Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զալպեր. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Իր Կարելիութիւններու Սահմաններուն Մէջ Նպաստել Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման»

Ապրիլ 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին սկիզբը շնորհաւորած է Հերպըրթ Զալպերը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ անոր առաքելութեան երկարաձգման առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ նոյնպէս  կարեւոր կը նկատեն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ  Հերպըրթ Զալպերին աշխատանքը, որուն հիմնական նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը, ինչ որ կրնայ օգտակար ըլլալ եւ նպաստել տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անոնցմէ ետք նոր կառավարութեան կողմէ իրականացուելիք աշխատանքներուն ու տարբեր մարզերու մէջ սկսած բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը գոհունակութեամբ  խօսած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ծիրին մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած արդիւնքներուն մասին` նշելով փետրուար 2017-ին Հայաստանի նախագահին Պրիւքսէլ կատարած այցելութիւնը, որուն ընթացքին ազդարարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու աւարտը, իսկ 21 մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի նախաստորագրումը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Հերպըրթ Զալպեր քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու կարելիութիւնները, այս փուլին առկայ խնդիրներն ու մտահոգութիւնները, տագնապի խաղաղ լուծման հարցով Եւրոպական Միութեան յանձնառութեան իրականացման եւ հաւանական աջակցութեան վերաբերող հարցեր: Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը վստահեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է եւ կ՛ուզէ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նպաստել տագնապի լուծման` աջակցելով այդ հարցով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն:

Նալբանդեան-Զալպեր Հանդիպում

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ իր կարգին ընդունած է Զալպերը:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման  ուղղուած` Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերը:

Շեշտուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախորդ տարի տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն   իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է մօտ ապագային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մէջ Արդարութեան Վերականգնման Համար Ոչ Մէկ Յանձնառութիւն Կը Վերցնեն Իրենց Վրայ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Կրտսերներու Հաւաքականը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Չեղարկուած Յայտարարութեան 9-րդ Կէտը

Հոկտեմբեր 3, 2023
Նախագահ Շահրամանեան Եւ Սակաւաթիւ  Պաշտօնատարներ Տակաւին Կը Մնան Արցախի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Շահրամանեան Եւ Սակաւաթիւ Պաշտօնատարներ Տակաւին Կը Մնան Արցախի Մէջ

Հոկտեմբեր 3, 2023
Ազրպէյճանցիները Կրակ Կը Բանան Հայկական  Դիրքեր Սնունդ Փոխադրող Մեքենային Վրայ 1 Նահատակ, 2 Վիրաւոր
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցիները Կրակ Կը Բանան Հայկական Դիրքեր Սնունդ Փոխադրող Մեքենային Վրայ 1 Նահատակ, 2 Վիրաւոր

Հոկտեմբեր 3, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In