 21 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին շրջափակին մէջ: Քայլարշաւին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, քաղաքական գործիչներ, լիբանանեան զանազան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Քայլարշաւը ընթացք առաւ վանքի մուտքէն, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան:

Քայլարշաւէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգսեան արարողութիւն, որուն յաջորդեց այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած պատգամին ընթերցումը: Պատգամ-նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսած է, թէ «մենք 20-րդ դարու սրբացած նահատակներու ժառանգորդներն ենք, եւ մենք յարութիւն առնող այդ հոգիներուն զաւակներն ենք:  Մենք պայքարող ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք, եւ այդ պայքարին կրակը երբեք պիտի չմառի մեր մէջ»:

Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի յուշարձան, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նարեկ Սարգիսեան: Սարգիսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Ցեղասպանութիւնը դրժող քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին օսմանեան պետութեան կողմէ լիբանանցի ժողովուրդին կրած տառապանքներուն մասին: Բացման խօսքէն ետք ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան խօսքը արտասանեց Մհեր Գաւլաքեան, որ ողջունելէ ետք  ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց զօրակցութեան համար: Գաւլաքեան ըսաւ, որ այսօր բոլորս հաւաքուած ենք այստեղ` անկախ մեր ազգային, կրօնական, դաւանական եւ համայնքային պատկանելիութենէն` զօրակցելու դատի մը, որ ո՛չ միայն հայութեան հետ կ՛առնչուի այլեւ ամբողջ մարդկութեան: Գաւլաքեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ այնքան ատեն որ այսպիսի երիտասարդութիւն կայ, այսպիսի դատեր չեն մեռնիր, ընդհակառակն` ճնշում կը բանեցնեն բռնատիրութեան, անարդարութեան եւ միջազգային ընտանիքին վրայ:

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան խօսքէն ետք խօսք առաւ  Լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններու համախմբումի ներկայացուցիչ Ռապիհ Մուսթաֆա: Մուսթաֆա նշեց, որ համախմբումը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի Հայ դատի լուծման աշխատանքներուն, որովհետեւ այն դատը, որուն համար այսօր հաւաքուած ենք այստեղ, մարդկային դատ է եւ ո՛չ միայն հայկական: Ռապիհ Մուսթաֆա ըսաւ, որ նոյն թրքական կեղտոտ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, նոյն բռնապետութիւնն ու անարդարութիւնը բացայայտ են արաբական աշխարհին մէջ, Թուրքիոյ պետութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր ոճիրը` նպաստելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

Ապա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուսանողական միութեան խօսքը արտասանեց Նետիմ Շամմաս: Շամմաս ողջունեց ներկաները` նշելով, որ այստեղ ներկայ են երիտասարդներ, որոնք Արարատէն մինչեւ լիբանանեան լեռնաշղթաներուն մէջ նահատակուած ժողովուրդներու ժառանգորդներն են: Ան ըսաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միշտ պիտի ըլլայ լիբանանահայ համայնքին կողքին: Շամմաս իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը այն հազուագիւտ ժողովուրդներէն է, որ շէնցուց Լիբանանը, զարգացուց լիբանանեան մշակոյթը եւ արուեստը, եւ դարձաւ անբաժան մասնիկը լիբանանցի ժողովուրդին:

Ապա խօսք առաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Ժորժ Խուրի: Ան ըսաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը քաջ կը գիտակցի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արժէքը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութի ներկայութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ:

Ապա բեմ բարձրացաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան: Նախարարը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ անգամ մը եւս փաստեցին իրենց զօրակցութիւնը մարդկային դատի մը, որ տակաւին ընդունուած չէ գործադրող պետութեան կողմէ: Կիտանեան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը այլեւս լացի ու կոծի ժամանակաշրջանը շատոնց անցած է եւ թեւակոխած նոր փուլ: Նախարարը շեշտեց, որ այսօր հայութիւնը անցած է արդար հատուցում պահանջելու փուլին: Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն որ հայութիւն կայ, եւ նոյնիսկ եթէ մնայ մէկ հայ, այս դատը վախճան պիտի չունենայ, այնքան ատեն որ այսպիսի նպատակասլաց երիտասարդութիւն կը գործէ` այսպիսի դատեր վախճան չեն ունենար: Նախարարը նաեւ անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ այն մարդը, որ դատ ունի եւ կ’աշխատի այդ դատին համար, պիտի ապրի իմաստալից  կեանք մը, որովհետեւ անոր կեանքը պիտի ունենայ նպատակ:

Ձեռնարկին աւարտին կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատասխանատու անձնաւորութիւնները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Եւ «Ռուբէն» Կոմիտէներ – Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշում

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?